Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս Հայաստանէ ներս մեծ աղմուկ բարձրացաւ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառութեան մասին: Աղմուկի բարձրանալուն պատճառը կարգալոյծ եղած նախկին եպիսկոպոս Սարոյեանի մէկ անհիմն յայտարարութիւնն էր, ուր կը փորձէ բացատրել, կամ աւելի ճիշդ համոզել, թէ Ռուսաստանի մէջ մեր եկեղեցիներէն մէկուն ցուցատախտակին վրայ Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցի արձանագրուած է, ինչ որ մեր Եկեղեցւոյ պաշտօական անուանումը չէ, աւելին՝ այսպիսով փորձ կը կատարուի Հայ Եկեղեցին ենթակայացնելու Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Այսօր Վարդանանք է. տօն մը, որ չի նշուիր մեր հայրենիքին մէջ: Սխալ չհասկցուիմ. «Իրական Հայաստան» կոչուող այսօրուան մեր հայրենիքը չէ ակնարկածս, չէ՜, երբեք, քանզի շատոնց այսպէս էր՝ Վարդանանքը չկար հայրենի մեր տօներուն մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ե. դարու երկրորդ մասը շատ ծանր եւ յուզումնալից ժամանակ էր հայ ազգային կեանքի համար։ Յազկերտի բռնած քաղաքականութիւնը հայ աշխարհի նկատմամբ՝ ձուլել հայ ժողովուրդը կրօնքով պարսիկներու հետ՝ օր ըստ օրէ յաջողութիւն կը գտնէր.

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իւրաքանչիւր ծնողքի համար հայր ու մայր դառնալու նպատակն ու անոր առաքելութեան հանդէպ ունեցած հասկացողութիւնն ու ըմբռնումը տարբեր է։ Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ ծնողք ըլլալ կը նշանակէ միայն մանուկին պէտքերը հոգալ, սնունդն ու ուսումը ապահովել, զինք սխալներէ հեռու պահել եւ այլն, սակայն, ծնողք դառնալու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ մէկը.

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Տղաքը յատուկ տարազներով, դիմակներով մասնակցեցան ձեռնարկին, ինչ որ դպրոցէն ներս ստեղծեց բարձր տրամադրութիւն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւններ:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ ընթերցուեցաւ՝ Եղիշէ պատմիչի գիրքէն Ղեւոնդ երէցի ճառը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օրուան տօնակատարութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց Մասեացոտնի թեմէն Տ. Եզնիկ Քհնյ. Մարդիրեան։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրամանագրերուն հիման վրայ՝ Նախարարաց խորհուրդի կազմին մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ։ Այսպէս, կառավարութենէն ներս արդարադատութեան նախարարի եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնները յանձնուեցան նոր անուններու։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Ատրպէյճան դարձան ռազմավարական գործընկերներ։ Համատեղ փաստաթուղթը երէկ ստորագրուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

Սուրբ Խաչ դպրեվանքէ ներս աշխատանոց մը ձօնուեցաւ վաղամեռիկ կրթական մշակ Տիգրիս Թաշքըրանի յիշատակին։ Մօտաւոր անցեալին Տիգրիս Թաշքըրանի անակնկալ կորուստը իսկապէս ցնցում պատճառած էր պոլսահայ կրթական համակարգին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս առիթը կ՚ունենանք տօնելու Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակը։ Վանանդեցի Ղեւոնդ Քահանայի անունով մկրտուած յիշատակութիւնը իր մէջ կը պարունակէ եկեղեցւոյ նռւիրապետութիւնը՝ սկսեալ Յովսէփ Հողոցմեցի Ամենայն Հայոց Հայրապետէն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պէյրութի ամենէն հիանալի բանը իր աշունն է, թէեւ անցնող է ինչպէս իր ազատութիւնը…: Աւելի քան քսան տարի առաջ անոր մայթերուն վրայ թափառաշրջութեանս սկիզբը, հակառակող պետութիւններուն նման էի, արտաքին օժանդակութիւններուն յոյսով կ՚ապրէի, որով իրապէս ընդդիմադիր ընկերներ ունէի, օժանդակող ընկերներ, սպառող ընկերներ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ես եմ որ Էն». Աստուծոյ ձայնն է՝ որ Իր ինքնայայտնութիւնը կը ներկայացնէ. (ԵԼԻՑ. Գ 14)։ Արդարեւ, Աստուած ստեղծեց ամբողջ տիեզերքը եւ մարդը՝ Իր նմանութեամբ եւ Իր պատկերով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն ծնողք կ՚ուզէ, իր զաւկին կողմէ «լսուած» ըլլալ, սակայն մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ մեր զաւակները մեզ կը լսեն այնքանով՝ ինչքանով մենք զիրենք կը լսենք. որեւէ յարաբերութեան մէջ եթէ մէկ կողմը խօսող, իսկ միւս կողմը լսող է՝ կապը կը դառնայ միակողմանի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 10, 2026

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագրին ելոյթը՝ «Հայ-քրիստոնեայ սփիւռքի համայնքներու վիճակը՝ այսօր» խորագրեալ, Հունգարիոյ խորհրդարանի շէնքէն ներս կազմակերպուած համաժողովի ընթացքին:
Բարեփոխել ռազմավարութիւնը:
Անտարբերութեան հակադրել ներառականութիւն:
Բեւեռացեալ աշխարհի պայմաններով սահմանափակումներ կրնան յառաջանալ հայութեան զանազան հատուածներու շփումներուն համար, ինչ որ ինքնութեան գործօնը նորովի կրնայ դարձնել առանցքային:
Արա Գօչունեան. «Թրքահայութիւնը կ՚ողջունէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի զարգացումները՝ Էրտողանի եւ Փաշինեանի յստակ քաղաքական կամքով հանդերձ»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 10, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ գրող, բանաստեղծ, արձակագիր, արուեստաբան, գրականագէտ Կոստան Զարեանի (Կոստանդին Եղիազարեանց) անունը Հայաստանի մէջ կրկին կը լսուի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 10, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Քրիստոս ե՞րբ մարմին առաւ: Մարմին առնելէն առաջ Աստուածային ի՞նչ ընթացք կար:
1. Արարչապետ Աստուած Ադամէն մինչեւ Նոյ, Նոյէն մինչեւ Մովսէս, Մովսէսն մինչեւ Քրիստոս ինչ ընթացք որ տնօրինած է, պէտք ուշադրութեամբ կարդանք: 

Երեքշաբթի, Փետրուար 10, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ չարախօսութիւնները աւերիչ ազդեցութիւններ կը գործեն մարդուն թէ՛ անհատական ներքին կեանքին, թէ՛ հաւաքական արտաքին կեանքին մէջ։ Ուրեմն, պէտք է ամենէն առաջ զգուշանալ մա՛նաւանդ բանակրկիտ անձերու խառնակիչ ազդեցութենէն, սաստիկ զգուշանալ այդ վերջին վատ դերը ուղղակի կամ անուղղակի, կամաւ թէ ակամայ ինքն իր անձին վրայ փորձելու։

Երեքշաբթի, Փետրուար 10, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ իրենց հիմնական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը իրենց զաւակներուն մարդկային ու մարմնական պէտքերը ապահովելն է. ինչպէս՝ հագուստը, սնունդը եւ այլն, բայց, իրականութեան մէջ, ծնողական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը իր մէջ շատ աւելին ունի, որովհետեւ հոգեկան բաժինը շատ աւելի կարեւոր է։

Էջեր