Արխիւ
Հայաստան յաջորդ տարի պիտի հիւրընկալէ COP 17 համաժողովը, որուն ընդառաջ քննարկում մետիաներու դերին մասին:
Կայուն զարգացման միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ կարեւոր քննարկում՝ հաղորդակցութեան առանցքին շուրջ:
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) շրջանաւարտներու առաջին ֆորումը առիթ դարձաւ՝ Հայաստանի զարգացման ապահովման վերաբերեալ հեռանկարներու քննարկման։ Վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ ԵՊՀ կը շարունակէ մնալ գիտելիքի ստեղծման, պահպանման եւ փոխանցման ամենակարեւոր հարթակը Հայաստանի մէջ։
Ֆրանսայի յառաջատար բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցները երէկ արձագանգ հանդիսացան բօթին. ոչ եւս է վաստակաւոր լրագրող Տանիէլ Պիլալեան, որ կեանքէն հեռացած է 78 տարեկանին։
Ալպանիոյ հիւրընկալմամբ, այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ գագաթաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թիրանի մէջ, Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ նախաձեռնութիւններ՝ փոխադարձ դիմադրութիւններով:
Միջազգային սպասումներու զուգահեռ՝ Անգարայէն յամառ ջանքեր. Էրողան-Զելենսքի եւ Ֆիտան-Ռուպիօ զրոյցներ՝ առանց անտեսելու Մերձաւոր Արեւելքը :
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի աւանդական մրցաշարքը այս տարի եւս արձանագրեց մեծ յաջողութիւն։
Իր տեսակին մէջ 12-րդ այս նախաձեռնութիւնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը յանձնուեցաւ՝ բարձր թեքնոլոժիներու ոլորտէն ներս համաշխարհային ներդրման գնահատման համար սահմանուած, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ շնորհուած պետական մրցանակը։
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն ժողով մը գումարեցին Անթալիայի մէջ։ Դաշինքի անդամ երեսունմէկ երկիրներու նախարարներուն հաւաքը զուգադիպեցաւ՝ Իսթանպուլի այսօրուան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու նախօրեակին։
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ մը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հերթական 134-րդ նստաշրջանը:
Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Միշլընի ուղեցոյցներ» հանրայայտ ամսագիրը իր մայիսի վերջին թիւին մէջ յօդուած մը պատրաստած է հայկական խոհանոցին մասին՝ ներկայացնելով Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ գործող «Թալին» ճաշարանը։
ՏՔԹ. ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Լեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, լեզուներու անհետացում, լեզուապահպանում, լեզուներու վերակենդանացում, փոքրամասնութիւններ՝ ամենէն շատ սերտուած նիւթերն են ընկերալեզուաբաններու կողմէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբաթակէսին ֆութպոլային աշխարհէն ներս տօնախմբութիւն էր: Եւրոպայի առաջնութեան կիսաեզրափակիչ հասած չորս ակումբները, հիանալի ֆութպոլ ցուցադրեցին, արժանի եւ վայելուչ դիտում ապահովելով ֆութպոլասէրներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը իր սահմաններուն մէջ մարդ էակին արժանապատուութեան հարցն է։ Բայց ինչպէս ամէն արժէքի՝ չափազանցութիւնը եւ ծայրայեղութիւնը մարդս կը տանի անիշխանութեան, ազատութեան ըմբռնումը կը վերածուի ազատապաշտութեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խօսակցական կատակներու ժամանակ վստահաբար լսած ենք «Հոնոլուլու» դարձուածքը, որովհետեւ Հոնոլուլուն հայութեան համար հեռու է այնքան՝ ինչքան արեւը երկիր մոլորակէն. սակայն ճշմարտութիւնը այդքան այլ այդպէս չէ. այսօր Հոնոլուլուի թանգարանին մէջ տեղ կը գտնէ ստեղծագործութիւնները հայու մը, որուն մասին գրեթէ շատ քիչ բան գիտենք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի շաբաթներ առաջ «բարեկամ» մը, կէս լուրջ կէս կատակ, քմծիծաղով մը հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Խօսելու ժամանակ ես քեզմէ աւելի իմաստուն կ՚երեւիմ». սակայն, լուրջ մտահոգութիւն մը գոյութիւն ունի այստեղ. ո՞ր մէկը առաջնահերթ է արդեօք. իմաստուն ըլլա՞լը՝ թէ իմաստուն երեւիլը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան նախարարական հանդիպման, որու բացման պաշտօնական արարողութեան շրջանակներէն ներս ունեցաւ նաեւ այլ երկկողմանի հանդիպումներ։
Վաղը, երեք տարուան ընդհատումէ մը վերջ Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ Թուրքիա կը հիւրընկալէ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները. Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ:
Ուաշինկթըն որոշեց դադրեցնել Դամասկոսի դէմ վերջին տարիներու պատժամիջոցները՝ Անգարայի եւ Ռիատի ակնկալութիւնները հաշուի առնելով:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի մասնակցութեամբ, շաբաթավերջին Ամսթերտամի Ս. Նիկողայոս մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած՝ երկիրներու ներկայացման օրը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի նախակրթարանի տղաքը կազմակերպած էին այս ձեռնարկը՝ իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ։