Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ձախողութեան հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ մարդիկ լուծումներու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն իրենց կեդրոնացումը կը դնեն խոչընդոտներու վրայ: Բնական է, որ մարդ կեդրոնանայ իր դիմաց դրուած խնդիրներուն, սակայն այդ մէկը բնականաբար մարդուն մօտ կը ստեղծեն ժամանակի սահմանափակում. մեր դիմաց դրուած խնդիրները մեզ կը յոգնեցնեն եւ կը շեղեն մեր ուշադրութիւնը եւ յաճախ արգելք կ՚ըլլան, որպէսզի յաջողինք առողջ ձեւով մտածել, մոռնալով որ լուծումը ուշադրութիւնը խնդիրին վրայ կեդրոնացնելու փոխարէն լուծումին վրայ կեդրոնացնելն է:
Սուրիոյ տագնապի քաղաքական կարգաւորման ուղղեալ Աստանայի հերթական բանակցութիւններու աւարտին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Իրանը, որոնք գործընթացի երաշխաւոր երկիրները կը հանդիսանան։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ ներկայիս կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը կ՚ընթանայ երեք հիմնական ուղղութեամբ։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած COP29 գագաթաժողովին ան բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի կեդրոնանան այդ երեք առաջնահերթութիւններուն վրայ, որոնք կը վերաբերին կլիմայի փոփոխութեան։
Աւելի լայն աշխարհագրութեամբ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան հասնելու խթանում:
Երեւան «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը յառաջ կը քշէ՝ որպէս տնտեսական զարգացման, ուստի, նաեւ կայունութեան գրաւական:
Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղեալ քաղաքական գործընթացը վերակենդանացնելու համար ջանքեր:
Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու ներկայացուցիչները կը շփուին Աստանայի ձեւաչափին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ տեսակցեցաւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարիա Սթեներկարտի հետ՝ դէպի Սթոքհոլմ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ։ Բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ուքրայնայի իրավիճակը։
Էրտողան անբաւարար կը նկատէ մահմետական երկիրներու հակազդեցութիւնը Իսրայէլի դէմ:
Հանրապետութեան նախագահը Ռիատի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ:
ՀԲԸՄ-ի 93-րդ ընդհանուր ժողովին զուգահեռ՝ հրապարակուեցան գործադիր խորհուրդներու նոր կազմերը:
Սեմ Սիմոնեանի պաշտօնամուտի փուլին աշխարհատարած կազմակերպութիւնը կը համախմբէ ազդու ազգային գործիչներ:
«Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս, Արա Կիւլէրի թանգարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին բացուեցաւ նոր ցուցահանդէս մը, որ առաջին իսկ պահէն գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը մագնիսացուցած է։ Թէեւ այս ցուցահանդէսը երկար ամիսներ բաց պիտի մնայ, սակայն, մարդիկ արդէն անհամբեր ձեւով սկսած են փութալ Արա Կիւլէրի թանգարանը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ՝ Կալկաթայի եկեղեցական վարչութեան եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տնօրէնութեան համատեղ հրաւէրով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու գործակից ընկերը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս եկան արժանթինահայ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան եւ մեր համայնքէն Էտվին Կալիպօղլու, որ երգեհոնով նուագակցեցաւ իրեն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի թեմի առաջնորդը սրբազան օծուելէ վերջ առաջին բացառիկ հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեան. «Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, որ դարեր անց ի հիմանէ վերանորոգուեցաւ, ինծի համար Աստուծոյ հետ հանդիպման իւրայատուկ վայր մըն է»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ պէտք չէ չար մարդոց նախանձիլ:
Պատասխան. Առակաց 24-րդ գլուխին սկիզբը կը կարդանք. «Չար մարդոց մի՛ նախանձիր ու անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար. վասնզի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհի եւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին» (Առ 24.1-2):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն մարդ արժէ՛ք մըն է, եւ իւրաքանչիւրը ունի յատկութիւն մը, շնորհ մը եւ ձիրք մը։ Կարեւորը՝ մարդուն իր արժէքին, իր ձիրքերուն անդրադառնալն է եւ մանաւանդ չբաղդատել ինքզինք ուրիշի հետ եւ կարծել, որ ինք թերութիւններ ունի եւ տկար է իր շուրջիններուն նկատմամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ շատ անգամ կը մտածեն, որ նպատակներուն քիչ քիչ մօտենալը երբեք չմօտենալէն լաւ է. իրականութեան մէջ տեսականօրէն ճիշդ ըլլալ կը թուի, սակայն մասնագէտներ կը յայտնեն, որ ձախողութեան մեծագոյն պատճառներէն մէկը կիսատ կատարուած գործն է. շատ պարզ մարդկային օրինակով ըսենք այսպէս. դպրոցէն ետք իր ամբողջ ժամանակը դասին տրամադրո՞ղը շատ աւելի լաւ կրնայ սորվիլ ու յաջողիլ, թէ ան՝ որ դպրոցէն ետք բանուորութիւն կ՚ընէ ու ժամանակ չ՚ունենար դասերը սորվելու. վստահաբար առաջինը. նոյնն է նաեւ յաջողութեան պարագային։
Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան երէկ յայտնեց, որ «Արմսաթ-1» արբանեակի տիեզերք ուղարկման նպատակը չէ եղած երկրի բոլոր խնդիրներուն լուծումը։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնին կոչուեցաւ Արմինէ Աֆէեան, որ կը յաջորդէ Արման Ջիլաւեանին։ Այս վերջինը կազմակերպութիւնը ղեկավարած էր հիմնադրման հաստատման առաջին տասնամեակին։
Պաքուէ ներս արդէն ընթացքի մէջ է COP-29 կլիմայի գագաթաժողովը, որ կը համախմբէ ՄԱԿ-ի համապատասխան շրջանակային պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու ղեկավարները։