Արխիւ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եւ յանկարծ, կէս գիշերին, ֆէյսպուքի էջերուն վրայ Տիրամօր՝ Մարիամ Աստուածածինի գեղեցիկ նկարներ սկսան յայտնուիլ...
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Օրէնքի մասին Առակագիրը որեւէ մէկ բան կը գրէ՞:
Պատասխան. Այո՛, կը գրէ: Առակաց 28.7-րդ եւ 9-րդ համարներուն մէջ կը կարդանք. «Օրէնքը պահողը իմաստուն տղայ է, բայց շռայլներուն բարեկամ եղողը իր հայրը կ՚ամչցնէ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Օրացոյցը ցոյց կու տայ 23 յուլիս 1896, հինգշաբթի օրը։ Պոլսոյ հասարակութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Թաքսիմ թաղամասի վրայ, ուր Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան հարազատներու տեսլականով վերահաստատուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սոփիա (իմաստութիւն) մայրն է Պիստիսի (հաւատք), Էլպիսի (յոյս) եւ Ագապիի (սէր) աղջիկներուն։
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Առաքինի կինը իր ամուսնոյն պսակ է…», (ԱՌԱԿ. ԺԲ 4)։ Իրականին՝ կինը, որպէս եւ մայր, ընտանիքին եւ ապա ուրեմն ամբողջ ընկերութեան, հասարակութեան հաստատուն եւ ամուր սի՛ւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախորդ մեր յօդուածաշարքով խօսեցանք, թէ ինչպիսի՞ ազդակներ ու բացթողումներ պատանին կ՚առաջնորդեն ինքնասպանութեան, շեշտելով դժուարութեանց դիմաց ծնողքին եւ ուսուցիչներուն պարտաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելու դաստիարակութեան կարեւորութիւնը:
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Սրտի խոր ցաւով իմացանք խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի մահուան գոյժը ու սոյն տողերը կը գրեմ մեր կորուստի ցաւը յայտնելու։
Մաէսթրօ Խորէնի մահը անփոխարինելի դատարկութիւն պիտի ձգէ ո՛չ միայն ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմին, այլեւ՝ ողջ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ:
Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկի շրջանին առթիւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ինչ որ ստեղծեց ոգեւոր մթնոլորտ՝ համախմբելով զանազան թաղերէ ուխտաւորներ։
Վատիկանի մէջ վաղը պիտի գումարուի Քոնքլաւը՝ ընտրելու համար Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր քահանայապետը։ Պապընտիր ժողովին 133 կարտինալ պիտի մասնակցի։
Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը. ոչ եւս է ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան։ 89 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան, որ մասնագիտութեամբ աստղաֆիզիքոս էր։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի երաժիշտ, խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան, որ անփոխարինելի վաստակ ներդրած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան աւանդոյթներու եւ ընդհանրապէս դպրոցի յարատեւութեան ճանապարհին։
Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի քաղաքիս մէջ տեղի ունեցած համերգին արձագանգները կը շարունակուին։ Հարպիյէյի «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի դահլիճի երդիքին տակ Շահան Արծրունի հերթական անգամ խոր տպաւորութիւն գործեց իր ունկնդիրներուն վրայ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Հայաստանէ ներս։
Պէշիկթաշի ընտանիքը երէկ համախմբուեցաւ եզակի եւ յուզումնախառն առիթով մը։ Այսպէս, երբեմնի Մաքրուհեան վարժարանի սաներուն համար շրջանաւարտից հաւաք մը կազմակերպուած էր՝ ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի գլխաւորած Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այսպէս, տարեկան համախմբումը բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները ի մի բերելու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՄՆ-Իրան որոնումներու Ատրպէյճանի վերաբերեալ չափումը Հայաստանի տեսակէտէ ուշագրաւ:
Թեհրան Ուաշինկթընի հետ այժմու նոր իրադրութեամբ կրնայ մեղմացնել՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ցնցուած դիրքերը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի կը լրանայ 12-րդ դարու հայ մեծ մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գօշի ծննդեան 905-ամեակը։
Մխիթար Գօշի (Գօշ բառը կը նշանակէ սակաւամազ) կենսագրական տուեալները հիմնականը պահպանուած են Կիրակոս Գանձակեցիի մօտ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երկրաշարժը այնպիսի բնական աղէտ մըն է, որ կը ստեղծէ ուժգին եւ յանկարծակի փոփոխութիւններ. ինչպէս՝ տարածքներու կործանում, մարդկային կեանքի կորուստ եւ ընդհանրապէս՝ մարդոց ապահովութեան զգացման խանգարում։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ կարելի չէ երեւակայել աւելի ազդու եւ տպաւորիչ միջոց, քաշողական աւելի մեծ ուժ՝ քան քաղցրութիւնը։ Համակրանք ստեղծել՝ մարդս կը զօրացնէ եւ վստահելի կը դարձնէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գ.- Սեփական ձախողութեան գիտակցութիւն.- ինքնասպանութեան տանող վերջին քայլը ձախողութեան գաղափարի ժխտումն ու անհասկացողութիւնն է. մարդկային կեանքին մէջ յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը զուգահեռ են. ամէն յաջողութիւն ունի ձախողութեան նախապատմութիւն մը եւ այդ մէկը դաստիարակութեան կարեւոր մէկ մասը պէտք է ըլլայ:
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ համախմբեց մշակութասէրներ եւ հետաքրքիրներ։