Արխիւ
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ բազմավաստակ լուսանկարիչ, պոլսահայ մամլոյ երախտաշատ սպասաւոր Տիգրան Թոփալեանին, որու կորուստը վերջին օրերուն ստեղծեց մեծ տխրութիւն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի երաժիշտ, խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան, որ անփոխարինելի վաստակ ներդրած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան աւանդոյթներու եւ ընդհանրապէս դպրոցի յարատեւութեան ճանապարհին։
Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի քաղաքիս մէջ տեղի ունեցած համերգին արձագանգները կը շարունակուին։ Հարպիյէյի «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի դահլիճի երդիքին տակ Շահան Արծրունի հերթական անգամ խոր տպաւորութիւն գործեց իր ունկնդիրներուն վրայ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Հայաստանէ ներս։
Պէշիկթաշի ընտանիքը երէկ համախմբուեցաւ եզակի եւ յուզումնախառն առիթով մը։ Այսպէս, երբեմնի Մաքրուհեան վարժարանի սաներուն համար շրջանաւարտից հաւաք մը կազմակերպուած էր՝ ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի գլխաւորած Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այսպէս, տարեկան համախմբումը բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները ի մի բերելու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՄՆ-Իրան որոնումներու Ատրպէյճանի վերաբերեալ չափումը Հայաստանի տեսակէտէ ուշագրաւ:
Թեհրան Ուաշինկթընի հետ այժմու նոր իրադրութեամբ կրնայ մեղմացնել՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ցնցուած դիրքերը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի կը լրանայ 12-րդ դարու հայ մեծ մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գօշի ծննդեան 905-ամեակը։
Մխիթար Գօշի (Գօշ բառը կը նշանակէ սակաւամազ) կենսագրական տուեալները հիմնականը պահպանուած են Կիրակոս Գանձակեցիի մօտ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երկրաշարժը այնպիսի բնական աղէտ մըն է, որ կը ստեղծէ ուժգին եւ յանկարծակի փոփոխութիւններ. ինչպէս՝ տարածքներու կործանում, մարդկային կեանքի կորուստ եւ ընդհանրապէս՝ մարդոց ապահովութեան զգացման խանգարում։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ կարելի չէ երեւակայել աւելի ազդու եւ տպաւորիչ միջոց, քաշողական աւելի մեծ ուժ՝ քան քաղցրութիւնը։ Համակրանք ստեղծել՝ մարդս կը զօրացնէ եւ վստահելի կը դարձնէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի վարժարանի Զ. դասարանի սաները, որոնց ուղեկցեցան ուսուցչուհի Ժանէթ Ներկիզ, ինչպէս նաեւ թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ խնամքը կը կաղայ՝ կալուածատիրոջ հարցի պարագային ծագած անորոշութեան հետեւանքով:
Առանց օրինական վաքըֆի մը պաշտօնական գոյութեան՝ սեփականութեան իրաւունքի մտահոգիչ պղտորութիւն յառաջացած է սրբավայրի պարագային:
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին յառաջ կը տանի պատրաստութիւններ՝ նոր քահանայապետի ընտրութեան համար։ Քոնքլաւը՝ պապընտիր ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ մայիսի 7-ին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս յայտարարեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը մօտաւոր ապագային չ՚աւարտիր։ Ուաշինկթընէն այս յայտարարութիւնը հնչեց՝ Քիեւի հետ ընտիր մետաղներու շուրջ ստորագրուած համաձայնագրէն անմիջապէս վերջ։
ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի նորանշանակ ներկայացուցիչ դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։
Յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունի երէկ երեկոյեան փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ քաղաքիս մէջ՝ իր անկրկնելի վարպետութեամբ հերթական անգամ հեքիաթային պահեր պարգեւելով ունկնդիրներուն։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր չէր նուագած քաղաքիս մէջ, ուստի, մանաւանդ պոլսահայ երաժշտասէրներու տեսակէտէ այս նուագահանդէսը դարձաւ իրեն հետ կարօտ յագեցնելու եզակի հնարաւորութիւն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
1870-ի զարհուրելի հրդեհէն բարեբախտաբար չայրեցաւ այս եկեղեցին իր շրջակայ թաղամասով, եւ կարելի եղաւ անոր յարակից սենեակներուն մէջ պատսպարել հրդեհէն արկածեալներուն մէկ մասը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մենք պարտաստ էինք լսելու այդ ձայնը, որ անկեղծ էր, լիակատար, ամբողջական ու գերակայօրէն գերող: Նոյն այդ ձայնը, որ կոչուած էր տնտեսական կառոյցը հիմնապէս քանդելու ու աշխարհը երազական զարկով գրկելու, յետոյ գուրգուրալով վայելելու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բ.- Մեղադրանք ու քննադատութիւն.- Ինքնասպան պատանին իր յուսահատութեան հիմնական պատճառ ցոյց կու տայ ամենէն կարեւոր երկու անձերը՝ ծնողքն ու ուսուցիչները: Պատանեկան տարիքը այն տարիքն է, ուր պատանին ինքզինք կը փորձէ գտնել եւ այդ ընթացքին որպէս առաջնորդ ունի նախ ծնողքը եւ ապա ուսուցիչը։