Արխիւ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մատնուած առկայ անելին մէջ չափազանց նշանակութիւն ունի հաղորդակցութիւնը։ Պոլսահայ հաւաքական կեանքը որոշ ժամանակէ մը ի վեր կը հունաւորուի ընկերային ցանցերու բամբասանքներով եւ ազդեցութեան պայքարներով։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Վեց պահ դաս տալէ ետք յոգնած տուն կը բարձրանամ, պատառ մը ուտեմ, կը մտածեմ եւ գոնէ կէս ժամ քնանամ մինչեւ երկրորդ գործիս երթալս… Բայց, անշուշտ, մինչեւ տուն հասնիլս քանի մը կայան ունիմ այցելելիք, ուր մեծ սիրով եւ անհամբերութեամբ ամէն օր կը սպասեն անցնելուս։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, բայց թշնամիին համբոյրները առատ են» (Առ 27.6):
Պատասխան. Իրաւ բարեկամները, ընկերները երբ կը տեսնեն իրենց ընկերոջ, բարեկամին սխալ ընթացքը, յարմար առիթ մը կը փնտռեն, զգուշացնելու, խորհուրդ տալու, որպէսզի չշարունակէ նոյն ընթացքով ընթանալ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծառայել՝ մեծութեան նշան է. մեծ չէ՛ այն՝ որ ծառայութիւն կ՚ընդունի, այլ մե՛ծ է այն՝ որ կը ծառայէ մաքուր շարժառիթով եւ անշահախնդիր ոգիով։ Արդարեւ, Շէլըր կ՚ըսէ, թէ՝ ամէն մարդ իր արժանիքը իր իսկ ձեռքովը կը դրոշմէ իր նկարագրին վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի տարբերութիւն կամաւոր կուրութեան, շատ աւելի վտանգաւոր ու կործանիչ է անգիտակից կուրութիւնը. այս երկուքին միջեւ եղած տարբերութիւնը այն է, որ մէկը աւելի կառավարուող ու վերահսկման ենթակայ է՝ քան միւսը:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ արդէն ընթացքի մէջ է՝ համայնքային շրջանակներուն կողմէ սպասուած մամլոյ ասուլիսը։ Գումգաբուի մէջ օրակարգի վրայ են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ հարցերը, որոնց կապակցութեամբ խորհրդածութիւններով հանդէս կու գայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
«Նոր սահմանադրութեան մը մշակման գործընթացին կը սպասեմ։ Օսմանեան շրջանին կարօտ մը կայ Թուրքիոյ մէջ։ Թէկուզ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներն ալ կը յիշուին»։
«Պատրիարքի հեղինակութիւնը ո՛չ կ'աւելնայ, ո՛չ ալ կը պակսի։ Աթոռը համայնքի ամենաչքաւոր կառոյցն է։ Ի վերջոյ parayı veren düdüğü çalar կանոնը կը գործէ»։
«Սրտիս, մտքիս եւ խղճիս եռեակին վրայ հակասութիւններ կ'ապրիմ՝ մեր համայնքի կրթական հարցերու լուծման շուրջ»։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի արժէքաւոր խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանը, որուն կ՚ընկերանար տնօրէն խորհուրդէն Ժիրայր Ագմերճան։
«Ամէն մարդ կը տեսնէ իր տեսողութեան սահմանին համաձայն։ Ի՞նչ տեսլականի մասին է խօսքը։ Այս ժողովուրդը միշտ տոկացած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Անցեալ շաբաթավերջին, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցած էին այս նախաձեռնութեան մասին եւ վերջին օրերուն արդէն սա կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Երուսաղէմի պատրիարքութեան կալուածներու խնդիրը իրաւական գետնի վրայ կը բացատրուի՝ կուտակուած պարտքերու դիմաց առնուած քայլով: Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները առաջադրած են բռնագրաւել կալուածները, աճուրդի հանել եւ այդպիսով մարել պատրիարքութեան տասնամեակներու վրայ կուտակուած պարտքը:
Հայաստան եւ Իրան հետամուտ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ապպաս Արաղչի անդրադարձան Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան շարունակական զարգացման:
Տանըլտ Թրամփ եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն Սպիտակ տան մէջ շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հաշտութիւնը:
Ուաշինկթըն պատերազմին վերջ տալու համար կ՚աշխատի Մոսկուայի հետ եւ համաձայնութիւնը մօտ կը համարէ:
Էրտողան Լաւրովի նկատառման յանձնեց, որ նոր գործընթացին պէտք է ներգրաւել նաեւ Քիեւը:
Թուրքիա եւ Ռուսաստան սերտօրէն կ՚աշխատին Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին շուրջ:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր յայտարարութիւն. պոռթկում դիտումնաւոր արշաւի հանդէպ:
Անցեալ տարուան նման՝ համայնքը իրազեկելու ուղղեալ հաշուետուութեան նոր հաւաքոյթ մը տեղի պիտի ունենայ մօտաւոր ապագային: Էսաեան վարժարանի եւ բոլոր յարակից մարմիններու գործունէութեան շուրջ ապատեղեկատուութեան փորձերուն դէմ օրինական միջոցներ ձեռք պիտի առնուին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կենսագիր Արամ Ինճիկեան Յովհաննէս Թումանեանի մասին գրած իր գիրքերուն մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ բանաստեղծի կեանքի բոլոր շրջաններու մասին, բայց, ուշագրաւ են յատկապէս Թումանեանի մանկութեան տարիներու նկարագրութիւնները, զորս կենսագիրը կու տայ ամենայն մանրամասնութեամբ։
Թուրքիա-Ռուսաստան առանցքին վրայ միշտ առաջնահերթութիւն կը ներկայացնէ Սուրիոյ վիճակը:
Հաքան Ֆիտան հիւրընկալեց Սերկէյ Լաւրովը, որ Անգարայէի այս օրուան շփումներէն վերջ կ՚ուղեւորուի Թեհրան:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բարի յիշատակ թողած կրթական մշակ մըն է ողբացեալ Եավուզ Քըլըչէր, որ զանազան առիթներով կ՚ոգեկոչուի երանութեամբ։ Ան ո՛չ միայն համայնքային վարժարաններէ ներս նկարչութեան ուսուցիչ եղած է, այլեւ զանազան եկեղեցիներու սրբանկարներու խնամքով ալ զբաղած է։