Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Այսպէս, Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդի դիրքերուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով հայկական բանակէն երկու զինուոր նահատակուեցաւ, կան նաեւ վիրաւորներ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ճարտարապետութիւնն ու սկզբունքները համաձայնեցուած են։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

Մարսէյլի Սրբոց Թարգմանչաց մայր տաճարի երդիքին տակ յուզումնախառն վերջին հրաժեշտ:
Նորոգ ողբացեալ Անի Յովսէփեանի յիշատակին շուրջ համախմբուած սգաւորներուն կողմէ բիւր յարգանքով խոնարհում:

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

Դէպի Եգիպտոս այցելութեան ընդառաջ, Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերստին զգուշացուց Իսրայէլը:
Հանրապետութեան նախագահ. «Պենիամին Նեթանիյահու ամէն օր նոր կամիր գիծ մը կը հատէ Կազզէի մէջ»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան:
Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Երեւանի եւ Հայաստանի թեմի ժամանակաւոր կառավարիչը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Ձեռնարկին մասնակից փոքրիկները այս առթիւ ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Վերադառնալով այսպէս ձեւակերպուած ժողովուրդներու վաւերականութեանն ու իրաւականութեան աղբիւրին՝ կը տեսնենք, որ անոնք նոյնիսկ պատմական ենթակայական պատուհաններու բացումով ու ժողովրդավարութեան չափանիշներու ալ քաղաքականացմամբ, կը մնան ժողովրդավարական չափորոշիչով բանող:

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Չար վկայութիւնը մե՞ղք է:
Պատասխան.
Անշուշտ, որ մեղք է: Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ՚ընէ» (Առ 19.28): Հոն ուր չարութիւն կայ, այնտեղ ո՛չ մէկ լաւ բան կարելի է գտնել, որովհետեւ չարն ու բարին, վատն ու լաւը իրարու հետ չե՛ն կրնան միատեղուիլ: 

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի երկրորդ օրն է:
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Վահրամ Աւագ Քահանայ Մելիքեանի պահքին ընդառաջ՝ «Լռութիւն» խորագիրը կրող գրութիւնը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութը օրերս դարձեալ բողոքի նոր ալիքի մը ականատեսը դարձաւ։
Հազարաւոր լիբանանցիներ (որոնց մեծ մասը երկրի բանակի նախկին սպաներ ու զինուորներ են՝ պաշտօնաւարտ կամ հանգստեան կոչուած) յաջողեցան առնուազն երկու ժամուան համար պաշարել երկրի վարչապետարանը, ուր վարչապետ Նաժիպ Միքաթին (հրաժարեալ եւ պաշտօնակատար) նախարարաց խորհուրդի նիստ հրաւիրած էր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նորութիւն մը չէ: Սփիւռքեան մեր գրականութիւնը սկսած է ամայանալ, կամ կամաց-կամաց կ՚ամայանայ։ Մեր մօտ գրական երեւակայութեամբ զբաղողներն ալ կարծես լուռ են եւ նոյնիսկ շատեր կը հեռանան։ Միւս կողմէ արդուկը գացած հարցեր մեզ արդէն կլանած են։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երիտասարդութեան տարիներուն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի միաբաններէն Եղիշէ Եպսկ. Չիլինկիրեան հաւաքած է բարոյական առածներու փունջ մը, որոնք 1928 թուականին հրատարակուած են առանձին գիրքով:

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կը տեսնեմ «բացասական մարդոցմէ հեռացէ՛ք» առաջարկը։ Արդեօք սա լա՞ւ խորհուրդ մըն է։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արուեստը՝ հոգիին զգացածներուն իւրայատուկ ոճով եւ գեղեցկագիտական ձեւերով արտայայտութիւնն է։ Այս իմաստով, ընդհանրապէս կ՚ընդունուի եւ կ՚առաջարկուի, թէ արուեստը պէտք է ըլլայ «պարզ» եւ «անբացատրելի՛»։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ անգամ մը եւս փաստեցի, որ մեր հասարակութեան մէջ իբր թէ «բարերար» շրջող «ողորմած» ու «բարեսիրտ» մեծահարուստները իրենց բարերարութիւնն ու նուիրատուութիւնը կը կատարեն պարզապէս ո՛չ թէ կարեկցանքի կամ իրերօգնութեան հոգեբանութեամբ, այլ պարզապէս արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող իրենց «փառք»ին վրայ նոր պարծանք ու պատիւ աւելցնելու համար:

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի առաջին օրն է:
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մուտք կը գործէ իր ծիսական կեանքի ամենէն իւրայատուկ եւ խորհրդաւոր շրջաններէն մէկը՝ Մեծ պահքի շրջանը: Այս տարի Մեծ պահքը կը սկսի 12 փետրուարին եւ կ՚աւարտի 22 մարտին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

Համայնքային շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին խոր ցաւ յառաջացուց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեանի մահը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ։ Բուն Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024

Գագիկ Գինոսեանի համար սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ:
Հայկական ժողովրդական պարերու մեծանուն վարպետին փառաշուք յուղարկաւորութիւնը. Եռաբլուրի մէջ թաղում:

Էջեր