Արխիւ
Զեքիեան Գերապայծառ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, վերապատուելի Աղապալօղլու եւ Յունաց պատրիարքարանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչն ալ պատուեցին հաւաքոյթը:
Նորանշանակ դեսպանին նուիրուեցաւ յայտնի գեղանկարիչ Սայաթ Ուշաքլըկիլի վառ ստեղծագործութիւններէն մին՝ ի յիշատակ Թուրքիոյ աշխատանքի տարիներուն:
Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլը Ատիս Ապապա կ՚ուղեւորուի՝ ուրոյն հետք մը թողած ըլլալով պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ, ուր արձանագրուած կը մնան բարի կամքն ու անկեղծութիւնը:
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի աւանդութիւններով ամենաբարձր մակարդակի վրայ նախաձեռնութիւն մը. երախտիք եւ մեծարանք:
Եւ դարձեալ յունուարի 19։ Այսօր լրագրող-հրապարակագիր, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 17-րդ տարելիցն է։ Այսօր դարձեալ իր սիրելիներն ու պատգամին, աւանդին հաւատարիմները ժամադրուած են այն կէտին վրայ, ուր ան թէ՛ ինկաւ եւ թէ անմահացաւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ռատիօ Ֆրանս»ի մաս կազմող «Mouv» հանրային ձայնասփիւռային ալիքը տարեվերջին ուշագրաւ հաղորդում մը պատրաստած էր ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ, երաժիշտ, դերասան Շարլ Ազնաւուրի մասին: Հաղորդման գլխաւոր ըսելիքը այն էր, որ այսօր Ազնաւուրի երգերը աշխարհի տարածքին ամենէն շատ մէջբերուող ֆրանսական երգերն են, եւ այդ մէկը այդպէս է նոյնիսկ երգիչի մահէն հինգ տարի յետոյ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին, Հայաստանի մէջ բացայայտօրէն եւ գաղտնի կերպով, յստակ աշխատանք կը տարուի մեր պետականութիւնը քայքայելու ուղղութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քննադատութեան օգտաբեր դերակատարութիւնը կարելի չէ անտեսել եւ ուրանալ։ Գիտակից եւ բանականութեամբ գործող մարդիկ քննադատութեան շնորհիւ կը վերարժեւորեն իրենց գործունէութիւնները եւ յարաբերութիւնները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 131 տարիներ առաջ՝ 1893 թուականին Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանի մէջ Գաբրիէլ Ռշտունի անուն պատանի մը հայերէն լեզուի դասապահին կը սկսի անգիր ասմունքել ուսուցիչին կողմէ որպէս դաս պահանջուած Ռափայէլ Պատկանեանի «Արաքսի արտասուքը». Ռշտունի կը սկսի ասմունքել ապրումով՝ իւրաքանչիւր տողին ու բառին արժէքը տալով:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր զգուշացումներով։ Վերջին շրջանին պաղառութեան եւ շնչառական համակարգի բորբոքումներու դէպքերը անհամեմատօրէն աւելցած են։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ նոր հարուածներ հասցուց Եմէնին։ Այսպէս, թիրախաւորուեցան հուսիներու «Անսար Ալլահ» ապստամբական շարժման կառոյցները։ Ըստ ամերիկեան աղբիւրներուն, ռմբակոծուեցան հուսիներու քանի մը թիրախները, ուրկէ նոր յարձակումներ կը նախապատրաստուէին։
Մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը մնայ Կազզէի պատերազմին վրայ, մարդասիրական հերթական նախաձեռնութիւն մը միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կը գրաւէ՝ որքան որ ալ երկարաժամկէտ խաղաղութեան մը յոյսը չներշնչէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Տաւոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Անոնք կը մասնակցէին Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։
Ֆրանսական ֆութպոլի աշխարհահռչակ աստղը շրջապատուած հայ պատանի մարզիկներուն կողմէ:
Նիքոլա Անելքա եւ Հայաստանի ոլորտի պատասխանատուները կը գործակցին նոր ապագայ մը պատրաստելու համար:
«Անկախութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին լղոզած ենք ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստան խաղաղութեան օրակարգը հռչակած է ո՛չ թէ Ատրպէյճանի, այլ իր տրամաբանութեամբ ու կը շարունակէ»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանով պարգեւատրեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի հանդիսապետութեամբ, երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան երախտաշատ հարազատներուն։
Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել կարելի չ՚ըլլար Ատրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցման հետեւանքով։ Ան համոզուած է, թէ այդ պայմանագիրը պէտք է կնքուի քարտէսներու հիման վրայ եւ առանց քարտէսներու՝ որեւէ լուծում խնդրայարոյց կ՚ըլլայ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վաղը Պուտափեշտ պիտի այցելէ՝ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հրաւէրին ընդառաջ։ Էրտողան եւ Օրպան պիտի գլխաւորեն Թուրքիա-Հունգարիա բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի 6-րդ ժողովը:
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ Տէր-Պետրոսեանի առանձնատան մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն Տաւոսի մէջ կը մասնակցի՝ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Նախագահ Խաչատուրեան երէկ Տաւոսի մէջ տեսակցեցաւ Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորին հետ։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիրելիս, կրնա՞յ ըլլալ որ այս արաբները սպաննեն զիս, եթէ օրին մէկը գիտնան, թէ բանաստեղծութենէն եւ երաժշտութենէն բացի՝ ուրիշ բան չեմ սիրեր, ու ոչ մէկ բանի մասին կը խորհրդածեմ՝ բացի լուսինին եւ այս ու այն կողմ փախչող ամպերու մասին: