Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ո՞ւր պիտի հասնինք։
Դեռ ո՞ւր կրնանք հասնիլ։
Թերահաս պատանիներու պէս՝ մատներով պատկերած սրտիկին հետ «Ձեզ շատ եմ սիրում» գրելով՝ առաւօտուն իր «սիրեցեալ» ժողովուրդը ողջունող մեր վարչապետին առաջնորդած Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչները Արագածոտնի թեմէն ներս թեմակալ առաջնորդին եւ հոգեւոր սպասաւորներու դէմ անօրէն գործողութիւններ գործադրեցին. անիրաւ ու անհիմն խուզարկութիւններով զանոնք բերման ենթարկեցին, անոնց գտնուած վայրերը թաքցուցին եւ փաստաբանական աջակցութիւն ստանալու առիթ չտուին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին երէկ սրբադասեց հայ կաթողիկէ կղերէն 1915-ի նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը, որու առընթեր եւս վեց հոգի մաս կազմեց երանելիներու շարքին։ Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ սրբադասումը՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի հանդիսապետութեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Այսօր, Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան՝ «Միջտարածաշրջանային անվտանգութիւն եւ փոխկապակցուածութիւն» նիւթով նախարարական հանդիպումը։ Սա, ըստ էութեան, ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքն է՝ ընդլայնուած կազմով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Երէկ առաւօտ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան մը հանդիսապետելու համար հրաւիրուած էր Հայաստան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ս. Աւետարանիչներու յիշատակութեան տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Հակառակ իշխանութիւններու կողմէ դատապարտելի գործողութիւններու եւ առկայ հալածանքներու:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Համերաշխութեամբ ու միաբանութեամբ պիտի իրագործենք մեր համընդհանուր տեսիլքները»:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի աշակերտները շաբաթավերջին այցելեցին պատմական Նիկիա քաղաքը, Իզնիք։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, թաղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Յանկարծ» թատերախումբի ներկայացումը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025

Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները կ՚ընթանան թէ՛ երկկողմանի համագործակցութեան խորացման որոնումներով եւ թէ Եւրոմիութեան վերաբերեալ ծալքերով։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը՝ Եոհան Տաւիտ Ուատեփուլը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ «0 արտանետում/թափօն (Sıfır Atık)» միջազգային ֆորումին, որ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ՝ հովանաւորութեամբ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի։ Ֆորումը ձօնուած էր՝ «0 արտանետում/թափօն շարժումը. մարդիկ, վայր, փոխակերպում» նիւթին։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու թաղականներէն Դաւիթ Տամլան։ Նորին Ամենապատուութեան կողմքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հրադադարը թէեւ լաւատեսութիւն կը ստեղծէ, սակայն, քաղաքական վերջնական լուծման մասին խօսելու համար տակաւին շուտ է:
Շարմ-Էլ-Շէյխի գագաթաժողովի լոյսին տակ Կազզէի հեռանկարներուն շուրջ վերապահ սպասում. վերլուծաբաններու վարկածները կշիռքի վրայ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները մի քանի տարիներ առաջ փորձեցին վերափոխութեան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու մասին 22 փետրուար 2007 թուականին ընդունուած օրէնքները:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։ Սա ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքին երկրորդն էր։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025

Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը արդէն գրեթէ հունէ դուրս եկած է։ Լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ օրակարգի վրայ է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին դէմ մեղադրանքի առաջադրման հաւանականութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստանի «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողներուն հետ Պոլսոյ փողոցներուն վրայ ենք եւ կ՚ուզենք անցորդներէն հայ-թրքական յարաբերութեան մասին տեղացի ժողովուրդին կարծիքը լսել. կը կանգնեցնենք կին մը եւ մեզ հետաքրքրող հարցը թրքերէն լեզուով կը փոխանցենք անցորդին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2025

Ֆրանսայի մէջ նոր կառավարութիւնը ի վերջոյ ստացաւ վստահութեան քուէ։ Վարչապետի իրերայաջորդ փոփոխութիւնները արդէն երկմտութեան տեղ չեն թողուր, թէ երկրէն ներս ներքին քաղաքական տագնապ մը յառաջացած է:

Էջեր