Արխիւ
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ուքրայնայի պատերազմը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որպէսզի աշխարհ պարտաւորուի մոռնալ այլ հակամարտութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Սոմալիի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։
Իրակլի Ղարիպաշվիլի. «Ատրպէյճանը Վրաստանի ամենակարեւոր ռազմավարական գործընկերն է»:
Թիֆլիզի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները ամբողջական համախոհութեան մէջ ակնկալութիւններ կը հասցէագրեն Երեւանին:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. «Պոլսահայութիւնը փորձառու վարիչներու նկատմամբ բացարձակապէս երախտագիտութեան մէջ չի թերանար, սակայն նաեւ չի թաքցներ փոփոխութեան ցանկութիւնը։ Աշխարհական գետնի վրայ կազմակերպումը պէտք չէ այսքան տկար մնայ։ Մեր ունեւոր հաստատութիւնները յառաջիկային աւելի տարբեր մտայնութիւն մը պէտք է որդեգրեն։ Մարդիկ կ՚ըսեն, որ սա մեր հաւաքական հարստութիւնն է եւ անով պէտք է պատրաստուի մեր ապագան»։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղանին ահազանգ հնչեցուց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ համատարած անտարբերութեան համար եւ Օրթագիւղի քուէարկութեան փորձառութեան լոյսին տակ մատնանշեց ընտրողներու ցուցակներու փութով կատարելագործման անհրաժեշտութիւնը։
«Մենք աւելի լաւ համայնք մը դառնալու որոնումին մէջ ենք։ Շատ սակաւ են վարչային ըլլալու թեկնածուները, իսկ ընտրուածներն ալ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ ճանապարհով պէտք է ընթանան։ Պարտաւոր ենք առողջ հերթի փոփոխութիւն մը կազմակերպելու։ Ո՞ւր են այն երիտասարդները, որոնք կարդացուցած, համալսարան ուղարկած ենք։ Անոնց կարիքը կը զգանք ներկայ ընտրութիւններուն»։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, շաբաթավերջին Մենհեթթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց՝ Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ։ Արարողութեան ընթացքին կազմուեցաւ թափօր եւ «Նշանաւ ամենայաղթ» շարականի երգեցողութեամբ հաւատացեալները համախմբուեցան Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբապատկերին առջեւ։
Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցան աշխատանոցներու ձեւաչափով գործունէութիւններ։ Տղաքը օրուան սկիզբին տեղեկութիւններ ստացան Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանիչ վարդապետներու մասին եւ այդ հիման վրայ ստեղծագործական աշխատանք տարին աշխատանոցներէն ներս։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան զուգահեռ արդէն թէ՛ Եւրոպական միութեան եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի կողմէ դիտորդական առաքելութիւններու տեղակայման պարագաները օրակարգի վրայ եկած են եւ գործնական քայլեր կ՚առնուին։ Վերջին օրերուն ԵԱՀԿ-ի կողմէ կարիքներու գնահատման նպատակով առաքելութիւն մը ուղարկուեցաւ Երեւան։
«Kardeş Türküler» ժողովրդական խումբը շաբաթավերջին խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հարպիյէի մէջ:
Ունկնդիրները հայկական նշանաւոր «Հանանէ»ն լսեցին՝ հետեւելով Մարալ Ճերանօղլուին եւ Միհրան Թովմասեանին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրնան մինչեւ ամսավերջ հանդիպում մը ունենալ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ։ Ըստ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներու, այս եռակողմանի նոր գագաթաժողովի պատրաստութիւնները սկսած էին Աստանայի մէջ, հոկտեմբերի 14-ին տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի գագաթաժողովին։
Երէկ, Ոսկի աշնան աւանդական խրախճանքը տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարտէզին մէջ։ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանի կողմէ գլխաւորուած միջմիութենական յանձնախումբը կազմակերպած էր այս տարուան խրախճանքը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Պերճ Աբգարեանի հետ, որ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսն է, ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցինք հայաշխարհի օրակարգի արդի հարցերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մոնկոլները գրաւած էին ամբողջ Ասիան, եւ հասած Հայաստան։ Հայ պատմիչները վախով նկարագրած են այս «նետողներու ցեղ»ը եւ անոր կենցաղը, կ՚ըսեն, թէ ինչպէս անոնք օրերով չէին իջներ իրենց արագավազ ձիերէն. վրանի տակ կ՚ապրէին, կը սնանէին կաթով եւ ձիու միսով…։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառի եւ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի համատեղ ջանքերով Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ բացուած է «Դարէն երկար» խորագրով ցուցահանդէսը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Միտքերու եւ յոյզերու աշխարհին մէջ սէր զգալն ու զայն իւրացնելը կը թուի որպէս կեանքի գլխաւոր նպատակը։ Արդարեւ, սիրելը մարդկային ուժը մարմնաւորող գործողութիւն մըն է, որ կարելի է զգալ միայն ազատութեան պարագային, առանց հարկադրանքի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակը ինչքան յառաջդիմէ, այնքան կը նահանջեն արժէքները եւ ժամանակ մը ետք կը նկատենք, թէ այդ անարժէք կարծուածները մեր շրջապատին մէջ սկսած են ընդունուիլ իբր արժէք, իսկ արժէքաւորները՝ անարժէք:
Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի հաստատման 100-ամեայ յոբելեանը երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Այս առթիւ, Լոնտոնի Ս. Սոֆի յոյն ուղղափառ մայր տաճարին մէջ գոհաբանական Ս. Պատարագ մատոյց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կը տեղեկանանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնի Հայաստան։
Յայտնի պատմաբան փրոֆ. Էտհեմ Էլտեմ վերջին օրերուն Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Լեժիոն տ՚Օնէօր» շքանշանով։ Ֆրանսական պալատին մէջ այս առթիւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Էտհեմ Էլտեմի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ Էլիզէի պալատէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոնի կողմէ։