Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շատ մը մարդոց մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ Աստուած միշտ պարտաւոր է լսելու մեզ, մեր փոխարէն գործելու, օգնելու եւ առաջնորդելու մեզ: Այս մարդիկ, սակայն, կը մոռնան, որ առանց իրենց ունեցած այդ տպաւորութեան կամ սպասումին, Աստուած արդէն իսկ կը լսէ մեզ, շատ յաճախ մեր փոխարէն կը գործէ՝ մեր միտքը լուսաւորելով եւ իմաստութիւն պարգեւելով մեզի, միշտ կ՚օգնէ մեզի ու կ՚առաջնորդէ մեր քայլերը:
Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը երէկ բացուեցաւ ժամանակաւորապէս։ Այսպէս, Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օժանդակութեան փոխադրութեան համար օգտագործուեցաւ Մարգարա-Ալիճան անցակէտը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տանըլտ Թրամփի օրով ի՞նչ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի պարագային:
Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցումը նոր հարցականներ կը ծնի Ուաշինկթընի հաւանական քայլերուն տեսակէտ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ բարոյական եւ մտաւորական փառքերէն մին՝ որ կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ՝ յաջորդելով Եղիա Արճիշեցիի եւ պաշտօնավարեց տասնեւմէկ տարի. (717-728)։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներշնչանքը ինքնին կրնայ համարուիլ ներփակող ու նուաճող ամէն տեսակի թշուառութեան: Միեւնոյն ժամանակ յուզականութիւնն ու վիպապաշտութիւնը տիեզերքը շարժող ուժեր են, բայց անոնք կը մնան ոգեղէն ու տեղ մըն ալ բնազանցական, նաեւ չեն կրնար շօշափելիօրէն վերացնել այն խնդիրները, որոնք կը տառապեցնեն:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք երանաշնորհ եւ երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի կեանքն ու գործուէնութիւնը:
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի գահակալութեան 12-րդ տարեդարձը երէկ քաղաքիս մէջ նշուեցաւ՝ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու մասնակցութեամբ
Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Աթէնք։ 31 աշակերտէ բաղկացեալ խումբին ուղեկցեցաւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն երեք կրթական մշակ, ինչպէս նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցած հոգեւորականներու հերթական խումբը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդ-Աստուած յարաբերութեան մէջ մարդուն մեծագոյն թիւրըմբռնումը այն է, որ մարդ յաճախ կը գանգատի կամ կը տրտնջայ ըսելով, թէ Աստուած հեռացած է իրմէ, թէ Աստուած իր կողքին չէ: Բայց միթէ՞ այդպէս:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանէն ներս ձեռնարկուած՝ նոյնաժամանակ երկու հարցաքննութիւններու վերաբերեալ խնդիրները վերջին օրերուն կը բնորոշեն Թուրքիոյ օրակարգը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէն։ Վարչապետներու տեսակցութեան առիթ հանդիսացաւ երկու երկիրներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու հանդիպումը, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ։
Թուրքիա-Հայաստան սահմանի Մարգարա անցակէտը տասն օրով պիտի բացուի՝ դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութեան տեղափոխման նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, Հայաստանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ մարդասիրական օժանդակութեան առաքման հարցին շուրջ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Շատ են պատմութիւնները Յովհաննէս Թումանեանի ծնողներուն, Մամիկոնեաններուն տոհմը շարունակող անոր հօր՝ Տէր Թադէոս Քահանային եւ մօր՝ սարի աղջիկ Սօնային մասին...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձին զուգահեռ՝ կը բիւրեղանան միջազգային համայնապատկերին նրբութիւնները:
Թէեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան երկխօսութիւնը վերահաստատուած է, բայց եւ այնպէս, ամէն ինչ այդքանով սահմանափակուած չէ:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մենք նոյնիսկ չենք հանդիպած… Մանկութենէս այնքան գէշ բաներ լսած եմ քու զզուելի գոյութեանդ մասին, որ չեմ ուզած նոյնիսկ քեզ տեսնել, հեռուստացոյցին կայանը կը փոխեմ, երբ վազվզուքդ կը տեսնեմ այնտեղ, փնտռտուքի մէջ չորս-բոլորդ դարձող աչքերով…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երջանիկ ըլլալը բոլոր անհատներու համար հասարակաց նպատակ մըն է: Այս նպատակին հասնելու համար մարդիկ կը փնտռեն իրենց կեանքի իմաստը: Աւստրիացի հոգեբոյժ եւ ջղաբան Վիքթոր Ֆրանքլ, որ առաջին անգամ ներկայացուց կեանքի իմաստի հայեցակարգը՝ առաջարկեց, որ մարդոց հիմնաւորման աղբիւրը կեանքի իմաստը փնտռելու կամքն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոնեայ պաշտամունքը ո՛չ միայն կը վերյիշէ մեզ փրկող իրադարձութիւնները, այլ նաեւ կ՚այժմէագործէ եւ առկայ կը դարձնէ զանոնք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս ականատես եղայ այն դժբախտութեան, թէ ինչպէս ուսուցիչ դառնալու բոլոր չափանիշներէն հեռու անհատ մը, պարզապէս անգործ ըլլալուն պատճառով ստանձնեց այդ սրբազան պաշտօնը՝ իր այս կամ այն ծանօթին միջնորդութեամբ եւ այս պատճառ դարձաւ, որպէսզի դարձեալ մտածենք, թէ ո՛վ է ուսուցիչը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։