Արխիւ
ԵՐԱՄ
Պարոն Հմայեակը քաղաքի եթէ ոչ ամենէն բարի մարդոցմէ, ապա առնուազն ամենաբարի շընկերներէն կը թուի ըլլալ։ Ֆիզիկոս գիտնական է։ Եւ սա էական յատկանիշներէն է իր։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մայթին վրայ, վաթսուններուն բարեւ տուող, իր արդուզարդին ուշադիր կին մը, շեղ քայլերով կը յառաջանար եւ դիմակին տակէն լսելի քրքիջ մը կ՚արձակէր: Դէմքէն միայն աչքերը կ՚երեւէին, բայց արդէն բաւարար էր անոնց տեսքէն նկատել տարօրինակ եւ ձայնեղ ուրախութիւն մը:
Քորոնաժահրի համաճարակի առկայ պայմաններուն ներքեւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած մնալ կը շարունակէ պատուաստանիւթերու վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պատուաստանիւթերու համաշխարհային համագումարին կողմէ աշխարհի լաւագոյն պատուաստանիւթը ճանչցուեցաւ «Moderna»ն։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ խորհրդարանի մէջ երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելով անդրադարձաւ Սիւնիքի մարզի կացութեան։ Ան մանաւանդ կանգ առաւ Արաւուս համայնքէն ներս տեղի ունեցած վերջին դէպքին վրայ՝ երբ Ատրպէյճանի բանակէն երկու զինուոր բռնութեան ենթարկած էր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հովիւ մը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ի թիւս այլ հարցերու, Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման։
Յետպատերազմեան ցնցումներու եւ ծագած քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ, վերջին ամիսներուն զանազան հանդիպումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու մասնակցութեամբ։
Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ ութ տարուայ ընդհատումէ մը վերջ:
Գահիրէի երկօրեայ քննարկումներուն ժամանակ Լիպիոյ վիճակի եւ Միջերկրականի արեւելքի խնդիրները օրակարգի վրայ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Ռուս նախարարը երէկ օրուայ երկրորդ կէսին մեկնեցաւ Երեւան, ուր Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Լաւրով այս առաւօտ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները:
Անգարայի մէջ, համաճարակի սահմանափակումներուն համապատասխան ընթրիք՝ Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ:
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական սրբավայրերու, մշակոյթի կոթողներու եւ ճարտարապետական ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւնները, խորհրդանշական կոթողներու թիրախաւորումները կը շարունակուին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սէրը կը ստիպէ յարգել ու զղջալ սխալ արարքներու համար: Անբացատրելի կապ մը կայ, որ չի ձգեր իրարմէ հեռանալ, երկար ժամանակ մնալ վիրաւորանքի մէջ: Երկուքն ալ զիրար շատ կը սիրեն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայիսի 8-ին կը լրանայ արեւմտահայ արձակագիր, բանաստեղծ, փիլիսոփայ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի 170-ամեակը:
Ծնած է Խասգիւղ, Պոլիս, 1851 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է «Ներսէսեան» եւ «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարաններէն ներս, աշակերտած է ծանօթ գրագէտներու։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել հոգեկան հիւանդի մը եւ սատանայական ազդեցութեան տակ գտնուողի մը միջեւ:
-Այդ բանը կրնայ զանազանել պարզ եւ հմուտ հոգեբոյժ մը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Որպէս վարչապետ պաշտօնավարած տարիներուն, 1980-ական թուականներու կէսին՝ նախկին նախագահներէն Թուրկուտ Էօզալ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը համարուի միայն անգամ մը օգտագործելի փամփուշտ մը։ Սա թէեւ ունէր իր տրամաբանութիւնը, որոշ հիմնաւորումներ, սակայն այդ ժամանակ քաղաքական մեկնաբաններու եւ վերլուծաբաններու կողմէ բուռն քննադատութեան առարկայ դարձած էր։
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ղարիպաշվիլիի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ էր Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի, որ եւս իր հերթին տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Տարուայ ցուրտ եղանակներուն մարդու մարմինը կ՚ենթարկուի բազմաթիւ բացասական գործօններու ազդեցութեան, որոնց շարքին կը դասուի ցուրտ եղանակը եւ սթրեսի բարձր մակարդակը։ Նման բացասական ազդեցութեան հետեւանքներէն խուսափելու համար հարկաւոր է տարուայ տաք եղանակներուն ընդառաջ անպայման միջոցներ ձեռնարկել մարմնի ուժերը վերականգնելու համար։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուած է թռչող բաճկոն՝ լեցուած հելիումով։ Այսպէս, ամերիկացի Էնտրու Քոսթմըն նորարարութեամբ հանդէս եկած է՝ ներկայացնելով փչովի եւ թռչող բաճկոն մը, որ միակն է իր տեսակին մէջ, կը գրէ «Luxury Launches» պարբերականը:
Առանձնութիւնը կը բարձրացնէ ալցայմըրի հիւանդութեան զարգացման հաւանականութիւնը։ Այսպէս, գիտնականները պարզած են, որ միջին տարիքի մէջ (45-64 տարեկան) մշտական առանձնութիւնը կրնայ բարձրացնել աւելի ուշ տարիքի մէջ տեմանսի ու ալցայմըրի հիւանդութեան զարգացման հաւանականութիւնը։
Ատրպէյճանի բանակը երէկ թրքական «Bayraktar» հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով ռազմափորձեր իրականացուց։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հրապարակեցին այդ զօրավարժութիւններուն վերաբերեալ դրուագներ։
Հայկական երգահանութեան արուեստի 12-րդ փառատօնի բացման առթիւ հանդիսաւոր համերգ:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը Երեւանի Օփերային մէջ հանդէս եկաւ Վահագն Պապայեանի մականին ներքեւ: