Արխիւ
Համայնքային շրջանակները կը սգան Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետին կորուստը:
Հոգելոյս Յովհաննէս Սահակօղլու յուղարկաւորուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սիւնիքի մէջ լարուած, սակայն կայուն իրավիճակը տակաւին չէ փարատած։ Ատրպէյճան ինչ-ինչ «անհիմն» պատճառներով ու անտեսելով մինչ այդ առկայ «լռելեայն համաձայնութիւններ»ը՝ Հայաստան ներթափանցած է Սիւնիքի Իշխանասար բլուրի կողմէն ու դիրքաւորուած՝ «Սեւ լիճ» յայտնի աւազանին մօտ, որ այդ շրջանի հիմնական, անհրաժեշտ ջրային պաշարն է։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
8 մայիս 2021-ին լիբանանահայ «Զարթօնք» օրաթերթի աշխարհասփիւռ ընթերցողները խմբագրութեան կողմէ ստացան նամակ մը (շատո՜նց սպասուած), ուր մասնաւորապէս գրուած էր հետեւեալը.
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հոլանտացի յայտնի նկարիչ Հիերոնիմուս Պոսի ամենայայտնի ստեղծագործութիւնն է «Երկրային վայելքներու այգի»ն, որ նկարած է 1503 թուականին։ Նկարը զարմացուցած է եւ կը շարունակէ զարմացնել մինչ օրս եւ դժուար է հաւատալ այն փաստին, թէ այդ ստեղծագործուած է գրեթէ 500 տարի առաջ։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Արմաշական միջին սերունդի ընտիր հոգեւորականներէն մին էր Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան, ծննդեամբ Այնթապցի եւ սննդեամբ Արմաշու դպրեվանքի վերատեսուչ Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանի շունչին տակ, որմէ 1904 թուականին քահանայական ձեռնադրութիւն կը ստանային Չարխափանի Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ չորս օծակիցներ միասին։
ԵՐԱՄ
Յիսունն անց, թերեւս վաթսունն ալ անց է արդէն, բայց յամառօրէն կը պայքարի։ Մազերը երկար կը պահէ, կը նետէ մինչեւ կէսը կռնակին, կը ներկէ նարնջագոյն, գինեգոյն կամ դեղին։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ստրուկ: Գերի: Հպատակ: Ծառայ: Այս բառերուն իմաստը բառարաններուս մէջ, երկար-բարակ փնտռեցի, եւ բոլոր բացատրութիւններուն ու հոմանիշներուն մէջէն, հետեւեալը ընտրեցի.- «Ստրուկ = ուրիշին մասնաւոր սեփականութիւնը հանդիսացող մարդ»:
Անգարա սկսած է պատրաստուիլ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ նախատեսուած հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի՝ Պրիւքսելի մօտալուտ գագաթաժողովի ծիրէն ներս։ Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն այս հանդիպման ընդառաջ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հիմնական ակնկալութիւններուն շուրջ, որոնք Էրտողան-Պայտըն հանդիպման ընթացքին սեղանի վրայ պիտի գտնուին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը կը շարունակէ պահանջուած մնալ։ Սերկէյ Լաւրով Պաքու կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հանրահաւաքի պատգամ. «Պարտութեան դէմքը չի կրնար արդիւնաւէտ բանակցիլ։ Հնարաւոր չէ բանակցիլ, եթէ չորեքթաթ կը շարժիս, եթէ ծունկերուդ վրայ կանգնած ես»:
Ռոպերթ Քոչարեան. «Հայաստան այսօր երկիր մըն է, որ չի կարողանար սեփական ուժերով պաշտպանել իր սահմանները, իր բնակչութեան անվտանգութիւնը։ Արցախի ապագան մշուշոտ է»:

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Մամբրէ Աբեղայ Տաշչեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ տեղեկացուց, որ ան վախճանած է մայիսի 10-ին։
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Ուստի յառաջիկայ երեք օրերուն թերթս պիտի չհրատարակուի եւ անոր վրայ պիտի գայ աւելնալ շաբաթավերջի ընթացիկ դադարը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մերձաւորի մը ապտակը ոչ թէ պատիժի, այլ սթափութեան նշան մըն է: Երբ մենք կը կորսնցնենք ինքզինքնիս, կը յայտնուինք սխալ ուղիի մը վրայ, կը գլորուինք դէպի անդունդ, ուշքի գալու համար մեզի անհրաժեշտ կ՚ըլլայ այդ ապտակը:
Շուշիի մէջ գործած պատմական հայկական հինգ տպարաններու բեղուն արտադրութեան հետքերով:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած շահեկան ցուցահանդէսը հետաքրքրութեան առարկայ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը վաղը պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Ղարիպաշվիլիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պիտի ընդունուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Անգարա այս շրջանին իրերայաջորդ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանէն ներս իր յարաբերութիւններուն նոր կենսունակութիւն մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Թուրքիա-Եգիպտոս առանցքին վրայ վերջերս արձանագրուած զարգացումներուն զուգահեռ, սոյն նախաձեռնութիւնները կու գան համալրուիլ Սէուտական Արաբիոյ ուղղեալ քայլերով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը բարձր գնահատեցին ՄԱԿ-ի զանազան մասնագիտական կառոյցներուն եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ լուծարուեցաւ իրաւունքի ուժով:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց՝ 20 յունիսին արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու ուղղեալ հրամանագիրը:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է դէպի Պաքու։ Ռուս նախարարին ուղեւորութիւնը սկսաւ երէկ եւ առաջին իսկ փուլին ան ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
«Հայաստան» դաշինքը արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ առաջնահերթութիւն դարձուցած է Սիւնիքը:
Ըստ Քոչարեանի, երկիրը դէմ յանդիման է մարտահրաւէրներու, որոնք կը վերաբերին անվտանգութեան սպառնալիքներու: