Արխիւ
Մարքօ Ռուպիօ եւ Սերկէյ Լաւրով երէկ շուրջ 50 վայրկեան քննարկումներ ծաւալեցին Մալեզիայի մէջ:
ԱՄՆ կը գանգատի Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան լուծման համար յառաջընթացի առկայ բացակայութենէն:
Սեւծովեան առեւտուրի ու զարգացման դրամատան կառավարիչներու խորհուրդի տարեկան ժողովը:
Հանրապետութեան նախագահ Խաչատուրեանի մասնակցութեամբ՝ «Հայաստան. տարածաշրջանային յաջողութեան արագացում»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ քննարկեցին միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգի զանազան երեսակներ։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տանտիրութեամբ, Ապու Տապիի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հանդիպում մը, որ տեւեց շուրջ հինգ ժամ։
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Թարգմանչաց տօնը։ Այս առթիւ յիշատակուեցան Թարգմանիչ վարդապետները՝ մանաւանդ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետն ու հայոց տառերու գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը։
ARA KOÇUNYAN
Türkiye’de Ermenilerin toplumsal yaşamı, temelde bireylerin kimliğinin ana eksenlerini oluşturan boyutlara bağlı olarak, üçlü bir denge mekanizmasının temelinde yürümekte. Türkiye Cumhuriyeti yurttaşı olmaktan kaynaklanan sorumluluklar, Ermeni kökene bağlı hassasiyetler ve Ermeni Apostolik Kilisesi’ne (ya da katolik ve protestanların özelinde ilgili kiliselere) aidiyet.
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Որքան ալ հին ժամանակներուն նման տարածուն չըլլայ, նամակը տակաւին հաղորդակցութեան ձեւ մըն է եւ կը ցոլացնէ զգացումներն ու մտածումները, երբ անոնք բառերով արտայայտուին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մի քանի օրէ ի վեր մեր հայ թերթերուն մէջ ծանուցում մը կը տեսնուի՝ կղզեբնակ ընթերցողներու ուղեալ։ Հոն կը ծանուցուի, որ հայ թերթ կարելի է գտնել որոշ կրպակներու մօտ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։
Համայնքային շրջանակները այս շրջանին կ՚ողջունեն մեր երիտասարդներէն Թալիա Արապօղլուի յաջողութիւնը. ան աւարտած է «Հալիչ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն։
Մեր համայնքէն Սարին Պայծառ Արսլան յաջողութեամբ աւարտած է «Մետիփոլ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն։ Ան Պաղճըլարի համանուն հիւանդանոցէն ներս ասպարէզի առաջին քայլերը առած է՝ ներքին հիւանդութեանց ուղղութեամբ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեան իրականութիւնը այսօր ակնյայտ կերպով ճգնաժամի մը մէջ կը գտնուի։
Իշխանական կառոյցներուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն միջեւ յառաջացած հակադրութիւնը ստեղծած է բաւական բարդ եւ բազմաշերտ իրավիճակ մը, զոր կարելի է համառօտ կերպով բնորոշել որպէս ինքնութեան եւ բարոյականութեան ճգնաժամ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, որ ներկայիս կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, երէկ ընդունուեցաւ Նիւ Եորքի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Մուհիտտին Ահմէտ Եազալի կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին ներկայ վիճակը՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ կարելի է վերնագրել այսպէս. «Բոլորը կը խօսին…», եւ վերնագիրին որպէս պատասխան կարելի է ըսել. «Բայց զիրար չեն լսեր…»:
«Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս ներկայիս իրերայաջորդ կարեւոր զարգացումներ կ՚արձանագրուին։
Յունաստանի հռչակաւոր մեներգիչներէն Քոնստանդինոս Արկիրոս երէկ երեկոյեան քաղաքիս մէջ հանդէս եկաւ համերգով մը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը։
ARA KOÇUNYAN
Kumkapı’daki son basın toplantısının ardından ortaya çıkan önemli sorulardan birisi de şu: Türkiye Ermeni toplumunun Ermenistan’la nasıl bir ilişkisi var. Bu aslında soru işaretlerinin hayli fazla olduğu bir alan ve neredeyse benzer her durumda görüldüğü üzere, tepkiyi ve tepkiselliği tekelleştirme çabasındaki çevreler burada da yine başrolü kapma isteğinde.
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած հայագիտական ու կրօնագիտական դասընթացքներու մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներու երկրորդ խումբը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ տեսակցեցան Ապու Տապիի մէջ:
Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացէն ներս ամենաբարձր մակարդակի վրայ ժամադրութիւն՝ Ուաշինկթընէն հնչած դրական սպասումներուն զուգահեռ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայկական ուրոյն տառեր ունենալու պահանջքը անհրաժեշտութիւն մըն էր հայ ժողովուրդին հոգեւոր կորովին՝ ինքնաբաւ ըլլալու ներքին իղձին եւ հաւատքին։
Ուստի, Սուրբ Սահակ Ա. Պարթեւ եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ անոնց յաջորդող հայրապետներու եւ հսկաներու ամբողջ խումբ մը՝ ազգին հոգեւոր եւ մտաւոր կորովին առաջնորդները եղան։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ պատմական այս հսկայական անձնաւորութիւնը, եղաւ այս փաղանգի անձնուրացութեան տիպարը։