Արխիւ
ԵՐԱՄ
Ամիս մը անցեր էր արդէն Նորայի հետ առաջին դասէն։
Մաշտոցի պուրակի հանդիպման յաջորդեր էին երեք-չորս ուրիշները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գերազանցապէս ռազմական գործողութիւններու օր էր երէկ։ Եթէ մէկ նախադասութեամբ փորձենք երէկուան իրավիճակը նկարագրել, ապա անկասկած՝ որ շեշտը պարտաւոր ենք դնել ռազմական գործողութիւններուն վրայ։
Ֆրանսայի մէջ կը նախատեսուի բանալ ջուրի վրայ «շարժանկարի սրահ»։
Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ Սեն գետի վրայ պիտի բացուի ինքնատիպ շարժանկարի սրահ մը, որուն այցելուները կրնան շարժանկարները դիտել յարմարաւէտ նաւակներու մէջ նստած՝ պահպանելով ընկերային հեռաւորութիւնը:
Վերջին օրերու բախումներէն վերջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ լարուածութիւնը նուազած է, յարաբերական անդորր կը տիրէ:
«Զինեալ ուժերը հերթական անգամ կ՚ապացուցանեն, թէ կարելի չէ մեզի հետ խօսիլ ուժի դիրքերէ», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ բանակի վերնախաւին հետ խորհրդակցութիւններէ վերջ:
Երկար ժամանակ մարդիկ կը փորձէին գտնել միջոց՝ զերծ պահելու համար դաժան վերաբերմունքէ կենդանիները, որոնց կաշին կ՚օգտագործուի նորաձեւութեան մէջ։
Ահա, կարծես թէ կաշիի էքօ այլընտրանքը արդէն իրականութիւն դարձած է:
Ճոն Թրավոլթայի կինը՝ դերասանուհի Քելի Փրեստըն, մահացած է քաղցկեղէ։ Այսպէս, 57 տարեկան հասակին կրծքագեղձի քաղցկեղէ մահացած է դերասանուհի Քելի Փրեստըն: Այս կորուստի մասին իր ամուսինը՝ դերասան Ճոն Թրավոլթա, յայտնած է Instagram-ի մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արի Չոլաքի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, հինգշաբթի երեկոյեան, Պատրիարքարանի ամարանոցի շէնքին մէջ ընդունեց Կղզեաց թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեծանուն գիտնական Հրաչեայ Աճառեանի յուշագրութիւնը ուսումնասիրելու ժամանակ անդրադարձանք մանաւանդ Պոլսոյ իր դպրոցական կրթութեան դրուագներուն: Այս անգամ յուշագրութեան մէջ հանդիպեցանք ուշագրաւ դրուագի մը, երբ Աճառեան կը պատմէ Կեդրոնականի աւարտական քննութեան մասին:
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Ժողովականները քննարկեցին Եւրոմիութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընթացքը։
«Իսթանպուլ» աճուրդատան կողմէ վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ առցանց աճուրդ մը, որու ծիրէն ներս վաճառքի դրուած էր 46 գեղարուեստական նմոյշ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս առթիւ ամենամեծ գինը վճարուեցաւ Արա Կիւլէրի լուսանկարներէն մէկուն համար, որ ընդգրկուած էր աճուրդի առարկաներու ցուցակին մէջ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ վերստին հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ միջին հաշուով շաբաթ մը առաջուան տուեալներու բաղդատմամբ օրական նոր դէպքերու թիւը վճռած են հազարի շեմէն վար իջեցնել։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսներու հաւաք մը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որուն մասնակցեցան թեմակալ առաջնորդներ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող սրբազաններ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Գերմանիայէն Հայաստան մեկնեցան մասնագէտներ:
ԵՄ-ի «Team Europe» ծրարի շրջանակներէն ներս գործուղղուած առաքելութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ յուլիսի 24-ը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ կատարուեցաւ Տաւուշի մէջ, ըստ երեւոյթին, դեռ երկար ժամանակով կրնայ զբաղեցնել հայկական օրակարգը։ Խօսքը, անշուշտ, միայն ռազմական գործողութեան մը, փոխադարձ հրաձգութեան մը եւ անոր յաջորդած՝ զիրար դատապարտող (Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ) հաղորդագրութիւններով չէ պայմանաւորուած։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը հերթական անգամ միջազգային օրակարգի վրայ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Հրադադարի խախտումները դատապարտուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ։ ՄԱԿ կոչ ուղղեց, որպէսզի մարտական գործողութիւնները դադրեցուին։ Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Ատրպէյճանական բանակի՝ երէկ գիշեր շարժման անցած հրասայլ մը կրակով կասեցուեցաւ հայկական զօրքերու կողմէ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը դիւանագիտական գետնի վրայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Պաքուի արկածախնդրութեամբ ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակը պարզ դարձնելու համար ամենայն մանրամասնութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հետաքրքրական էջեր կարելի է գտնել Հայ Մամուլի հին էջերուն մէջ՝ որոնք «մշտանորոգ հին էջեր» կարելի է անուանել, քանի որ պատմութիւնը, ընդհանրապէս դէպքերու կրկնութիւնն է՝ թէեւ տարբեր երեւոյթներով բայց էապէս նոյն կերպով։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ Թամարը, մեր միօրեայ վարժարանի լաւագոյն եւ օրինակելի աշակերտուհիներէն էր եւ որուն օրին յանձնած էի շրջանաւարտի յատուկ վկայագիր-վկայականն ու զանազան գնահատագրեր: Ու հակառակ քորոնայի ծանր օրէնք-պայմաններուն, թէեւ քիչ մը տատամսոտ եւ սակայն մենք մեզ լաւապէս «պատսպարած», պետական վարժարանէն երկրորդականի վկայականը իր ստանալուն առթիւ, երեկոյ մը, էրիկ-կնիկ «աչքի լոյս»-շնորհաւորանքի գացինք: Յատուկ հրաւէր: Նախ մերժեցինք:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (Յհ 6.39):
Մեկնութիւն. Բազմաթիւ կերպերով կը լսուի վերջին օրը. նախ՝ որովհետեւ օրը չորս է. առաջին՝ ստեղծման օրը, որ երեկոյ ունի, բայց ոչ՝ առաւօտ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գիտութիւն սիրողը իր սխալները կ՚ընդունի. յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (ԱՌԱԿ. ԺԲ 1)։
Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց այն որ կ՚ատէ յանդիմութիւնը եւ կը մերժէ ամէն քննադատութիւն, հեռու կը մնայ գիտութեան բարիքներէն եւ անշուշտ իմաստութենէ։