Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2020

ԱՐԵԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աշխարհի երեսին կան շատ տաղանդաւոր, մեծանուն, նշանաւոր ու մարդկային բարձր յատկանիշներով օժտուած մարդիկ։ Սակայն բոլոր թուածներս անձի մը մէջ՝ հազուագիւտ երեւոյթ մըն է։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Աւագ չորեքշաբթին յիշատակն է արարչութեան չորրորդ օրուան, երբ Աստուած ըսաւ.- Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէսզի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։ Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէսզի երկրի վրայ լոյս տան։ (ԾՆՆԴ. Ա 14-15)։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2020

​Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս հեռատեսիլով հայ բժիշկի մը հարցուցին. «Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ կեանքը քորոնաժահրէն ետք»: Պատասխանեց. «Մարդիկ կը սկսին խուսափիլ իրարմէ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հրահանգ է եւ վերջ: Տնեցիք ինծի բացարձակապէս արգիլեցին տունէն դուրս գալ: Իրաւունք ունին: Որովհետեւ… անէ՛ծք չար սատանային… որովհետեւ ա՛յդ «քորոնա» ըսուած ե՛ւ վախազդու, ե՛ւ մահացու որակուած անկոչ «հիւրը», մեր ապրած ա՛յս հայահոծ քաղաքն ալ հասած է:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դարձեալ տնօրինութեան համար կ՚ըսէ.
Եւ թէ ինչո՞ւ համար Հայրը չի՛ դատեր, այլ՝ Որդին:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Առաքելական Եկեղեցին հինէն ի վեր տօնած է Սուրբ Աւետման սքանչելի՜ եւ մե՛ծ տօնը։
Հաստատուն, անշարժ տօն մըն է Աւետման տօնը, որ ամէն տարի կը տօնուի ապրիլ 7-ին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

2020 տարուան Աւագ շաբթուան ժամանակացոյցը կը յանձնենք մեր համայնքի նկատառման՝
Ա.- 9 ապրիլ, հինգշաբթի, Ընթրեաց Պատարագ, 10.30-ին ուղիղ եթեր Մայր տաճարէն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան կողմէ 500 հազար լիրա նուիրատուութիւն կատարուեցաւ վերջերս:
«Անատոլու» գործակալութիւնը արձագանգ հանդիսացաւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութիւններուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը համաճարակի մթնոլորտին մէջ հրամայական կը համարէ օժանդակութիւններու փութացումը:
Ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ եւ գործակից ընկերները հետեւողական ջանքեր կը գործադրեն ներկայ դժուարին շրջանին՝ ընկերային զօրակցութեան ճանապարհին:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգին մէջ, Լոս Անճելըս քաղաքի հայաշատ շրջաններէն Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն ներս պաշտօնապէս գործի ձեռնադրեցին երեք անդամներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան կը զօրակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Էտուարտօ Էօրնէքեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսներէն է, որոշած է 250 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել երկրի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած հանգանակութեան ի նպաստ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս քորոնաժահրի վարակի տարածման արագութիւնը նուազած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ նախարարին, վերջին երեք օրերուն համաճարակի տարածման աճը տոկոսային առումով եղած է նախ 4.6 առ հարիւր, յետոյ 6.8 առ հարիւր եւ ի վերջոյ 1.3 առ հարիւր։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին Հայաստանին մատակարարուած բնական կազի վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ քորոնաժահրի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Իսթանպուլէ ներս գործել պիտի սկսի համավարակի երկու մեծ հիւանդանոց։ Այս հսկայական համավարակի հիւանդանոցներէն մին պիտի խարսխուի Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանի տարածքէն, իսկ միւսը՝ Սանճաքթեփէի օդակայանի տարածքէն ներս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2020

Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ երէկ տեղի ունեցաւ անդաստանի հոգեպարար արարողութիւն:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Ամենաբուժիչ Սուրբ Գեղարդով օրհնեցինք ձեզ, սիրելի հաւատաւոր զաւակներ, որպէսզի զօրանաք հաւատով, յոյսով ու սիրով, որպէսզի Տէրը քաջառողջութիւն շնորհէ եւ ապահով պահէ ու պահպանէ ձեզ բոլորդ եւ փորձութեան այս օրերը յաղթահարէք Աստուծոյ շնորհով, ողորմութեամբ եւ օգնականութեամբ»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2020

Ցաւով տեղեկացանք, թէ վերջին օրերուն անժամանակ ձեւով իր մահկանացուն կնքած է մեր կրթական համակարգի համակրելի դէմքերէն Թալին Մաթոսօղլու։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը, ան երկար տարիներ եղած էր Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2020

Խոր յուզումով վերահասու դարձանք, թէ վերջին օրերուն իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի՝ յարգանքի եւ համակրանքի արժանի խորհրդանշական դէմքերէն մին՝ Արտաւազգ Մամիկոնեանը։ Աւելի քան 90 տարեկան հասակին կեանքէ հրաժեշտ առած է Արտաւազդ Մամիկոնեան, որու կորուստը ցաւ պատճառած է իր սիրելիներու շրջանակին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2020

Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով խօսք ուղղեց ամբողջ ժողովուրդին, Միացեալ Թագաւորութեան եւ անոր կողմէ հովանաւորուած պետական միաւորներու ամբողջ բնակչութեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ այս ելոյթը ունեցաւ Էլիզապէթ Բ. թագուհին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2020

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ պայքարը կը շարունակուի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։

Էջեր