Արխիւ
Շթայնմայէր. «Թուրքիա եւ Գերմանիա այնպիսի գործընկերներ են, որոնք իրարմէ չեն կրնար հրաժարիլ»:
Նախագահ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Անգարա-Պերլին համագործակցութիւնը կը խորանայ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս համատեղ արտադրութեան ծրագիրներով՝ առկայ սահմանափակումներու դադրեցումով»:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ապրիլ 24 է։
Հայաստանի եւ Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» սեպող Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան օրակարգին համաձայն, սահմանագծման ու սահմանազատման աշխատանքները սկսած են։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ ինչ որ ընէ՝ կարեւոր կամ անկարեւոր, բարի եւ օգտակար եւ կամ բարձր նպատակի համար կամ սովորական, պէտք է միշտ ճշմարտութեան ծառայէ։ Այն գործունէութեան մէջ, որ ճշմարտութեան ծառայելու նպատակ չկայ՝ ի զուր աշխատանք մըն է։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Առաջինը. Ինչո՞ւ գիշերուան այս ուշ ժամուն այս տակառին մէջ կը պահուըտիս: Իրականութիւնը ըսէ՛, այլապէս կը տեղեկացնեմ պահակին կամ «ՕՓԵՔ»1 կազմակերպութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ ընդհանուր ներածականին մէջ ընդհանուր ձեւով խօսած էր պսակի խորհուրդին մասին, սակայն իր 8-րդ գլուխով կու գայ աւելի մանրամասն խօսելու անոնց մասին. Հայրիկ այս գլուխը կը կոչէ «Հարսանիք եւ խորհուրդ պսակին». Հայրիկ Սուրբ Պսակն ու խորհուրդը կը բնորոշէ որպէս «Նոր կենաց մուտն» եւ այդ սրբազան արարողութիւնը կը համեմատէ Դրախտի մէջ կատարուած պսակադրութեան հետ։
Մարսէյլի արքեպիսկոպոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի դիմագրաւած անվտանգային մարտահրաւէրներուն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ եւ Լուսաւորիչ դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան անդամներն ու սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սահակ Սարգսեանը, որ շատ կարճ այցելութիւն մը տուաւ քաղաքս։
«Հայաստան պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, ինչ որ նախապայման է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի համար»:
Իլհամ Ալիեւ միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքի հարցը՝ մինչ հաւանական կը նկատէ մինչեւ նոյեմբեր Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ենթադրեալ փաստաթուղթին ստորագրումը: Ղազախիստան արտաքին գործոց նախարարները բանակցելու կը հրաւիրէ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան կը ձերբազատուի՝ սփիւռքին կողմէ իրեն պարտադրուած խաւարէն։
Դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութենէն վերադարձին, նախագահ Էրտողան օդանաւին մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը՝ շարունակելով շուրջ 10 տարիէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթացը։
Համայն հայութիւնը այսօր վերստին համախմբուած է 24 Ապրիլի առթիւ։ Աշխարհասփիւռ հայերը հերթական անգամ կ՚ոգեկոչեն իրենց սուրբ նահատակները։
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Փաքիստան։ Իսլամապատի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Փաքիստանի նախագահ Ասիֆ Ալի Զարտարի եւ վարչապետ Շահպազ Շերիֆի կողմէ։
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում՝ բաւական ծաւալուն օրակարգով:
Փութին Քրեմլինի մէջ Ալիեւը հիւրընկալեց՝ մինչ Մոսկուա խաղաղապահները դուր0ս կը բերէ Հարաւային Կովկասէն:
Քլաար Հայաստանի ղեկավարութեան հետ հերթական անգամ աչքէ անցուց տարածաշրջանի իրավիճակը:
ԵՄ-ի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին իրադարձութիւններուն:
Թուրքիա-Իրաք համագործակցութիւնը կ՚ընթանայ ՓՔՔ-ի գոյութեան վերջ տալու առաջնահերթութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի Պաղտատ այցելութիւնը կրնայ աստիճանաբար փոխել տարածաշրջանի ճակատագիրը:
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնին առթիւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ ոգեւորութիւն: Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը տիրէ մեծ ոգեւորութիւն։ 23 ապրիլի Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնը եկած է մեծ խանդավառութեամբ համակել երկիրը՝ մինչ կը նշուի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 104-րդ տարեդարձը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը մինչեւ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ, չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
Իրօք, սքանչելի եւ անճարելի է երկնաւոր Հօր սէրը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայրիկ կը խօսի առեւանգութեան երեւոյթին մասին, ինչ որ շատ կը տեսնուէր իր ժամանակաշրջանին եւ այդ երեւոյթը Հայրիկ կը կոչէ «զեղծմունք». առեւանգութեան հիմնական պատճառ որպէս Հայրիկ կը մատնանշէ «ծնողաց խստասիրտ յամառութիւնը եւ ընծայասիրութեան բաղձանքը». այն ժամանակ հայոց մէջ եւս տարածուած էր փեսացուէն գումար պահանջել՝ աղջիկը կնութեան տալու համար. աղջիկ զաւակը կնութեան տալու համար գումար պահանջելը Հայրիկ կը կոչէ «վատ սակարկութիւն», մանաւանդ երբ երկու երիտասարդները սրտով կապուած են իրարու: