Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիոյ տարածքին կան բազմաթիւ դպրոցներ եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններ. ըլլան անոնք մանկապարտէզներ, նախակրթարաններ, երկրորդականներ, ուսումնարաններ, դասընթացքային կեդրոններ եւ այլն, որոնք հիմնադրուած են սուրիահայերուն կողմէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ եթէ յանցանք մը ծածկէ կամ այդ յանցանքը յայտնէ, ի՞նչ կը պատահի:
Պատասխան. Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամներ կը զատէ» (Առ 17.9):
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առկայ տագնապին լուծումը հաստատ ՄԱԿ-ի ձեռքին չի գտնուիր՝ հակառակ Հայաստանի կառավարութեան դիմումով գումարուած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին:
Աւելի ծանր լուրեր կրնան հասնիլ:
Արցախի վզին շուրջ օղակը ժամ առ ժամ կը սեղմուի եւ ան կը քալէ թէ՛ իր եւ թէ ուրիշներու սխալներու խաչը շալկած: Երեւան կ՚անդրադառնայ, թէ Մոսկուայի վերմակով ծածկուիլ՝ պիտի նշանակէ մսիլ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէր է իր անձին։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Աւանդական դառնալու վրայ է այս ծրագիրը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու հետ էին նաեւ այլ հոգեւոր հայրեր։
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ լուսահոգի ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։
Այսօր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն է։ Ան կը դառնայ 72 տարեկան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի, որ հայոց եկեղեցին եւ պետութիւնը մեր պետութեան համար կարեւորագոյն հարցերու մէջ դարձած են անջատ գործող կառոյցներ եւ չեն գործակցիր իրարու հետ: Մանաւանդ այսօր, երբ Հայաստանը կեցած է նորագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ եւ վճռական օրեր կ՚ապրի, շատ կը կարեւորուի հայոց եկեղեցւոյ եւ պետութեան միասնականութիւնը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արդեօք արուեստական որեւէ գործի ստեղծագործման ընթացքը մեզ աւելի՞ երջանիկ կը դարձնէ: Իրականութեան մէջ գեղարուեստական ստեղծագործութեան եւ երջանկութեան յարաբերութիւնները շատ սայթաքուն հիմք ունին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զաւէն Պարտաքճեան. «Աշխարհ առանց պատերազմի շրջան չունի եւ մենք ալ ապրեցանք այդ դժուար օրերը»:
«Կարեւոր է, որ դիմացիդ քարերը հաւաքես, որպէսզի հնարաւորինս ճանապարհ բանաս քեզմէ վերջ գալիքներուն համար»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Սահակը (Տ. Ս. Սահակ Ա. Պարթեւ. 387-439) Հայոց Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերու շարքին ամենափառաւոր տեղերէն մէկը կը գրաւէ։ Ան կարգած է կանոններ, գրած է կանոնական նամակներ (թուղթեր), մեծ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ (361/362-440) բարեկարգած է ժամերգութիւնը եւ եռանդով գործած, Հայոց Եկեղեցին «հայացուցած» է ամբողջ կազմութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայկական հին գաւառներու մէջ կրթական վիճակն ու թրքախօսութեան աստիճանը գիտնալու համար անպայմանօրէն պէտք է կարդալ ուսուցչուհի եւ հրապարակագիր Արշակուհի Թէոդիկի (որ կինն էր հայ բանասէր Թէոդիկի) «Ամիս մը ի Կիլիկիա» աշխատութիւնը, որ շրջելով բազմաթիւ հայկական գաւառներ գրի առած է իր տպաւորութիւնները:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն դարձեալ դպրոցական վերամուտ է: Առաջին զանգ: Ուսումնական նոր տարեշրջան:
Քանի մը ամիսներու վրայ համրուած արձակուրդէն ետք, հայ թէ օտար բոլոր վարժարանները կրկին անգամ կը բանան իրենց դռները:
Համահայկական 8-րդ խաղերը շաբաթավերջին եզրափակուեցան՝ Գառնիի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Պատմական մեհեանին շուրջ համախմբուեցան հազարաւորներ, որոնք վառ տպաւորութիւններ ունեցան խաղերէն եւ յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ տուին իրարու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անգիտութիւնը՝ չգիտնալ ձեւացնելու գործողութիւնն է։ Անգիտութիւնը անտարբերութեան արտայայտութիւն մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեք պէտք չէ զարմանալ, որ այսօր մանաւանդ սփիւռքի մէջ ապրող մեր մանուկները, պատանիներն ու երիտասարդները հայերէն չեն գիտեր, որովհետեւ այդ մէկը մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ. Պոլսոյ, Թիֆլիզի, ինչպէս նաեւ հայկական այլ գաւառներու մէջ հայերէն չգիտցող մանուկներուն թիւը շատ շատ էր. այնքան շատ, որ Նիկողայոս Տէր-Ղեւոնդեան 1910 թուականին կը հրատարակէր «Արփիկ» խորագրով աշխատութիւն մը, որուն բացատրութեան մէջ կը գրէ. «Այբբենարան հայախօս եւ օտարախօս հայ մանուկների համար»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Գիտնականներ ընդհանրապէս այն կարծիքին են, որ ժամանակակից արհեստագիտութիւնը, գործիքները, բջիջայինները շատ օգտագործելով՝ մարդիկ յիշողութեան լուրջ դժուարութիւններ սկսած են ունենալ: Այս մասին Ռեպեքա Սիլի յօդուածը հրապարակուած է «Կարտիըն»ի կայքին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան մեր սիւնակով սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոսի մէկ քարոզը, խօսուած Ս. Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռազմիկ Փանոսեան. «Արեւմուտքը այնքան փոխուած է, որ նախկին ձեւերով այլեւս կարելի չէ մօտենալ երեխաներուն, որոնց պէտք է տրամադրել միջոցներ»:
«Արեւմտահայերէնը սփիւռքի հարցն է։ Չեմ ըսեր, որ Հայաստանը դեր չունի, սակայն սփիւռքի հարցերը պէտք է լուծուին սփիւռքին կողմէ։ Սփիւռքը նախ եւ առաջ պէտք է պահպանէ իր կառոյցները»: