Արխիւ
Ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Հայկական համագումարի (ԱՀՀ) Երեւանի տարածաշրջանային տնօրէնուհի Արփի Վարդանեան, որ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան լուրջ ներդրում ապահոված գործիչ մըն էր։
Անգլիական հեղիկանաւոր «The Economist»ը 2024 թուականի վերաբերեալ կանխատեսումներու շրջանակին մէջ մասնաւոր տեղ յատկացուց Հարաւային Կովկասին։ Այսպէս, Ուքրայնայի հակամարտութիւնը չէ դադրած եւ այս համայնապատկերին վրայ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերջին օրերուն կատարուած յայտարարութիւնները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ որակուեցան լրջագոյն հարուած խաղաղութեան գործընթացին։
Մեծ կղզիի յունաց երբեմնի որբանոցի պատմական հսկայ շէնքի վերանորոգման նախաձեռնութիւնը:
Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը ելոյթ մը ունեցաւ շաբաթավերջին կազմակերպուած արժեւորման հաւաքոյթի ընթացքին:
Թուրքիա ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ՝ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նահատակուած զինուորներուն:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը վճռակամութեամբ յառաջ պիտի տարուի՝ ամբողջական ռազմավարութեան մը ձեւով:
Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի ութօրէքին՝ Տէր Յիսուսի Անուանակոչութեան տօնին առթիւ շաբաթավերջին Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայիս ձեռնարկած է ուղեւորութեան մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը մեկնած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ՝ Ամանորի առթիւ վիճակահանութիւն մը, որու հասոյթը այս տարի կը յատկացուի նուիրական նպատակի մը։
Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց Էսաեան վարժարանի երախտաշատ հիմնադիրները՝ հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեանցիներուն համար երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած աւանդութիւն է՝ վարժարանի հիմնադիր բարեյիշատակ եղբայրներու վերյիշումը։
Շիշլի մարզակումբը հետեւողական քայլեր կ՚առնէ նոր սերունդէ մարզիկներ հասցնելու նպատակով։ Ֆութսալի մարզաձեւին մէջ ալ շիշլիցիները ներկայիս նոր ոստում մը կ՚ընեն՝ երիտասարդ մարզիկներու պատրաստութեան ճանապարհին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եմէնի դէմ գրոհները սպասելի էին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Անգլիան մասնաւորապէս թիրախաւորեցին մայրաքաղաք Սանհան, նաեւ Հուտայտա եւ Սահտա քաղաքները։ Նախագահ Ճօ Պայտըն կարճ յայտարարութիւնով մը կարեւորեց գրոհները, որոնք համարեց հուսի (հութի) ցեղախումբը զսպելու փորձ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անհետացած հայաքաղաքներէն մէկուն՝ Ատափազարի մասին այսօր կը պատմեն միայն գիրքերն ու թերթերը: Ներկայիս Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմուտքը եղած այդ բնակավայրը, ըստ պատմական աղբիւրներու, հիմնած են 14-րդ դարու վերջին Սեբաստիայէն գաղթած հայեր եւ իրենց առաջնորդի անունով զայն կոչած՝ Տօնիկաշէն։ Յետագային բնակչութիւնը շատցած է զանազան վայրերէ հոն գացած հայերու հաշւոյն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերային ցանցերը դարձած են գրեթէ բոլորի կախուածութիւնը։ Ընկերային ցանցերը, որոնց գործածութիւնը դեռ քանի մը տարի առաջ տարածում գտաւ, դարձան մեր կեանքի անբաժանելի մասը եւ ներկայիս անոնցմէ հրաժարիլ կամ հեռու մնալ անկարելի կը թուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Միայն դուք ձեզ մի՛ մտածէք, այլ նաեւ՝ ձեր ընկերոջ մասին». (ՓԻԼԻՊ. Բ 4)։ Ուրիշին ցաւը իր ցաւին պէս զգալ՝ առաքինութի՛ւն է, եւ մարդկային բարձր վիճակ մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք համացանցի եւ արդի արհեստագիտութեան վնասներուն մասին, սակայն անցեալը ուսումնասիրելով մարդ մասամբ կրնայ համոզուիլ, որ իր ժխտական երեւոյթներուն կողքին, ունի նաեւ իր դրական կողմերը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ քաղաքական հռետորաբանութեան հնարքները մէկ կողմ թողենք եւ անդրադառնանք Իլհամ Ալիեւի ելոյթի վերջին իմաստին, ապա այդ մէկը կարելի է ձեւակերպել երեք կերպով.
1- Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ բաց սահման ունենալու ցանկութիւն չունին, իսկ «Զանգեզուրի միջանցքը» պէտք է ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութենէն դուրս։
Արմէն Գրիգորեան Արեւմուտքի հիմնական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկումներ ծաւալեց:
ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան պատասխանատուներուն հետ Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացներու արժեւորում:
Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բոլոր տեղահանեալներուն պէտք է տրուի արժանապատիւ ու ապահով վերադարձի հնարաւորութիւն։
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար երկուշաբթի պիտի այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ, նաեւ պիտի հիւրընկալուի երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ։
Հիւսիսային Իրաքէն հասած լուրերը երէկ խոր ցաւ ու մեծ ցասում յառաջացուցին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք զինեալ ուժերուն եւ անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան՝ ՓՔՔ-ի միջեւ ծագած բախումներուն հետեւանքով 9 զինուոր նահատակուեցաւ։