Արխիւ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագրի ընդունման 75-ամեակին ձօնուած բարձրաստիճան յոբելենական ձեռնարկներուն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, Պրիւքսէլի մէջ ունեցաւ նաեւ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի եւ տարածաշրջանային բնոյթով շարք մը հարցեր։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Մինասի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, որ այս օրերուն իր ընտանիքին հետ կը գտնուի քաղաքիս մէջ։
Երէկ, Ս. Մինասի տօնին առթիւ, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց մասնակցեցան քաղաքիս զանազան թաղերէն հաւատացեալներ։ Տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրբգրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան տոքթոր, գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեան վերջերս Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ գիտաժողովի մը, որ խորագրուած էր «Մերձաւոր Արեւելքի Արաբական երկիրներու հայ համայնքները. արդի միտումներ եւ փոխակերպումներ»:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ բաց եւ համընդգրկուն աշխարհին մէջ որեւէ երկիր կրնայ համարուիլ աշխարհի կեդրոն: Եւ տուեալ երկրի կեդրոն ըլլալու խնդիրը ո՛չ թէ ածանցուած է զարգացուածութեան, հարստութեան, արտադրողականութեան եւ աւելի յառաջադէմ հասկացողութիւններու հետ, այլ այդ երկրին տրուած կամ տրուելիք կարեւորութենէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը թէեւ Կազզէի վրայ կեդրոնացած է, սակայն, Սուրիոյ մարտահրաւէրներն ալ յաղթահարուած չեն՝ որքան որ ալ ամէն օր սրտաճմլիկ դրուագներ չթողարկուին լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Սուրիոյ առկայ իրավիճակը կ՚ուղղորդուի երկրի հայ համայնքի ծանր կացութիւնով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Խելք վաստակիլն ու իմաստութիւն պահելը օգուտ կու տա՞ն մարդուն:
Պատասխան. Անշուշտ կու տան: Առակագիրը կը գրէ. «Խելք վաստակողը իր հոգին կը սիրէ, իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ» (Առ 19.8):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արժանիք» եզրը կը նշանակէ ընդհանրապէս այն հատուցումը, զոր հասարակութիւն մըն է խնդրոյ առարկան՝ որ պարտի կատարել իր անդամներէն մէկուն գործին փոխարէն՝ նկատուած իբր բարիք կամ չարիք, արժանի վարձատրութեան կամ պատիժի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Զոյգերու դաւաճանութիւնը շատ աւելի տարբեր երեւոյթ մը կը ստանայ, երբ կողմերը ունին զաւակներ. այդ դաւաճանութիւնը նման պարագայի զոյգերու մէջ տրուած խոստումի մը խզումէն դուրս գալով շատ աւելի լուրջ խնդիրներ կը ներառէ:
Ժոզէֆ Պորէլ. «Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ Եւրոմիութեան ուժեղ աջակցութիւնը»:
Արարատ Միրզոյեան Արեւելեան գործընկերութեան ժողովին ժամանակ ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:
Կեանքի փիլիսոփայութիւն ըսուածը յաճախ կը վերագրուի անհատներու։ Սա, ընդհանուր ընկալմամբ, տուեալ անձի դիրքաւորումը կը պայմանաւորէ՝ ուրիշներու եւ աշխարհի երեւոյթներուն նկատմամբ։ Բազմութեան մէջ այդ մէկը ձեւով մը ռազմավարութեան կը վերածուի՝ քանի այդ զանազանութեան մէջ կրնան բաղխիլ կեանքի փիլիսոփայութիւնները։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան 2023 թուականի վերջին ժողովը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Տարեվերջի այս ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ համակուած էր աւանդական բաժակի օրուան առթիւ։ Շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը տեղի ունեցաւ դպրոցին մէջ։
Եւրոպայի նորաստեղծ հայկական հաւաքականութիւնները համախմբելու եւ եկեղեցական կառոյցներու ձեւաչափերը այդ իրականութեան համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Պելժիոյ մէջ վերջին տարիներուն Կերարտսպերկեն քաղաքէն ներս արդէն հետզհետէ կ՚աշխուժանայ հայկական ծուխը։
Երէկ, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիսապետեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 157-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ մեր համայնքէն ներս։ Տարեդարձին զուգահեռ՝ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ հաստատութեան ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր կը գումարէ ներկայ տարուան վերջին ժողովը։ Նիստին կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Էյուպի վերանորոգեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ, որ համախմբեց քաղաքիս զանազան շրջաններէն հաւատացեալներ։ Բարեկարգեալ եկեղեցւոյ մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մատոյց անդրանիկ հանդիսաւոր Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեանի։