Արխիւ
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ Պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար զօրավար Էտուարտ Ասըրեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, ուր մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային զօրախումբի նահանգային համագործակցութեան ծրագրի երեսնամեակի յոբելենական համաժողովին։
Հանրապետութեան նախագահը Ռիյատէն անցաւ Տոհա, ուր եւս հիւրընկալուեցաւ բարձր արարողակարգով:
Թուրքիա-Քաթար համագործակցութիւնը կը խորանայ՝ տարածաշրջանի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ:
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կան քանի մը նախագծեր, որոնք եւս քննարկման առարկայ են:
Արարատ Միրզոյեան խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մասին:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ յատկանշական իրադարձութիւն:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց քաղդէացի կաթոլիկ եկեղեցիէն իր հոգեւոր եղբայրը:
Համահայկական 8-րդ խաղերը պիտի սկսին օգոստոսի 5-ին։ Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիւմրիի մէջ։ Մինչ այդ, Համահայկական խաղերուն մասնակցելիք թրքահայ բազմանդամ խումբի ուղեւորութեան ընդառաջ կազմակերպչական վերջին աշխատանքներն ալ ընթացքի մէջ են։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ համայնքային վարիչները հերթական անգամ անդրադարձան պոլսահայ կրթական համակարգի հրատապ հարցերուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ կամ Քառասնորդական պահքի միւս անունը յաճախ զբաղեցուցած է միտքեր։ Պատմութեան մէջ կը գտնենք լուծումը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ռուս մեծանուն գրող՝ Թոլոսթոյ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կեանքի մասին հետեւեալ կարծիքը կը յայտնէ. «Ան՝ որ իր երջանկութենէն զատ ուրիշ նպատակ չունի՝ գէշ մարդ է, ան՝ որուն նպատակը ուրիշներուն բարի կարծիքն է՝ տկար մարդ է: Ան՝ որ որ ուրիշներուն երջանկութիւնը իրեն նպատակ ունի՝ առաքինի մարդ է, ան՝ որուն կեանքին առանցքը Աստուած է՝ մարդ է»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հաֆիք գաւառակը կը գտնուէր Սեբաստիոյ հարաւ-արեւելեան կողմը: Կեդրոնն էր Գոչասար կամ Պետրոսի աւանը, Ալիսի աջ ափին վրայ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիահայութեան մէջ պատկառելի թիւ կը կազմեն բարեգործական կառոյցները, որոնք աղքատախնամութեամբ, կրթական կարիքներու հոգացման, զանազան տեսակի օգնութեան ու աջակցութեան նման գործերով կը զբաղին։ Անոնք ուղղուած են թէ՛ անհատներուն, թէ՛ միութիւններուն եւ թէ ժողովրդային զանազան խաւերուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք իրենց առօրեայ կեանքի ընթացքին վիճակ կը ձգեն: Գործք Առաքելոցին մէջ ալ կը կարդանք, թէ Տէր Յիսուսի աշակերտները մատնիչ Յուդայի փոխարէն ուզեցին նոր աշակերտ մը ընտրել՝ ամբողջացնելու համար իրենց շարքերը, եւ այդ ընտրութիւնը կատարեցին վիճակ ձգելով: Վիճակ ձգելը մեղք չէ՞:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ, երէկ, Գնալը կղզիի մէջ սկսաւ «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» մարմնամարզական փառատօնը, որ կը գլխաւորէր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Ռաֆֆի Քայքը։ Փառատօնը կազմակերպուեցաւ Ներսէսեան դպրաց դասու, Կազդուրման կայանի եւ Շիշլի մարզակումբի համագործակցութեամբ։
Երեւանի Նկարիչներու տան երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ Սերկէյ Փարաճանովի գործերով ցուցահանդէս մը։ Անմոռանալի վարպետի ծննդեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին կը զուգադիպի այս նախաձեռնութիւնը։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան փոքր դահլիճի երդիքին տակ բացուած ցուցահանդէսը անուանուած է՝ «Փարաճանով-100. քոլաժ/պաստառ»։
Մինչ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը առաջնահերթօրէն կը շարունակէ օրակարգը զբաղեցնել, Իրան մտադիր է Հայաստանի տարածքով միանալ Ռուսաստանի ելեկտրացանցին։ Այսպէս, Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապիան յայտնեց, որ իր երկիրն ու Ռուսաստանը ելեկտրական ուժանիւթ պիտի փոխանակեն Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքներով։
Երեւանի Մատենադարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նոր տնօրէնի ընտրութիւն։ Այսպէս, «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու թանգարան-կաճառի ղեկը վստահուեցաւ Արա Խզմալեանին, որ ներկայիս կը վարէ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարարի պաշտօնը։
Ամբողջութեամբ պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը կը խորանայ վտանգաւոր թափով։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ երէկ հանդէս եկաւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Վիեննայի մէջ։ Այսպէս, ան կ՚ընդունուի Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահը ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրները:
Էրտողան իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենայ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնի գործերու խորհրդականը երէկ այցելեց Գումգաբու:
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը դեսպան Ժան-Քրիստոֆ Փոսելին տեղեկութիւններ տուաւ թրքահայ կեանքին շուրջ:
«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հերթական հետաքրքրական գործը։ Նոր գիրքը կը կոչուի «Patrik Avedik'in Gizemli Yaşamı, İstanbul Patrikliğinden Bastille Zindanlarına»։ Հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։ Պատրիարքական Աթոռի եւդոկիացի գահակալի կեանքի ոդիսականը խոշորացոյցի տակ առնուած է այս գիրքին մէջ։