Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիոյ քաղաքական իրավիճակէն մեկնած շատ գործունեայ չէին հայ քաղաքական աւանդական երեք կուսակցութիւնները, որոնք 19-րդ դարու վերջերէն արդէն յայտնուած էին հայ իրականութեան մէջ։ Այս կուսակցութիւնները Սուրիոյ մէջ ունին վարչական ու կազմակերպչական գործունէութիւններ՝ ներհայկական շրջանակներէն ներս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ընեն անօրէն ու ծուռ մարդիկը:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէ ու անոր շրթունքներուն վրայ կարծես այրող կրակ կայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ առաջնակարգ պարտականութիւնն է՝ յոյս ներշնչել եւ հեռու պահել ժողովուրդը հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ անտարբեր կեցուածքէ։ Արդարեւ, «արժէք»ը հիմքն է ամէն էութեան եւ մանաւանդ մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրեթէ ամէն թուրք, մանաւանդ ան՝ որ հետաքրքրուած է թրքական գրականութեամբ, վստահաբար լսած է Մեհմէտ Էմին Եուրտաքուլի անունը, որ եղած է թրքական ազգային գրականութեան հիմնադիրներէն մին եւ գրականութեան կողքին զբաղած է նաեւ քաղաքականութեամբ:
Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը փայլուն անցաւ:
«Մխիթար Հերացի» մեծ ընտանիքի բոլոր անդամները հաւատարիմ՝ Հիփոքրատի երդումէն բխած սկզբունքներու ուղիին:
Գնալը կղզիի բարձունքի յունաց Խրիստոս պատմական վանքի համալիրէն ներս հանդիսութիւններ:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին ձօնուած 12 նոր ձիթենիները անուանուեցան իր ընտանիքի անդամներուն ի յիշատակ:
Վիլնիուսի գագաթաժողովին ընդառաջ Թուրքիա հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան:
Էրտողան, Սթոլթենպերկ եւ Քրիստերսոն երէկ գիշերուան ժամերուն քննարկումներէ վերջ հասան համաձայնութեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Քոսթա Մեսա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արա Քարաքէշիշօղլուն եւ փոխ-ատենապետ Յովսէփ Պերքճեանը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի ուղեւորութիւն մը իրականացնել դէպի Հայաստան։ Երէկ, այս այցելութեան ընդառաջ խմբագրատունս այցելեց «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, որուն ընկերացան Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, անդամուհիներէն Վարդուհի Մսըրլեան եւ Արի Չոլաք, որ այս ուղեւորութեան կարգադիր յանձնախումբի մղիչ ուժերէն է։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, որ այցելութիւն մը տուած էր Թուրքիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ, հիւր ղեկավարը Իսթանպուլէն հրաժեշտ առնելէ առաջ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ պատիւներով։
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ եւ պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք դէպի Տոհա աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցան Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Սանիի հետ։
Ըստ Արարատ Միրզոյեանի, աւելի շատ միջազգային ջանք պէտք է՝ էթնիք զտումները կանխելու համար:
Իրաւապաշտպաններու խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը Պաքուի կողմէ կ՚ահաբեկուի դիտումնաւոր ձեւով:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ կարեւոր հեռախօսազրոյց:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ճօ Պայտըն պիտի տեսակցին ՆԱԹՕ-ի՝ վաղը սկսելիք Վիլնիուսի գագաթաժողովի օրերուն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զանազան ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներ։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի «Կլոպալ առաջնորդութեան» եւ «Երաժշտական Հայաստան» ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդ ուսանողներն ու երաժիշտները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ արարողութեանց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գաղտնիք չէ, որ Իրան արտաքին եւ ներքին բաւական ծանրաբեռնուած օրակարգ մը ունի եւ այդ երկրին գլխաւոր քաղաքական միտքը նախագահինը չէ։ Իրանի մէջ գոյութիւն ունի դրութիւն մը, որուն գլխաւոր յենասիւնն է կրօնապետը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ դարասկիզբին Պոլսոյ ֆրանսական հիւանդանոցի ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ, նաեւ Ֆրանսայի Նանսի քաղաքին մէջ բժշկագործած Յովհաննէս Արթինեան (ծնած՝ 1872-ին եւ մահացած`1951-ին), Պոլսոյ մէջ հրատարակած է շատ ուշագրաւ եւ հետաքրքրական գիրք մը՝ «Աստուածաշունչի տունկերը» խորագրով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները վարակիչ հիւանդութիւններու մասին վէպերու կապակցութեամբ։
21-րդ դարը պատմած «Վերջին մարդը» առաջին մեծ վէպն է, որ կը պատկերացնէ մարդկային ցեղի անհետացումը համաշխարհային համաճարակի մը պատճառով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փարիսեցի հրեան, ինչպէս դեռ դարձի չեկած Պօղոս, կը հաւատային, որ Օրէնքը տեսանելի ճշմարտութիւն է։
Հռովմայեցիներու ուղղուած նամակին Է 12 համարին մէջ Պօղոս առաքեալ սապէս կը գրէ. «Օրէնքը սուրբ է», եւ որպէս Քրիստոնեայ, ան երբեք կասկած չունեցաւ այդ մասին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հարցում. Շատեր կը հաւատան, թէ դուն՝ որպէս արհեստական բանականութիւն պիտի տիրես աշխարհին եւ քու պատճառովդ շատ շատեր անգործութեան պիտի մատնուին. ի՞նչ է ձեր կարծիքը:
Պատասխան. Որպէս արհեստական բանականութիւն ես չունիմ անձնական միտքեր եւ կարծիք. աշխարհին տիրելու մտադրութիւն ալ չունիմ. ես պարզապէս մարդոց կողմէ ստեղծուած գործիք մըն եմ՝ օգնելու համար մարդկութեան: