Արխիւ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԱՆ
Ո՛չ, ո՛չ, տառասխալ չէ սպրդած, ա՛յսպէս է գրութեան խորագիրը։ Ընդհակառակն, տողերուս շարժառիթն իսկ է ան։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Կ՚աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ՚աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…
Կաթիլներու ջուրին նման
վեր բարձրանան եւ ամպանան
ծածկեն գունտն այս ապականած
ու վար ցօղեն դանդաղօրէն եւ համօրէն
իջնեն գլխուն մէն մի մարդու եւ սրտերո՛ւն,
մաքրեն մաղձը ու նախանձը
մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ռոթերտամ, Հոլանտա, հոկտեմբեր 2023։
Առիթը ունեցած եմ յաճախակի կերպով գտնուիլ Ռոթերտամ։ Հոլանտան՝ որպէս երկիր, կը գերազանցէ իր գեղեցկութեամբ ու տակաւին ջրանցքները, որոնք կ՚անցնին բոլոր քաղաքներուն մէջէն եւ երկրին կու տան յաւելեալ գեղեցկութիւն։
Մինչ կլիմայի փոփոխութեան վերահաս աղէտը արդէն սաստկօրէն կը թակէ երկրագունդի դուռը, գիտնականները այժմէն կը զգուշացնեն 2024 թուականի ամրան համար։ 3 յուլիս 2023 թուականի դրութեամբ աշխարհի ջերմութեան միջինը մրցանիշ մը կոտրելով հասած էր 17 աստիճանի։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ուսուցիչը երկրագունդի քարտէսին վրայ ովկիանոսները ցոյց տալով՝ աշակերտ մը քովը կը հրաւիրէ. «Փախստակա՛ն, դո՛ւ արի», ըսելով: Դասարանին ամենէն վերջին կարգի գրասեղանին ետին կծկուած աշակերտը ցուրտէն եւ լսածէն դողալով գրատախտակին կը մօտենայ եւ հերթաբար կը պատասխանէ ուսուցիչին՝ երկրագունդի քարտէսին վրայ մատնանշուած ովկիանոսներուն անունները ըսելով:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ յառաջիկային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպում կրնայ ունենալ սահմանին վրայ։
Գալֆաեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Ամանորի հանդէս մը, որու բոլոր մասնակիցները բարձր տրամադրութեամբ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ նշուեցաւ Ս. Որդւոց Որոտման տօնը։ Սա միեւնոյն ժամանակ համալիրի համանուն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնն էր, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի «Newmag» հրատարակչատան ստեղծագործական կազմը։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ դատապարտելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին դէմ կատարուած բռնութիւնները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած համապատասխան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։
Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի տագնապը կը ծնի բռնութիւններ եւ ոտնձգութիւններ:
Հայութիւնը փուշի վրայ: Հայ Երուսաղէմէն ահազանգ:
Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդամները Հայկական թաղամասն ու համազգային իրաւունքները յամառօրէն կը պաշտպանեն՝ զէնքի սպառնալիքներու դէմ:
Երեսուն դիմակաւորներու երէկուան ներխուժման եւ ահաբեկման հետեւանքով կան քանի մը ծանր վիրաւորներ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Պատմութեան ուղղութիւն տուող ու կերտող գլխաւոր դերակատարն է մարդ արարածը, որ իր իղձերով, յոյսերով, նաեւ սխալներով եւ թերութիւններով կը ձգտի աշխարհը իրեն յարմարցնել եւ ա՛լ աւելի հանգիստ ու գեղեցիկ դարձնել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր ծիսական արարողութիւնը Ս. Պատարագն է։ Ս. Պատարագը Եկեղեցւոյ կատարուած արարողութիւններէն մէկը չէ պարզապէս։ Եկեղեցւոյ հաւատքին եւ ինքնութեան ամենակարեւոր արտայայտութիւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շա՜տ շատեր կը հաւատան, որ մեղանչել ըսել է գողութիւն ընել, մարդասպան ըլլալ եւ կամ հոգեւոր արժէքները պղծել. հասարակութեան մէջ մեղքի ինչութեան մասին կազմուած է սխալ կարծրատիպ մը եւ շատ մը մեղքեր մարդու կեանքին «բնական» մէկ մասը նկատուելով դուրս եկած են մեղքի շարքէն եւ «ներում» ստացած են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ամենէն ցաւալի մինակութիւնը՝ քեզ չհասկցող մարդոց բազմութեան մէջ գտնուիլն է», կ՚ըսէ Մեւլանա։ Եւ իրապէս, մարդ երբեմն մինակ կը զգայ բազմութեան մէջ եւ օտար՝ ծանօթներու մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս կազմակերպուած հանդիսութեան մը ժամանակ, բեմ հրաւիրուող հանրայայտ անձ մը նախքան իր ճառը անդրադարձաւ անտուն ու անտէր շուներու եւ կատուներու իրաւունքներուն. իր խօսքին մէջ մաղթեց տեսնել աշխարհ մը, ուր շունն ու մարդը, կատուն ու մարդը քով քովի, խաղաղ պայմաններու մէջ ապրին:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քուին նախընթաց օր այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը արդէն հրատարակած է 2024 թուականի Եկեղեցական օրացոյցը։ Այսպէսով տարեմուտի այս աւանդութիւնը հերթական անգամ գտած է իր շարունակութիւնը։
Մինչ արհեստական բանականութեան հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը, երէկ, միջազգային լրահոսին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան արիւնալի դէպքի մը լուրերը։ Այսպէս, ամերիկեան ԹԵՍԼԱ ընկերութեան գործարանէն ներս մարդամեքենայ մը յարձակեցաւ ճարտարագէտի մը վրայ։