Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ճշմարիտ ուղին բռնած եմ ինքնուրոյն: Ոչ մէկը իմ ձեռքէն բռնած եւ զիս եկեղեցի տարած է, կա՛մ գիշերները ինծի համար Աստուածաշունչ ընթերցած, ինծի Բարձրեալի, Քրիստոսի մասին պատմած է:
ԵՐԱՄ
Այդ պահերուն, որոնք յաւիտենական կը թուէին ըլլալ, դուրս կու գար ինքնիրմէ։
Դուրս կու գար եւ արտաքուստ կը տեսնէր ինքզինք, կը նայէր ինքն իր վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սէրը բոլոր առաքինութիւններու, բոլոր մեծագործութիւններու, բոլոր օրէնքներու հիմը եւ խարիսխն է. ան անուշ ներդաշնակութիւնն է մարդկային կամքին, երկնային մեղեդին մարդուս խորհուրդներուն, զօրեղ զսպանակը անոնց յոյզերուն եւ զգացումներուն։ Արդարեւ, սէրը հիմն է եւ պատճառը կեանքին, քանի որ կեանքը սիրով կը սկսի եւ սիրով կը շարունակէ իր ընթացքը։
Կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ ահազանգներու եւ քորոնաժահրի համաճարակի մտահոգութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ կ՚անցնի 2021-ի ձմեռը։ Մարդկութիւնը մտատանջութիւններ ունի ապագայի մասին անորոշութիւններու բերումով։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հարաւային Կովկասի պարագային նոր հաւասարակշռութիւններ կը ձեւաւորուին։ Այս պայմաններուն ներքեւ դիւանագիտական բանուկ երթեւեկ մը ստեղծուած է տարածքաշրջանի երկիրներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն միջեւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա յառաջիկային ռազմական գործողութիւնները պիտի ընդլայնէ դէպի այն շրջանները, ուրկէ ահաբեկչական սպառնալիքներ կ՚ուղղուին Թուրքիոյ դէմ։
Այս շաբաթավերջին Երեւանի մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս մը, որու ընթացքին պիտի ներկայացուին Շուշի գորգերու թանգարանի հետաքրքրական նմոյշները։ «Ալեքսանտր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառէն ներս, փետրուարի 20-ին պիտի բացուի այս ցուցահանդէսը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վաղը հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ 11 յունուար 2021 թուականին, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ կատարուած համատեղ յայտարարութեան գործադրութեան մանրամասնութիւնները։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն վերադարձած է Երեւան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին վերադարձած է Հայաստան։
Չավուշօղլու-Պլինքըն առաջին հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ՝ Կարայի արիւնալի դէպքերով պայմանաւորուած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն կը նախատեսեն փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ զարգացնել բաց ու անկեղծ երկխօսութիւն մը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջնահերթութեամբ:
Սերժ Սարգսեանի կողմէ «Արմնիւզ» հեռուստակայանին տրուած հարցազրոյցը առանձնացաւ իր մեծ արժէքով՝ առկայ թէժ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Հայաստանին պատուհասած աղէտը պատմութեան մէջ դիրքաւորելու առումով, երբ երկիրը նոր ապագայ մը կ՚որոնէ բազում մարտահրաւէրներու ընդմէջէն:
«Համաձայն չեմ, թէ Քազանեան փաստաթուղթը կ՚ենթադրէր տարածքային զիջումներ։ Ձեր գլուխէն նետեցէք, թէ մենք ի՛նչ պիտի տայինք։ Մտածեցէք, թէ մենք ի՛նչ պիտի ունենայինք։ Քազանեան փաստաթուղթը կը նախատեսէր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակ՝ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս։ Պիտի ստանայինք միջազգայնօրէն երաշխաւորուած խոստում, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տար շատ հանգիստ երթալ հիմնախնդրի լուծման, այո, փոխզիջումներու միջոցով։ Միջանկեալ կարգավիճակով Արցախ կ՚ունենար անվտանգութեան երաշխիք»:
Մեծ պահոց շրջանի սկսելուն առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրապարակեց պատգամ մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի յորդորները՝ արեւմտահայերէնի վերածելով։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող այս շաբաթները մտորելու, քրիստոնէական արժէքներուն անգամ մը եւս կառչելու առիթ է: Դժուար եւ խրթին այս ժամանակներուն երբեմն կը տկարանայ մարդը, կը կծկուի անոր սիրտը, կը մթագնէ հոգին եւ բազմիցս դէմ յանդիման կը մնայ կեանքին յարուցած դժուարութիւններուն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աշնանացած առաւօտ մըն էր ու չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ես ու ազգակիցս, երկուքով, սենեակէս ներս, կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք:
Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ խորհրդակիցս:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իսկ հիմա, ինչպէ՞ս հարցուցին անոր ծնողներուն.
Խօսք. «Ասիկա՞ է ձեր զաւակը. կ՚ըսէիք թէ կոյր ծնած է. աղէկ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ հիմա կը տեսնէ» (Յհ 9.19):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ տենչը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ, որովհետեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար։ Աստուած չի դադրիր երբեք մարդը իրեն քաշելէ եւ մարդը միայն Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէ իր անդադար փնտռած ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Մենք դիւանագիտական տեսանկիւնէ ուժեղ էինք, երբ խնդիրը կը գնահատուէր Արցախի հայ մեծամասնութեան մարդկային իրաւունքներու առումով եւ տկարացանք, երբ այդ իրաւունքներու համար ջանքերը փոխակերպուեցան մեծ կամ միացեալ Հայաստանի տեսլականի ջատագովութեան»:
Աթանէսեան. «Առաջին հերթին մեծ ընելիքներ ունի հայկական դիւանագիտութիւնը՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ուղղութեամբ։ Նախապաշարումներէն պիտի կարողանայ վեր կանգնիլ։ Դիւանագիտութիւնը պէտք չէ կաշկանդուած ըլլայ «պատմական թշնամի» կամ «դարաւոր բարեկամ» բարդոյթներով՝ մանաւանդ, որ «թշնամին» եւ «բարեկամ»ը շատ հարցերու մէջ գործընկերներ են»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքի երդիքին տակ։ Տեառնընդառաջին զուգադիպած Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Նորապսակներու օրհնութեան կարգ։
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնէ մեկնելու համար Հայաստան։ Նորին սրբազնութիւնը Քիեւի վրայով կ՚ուղեւորուի Երեւան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«-Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբէութիւնը խորհելու. ո՛չ թէ մարդիկը, այլ զԱստուած փորձեցիր խաբել։ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ գետին ինկաւ եւ շունչը փչեց». (ԳՈՐԾՔ. Ե 4-5)։