Արխիւ
Հայորդեաց տուներու պատասխանատուները երէկ այցելութիւն մը տուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց նոր սերունդի նկարագիրը կերտելու ուղղեալ աշխատանքները:
Կը տեղեկանանք, որ Փարիզի Կեդրոնական սանուց միութեան ղեկը միջոցէ մը ի վեր արդէն ստանձնած է նորընտիր վարչութիւնը։ Բազմամեայ ատենապետ Վարդան Օզինեանի մահէն վերջ, միութեան շրջանակներէն ներս վերակազմակերպման գործընթաց մը սկիզբ առած է։
ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արեւի առաջին շողերուն հետ, Մանուկ՝ պարտէզի յատուկ լայնկեկ հագուստները հագած, գլխարկը գլխուն հազիւ երկու պատառ բերանը նետած, խաչակնքելէ ետք, ինքնավստահ քայլերով կ՚ուղղուէր դէպի պարտէզ:
-Պարտիզպան ըսածդ արեւածագին հետ պէտք է իջնէ պարտէզ, զով օդին,- կ՚ըսէր Մանուկ,- որպէսզի գործը ատենին վերջացնէ, օդը չտաքցած:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Չէ՞ որ Ես էի որ ձեզ՝ տասներկուքդ ընտրեցի. բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է» (Յհ 6.70):
Մեկնութիւն. Այստեղ վեց հարցում կ՚ըլլայ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը խօսուի «կեանք»ի մասին, այս անգամ «կեանք»ը կը ներկայացնենք Խալիլ Ճիպրանի գրիչէն՝ թարգմանութեամբ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Գազանճեանի։ Արդարեւ, «կեանք»ը խորհուրդ մըն է՝ առեղծուած մը, որուն մաս կը կազմեն մարդիկ, ապրելով երբեմն գիտակցաբար, երբեմն ալ անգիտակցաբա՛ր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի՝ 2020-ին, ստուերի տակ մնացին կարգ մը յոբելեաններ, որոնք, եթէ արտակարգ դրութիւն չըլլար, պիտի նշուէին եւ ոգեկոչուէին փառաշուք կերպով եւ երկար ատեն պիտի յիշուէին իբրեւ հոյակապ հանդէսներ:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Սուրիոյ մէջ էր՝ 7 տարուայ ընդհատումէ մը վերջ , իսկ այսօր կ՚այցելէ Յունական Կիպրոս:
Ըստ Սերկէյ Լաւրովի, Մոսկուա պատրաստակամ է՝ որպէս միջնորդ հանդէս գալու Անգարայի եւ Նիկոսիոյ միջեւ, եթէ կողմերը խնդրանք ներկայացնեն իրեն:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ 103 հազար 925 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1703 նոր վարակեալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք», (ՄԱՐԿ. Ե 40)։
Հաւատք կը նշանակէ վստահութիւն ունենալ։ Արդարեւ, Աստուած երբեք չի լքեր Իր արարածը՝ անոր միայն ծնունդ եւ գոյատեւում չի տար, այլ կը պահէ, կը պահպանէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ։
1841 թուականի 25 փետրուարին, Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքը բնակող աղքատ դերասան Լէոնարտի եւ դերձակուհի Մարկարիթայի ընտանիքին մէջ կը ծնի 6-րդ զաւակը՝ Փիէռ-Օկիւստ Ռենուար, որ յետագային պիտի դառնար հռչակաւոր գեղանկարիչ եւ տպաւորապաշտութեան հիմնադիրներէն մէկը:
Սեպտեմբերի 7-ին, ծերունազարդ 91 տարեկանին, վախճանեցաւ հայոց վեհափառ հայրապետը՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ (348-439)։
Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան արմատաւորման եւ հոգեմտաւոր հարստութեան ծաղկումին մէջ հիմնարար եղաւ ներդրումը Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի, որ իր անունը անբաժանելիօրէն կապեց ոչ միայն Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած հայոց տառերու գիւտին, այլեւ՝ արդարօրէն արժանացաւ Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբերու համաստեղութեան մէջ բարի, առաքինի եւ վեհաշուք նահապետի լուսապսակին։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ վերջին ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու 40 տոկոսը կը կազմեն 20-40 տարեկան երիտասարդները։
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։
Նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Շարլ Միշելի հետ եւ հիւրընկալեց Ֆաիզ Էս-Սարրաճը:
Արեւելեան Միջերկրականի պարագային Անգարա կ՚ակնկալէ անկողմնակալ եւ առարկայական դիրքորոշում մը:
Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ցաւալի կորուստ մը. ոչ եւս է համայնքային շրջանակներու այնքան համակրելի դէմքերէն Մելինէ Ենիեորկան։ Բօթը շաբաթավերջին իսկապէս մեծ ցաւ յառաջացուց, որովհետեւ Մելինէ Ենիեորկան մեր համայնքի շատ սիրելի դէմքերէն մին էր, կը վայելէր համատարած յարգանք եւ համակրանք։
Մոնրէալի մէջ զետեղուած Կոմիտասի կիսանդրիին հեղինակն է Մկրտիչ Տարաքճեան:
Մեծ Վարդապետի յիշատակին ձօնուած արձաններու շարքը համալրուեցաւ յատկանշական գործով մը:
Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս պատմական հայկական սրբավայրը պետութեան կողմէ վերանորոգուած է ու կը գործէ թանգարանի կարգավիճակով։
Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բարեբաստիկ խորհրդակատարութիւն մը, որ եկաւ համախմբել համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր։ Այսպէս, Մուրատ եւ Մելիս Պէրպէրօղլու ամոլի անդրանիկ որդւոյն փոքրիկն Պարգեւ Պէրպէրօղլուի Ս. Մկրտութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայ դարուն անհրաժեշտ ու հրատապ լուծման կարօտ, մարդկութեան առաջնահերթ խնդիրներէն մին է մանկական ամուսնութիւնները։ Կարգ մը երկիրներու մէջ օրէնքով սահմանուած ամուսնութեան նուազագոյն տարիքը 18-էն ցած է, իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ ալ թոյլ կը տրուի մինչեւ 18 տարեկան ամուսնանալ ծնողներու համաձայնութեամբ, յղութեամբ կամ այլ յատուկ հանգամանքներով։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մանուկներու հանդէպ ցուցաբերուած ոստիկաններու անխղճութեան այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի ծովեզերեայ Քի Ուեսթ քաղաքէն։ Թէեւ դժբախտ այս դէպքը պատահած է երկու տարի առաջ, սակայն անոր դատական թղթածրարը վերջերս յանձնուած է պատկան իշխանութեանց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ մայիսին տեղի ունեցած ցնցիչ սպանութենէն ետք Ամերիկան «քուն ու դադար» չունի։
Խօսքը անշուշտ Ամերիկայի ափրիկեան արմատներով քաղաքացի Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան մասին է, որ պատճառ կը դառնար տարողունակ բողոքի ցոյցերու, որոնք կարգ մը պարագաներու կը վերածուէին անօրէնութեան եւ նոյնիսկ բարբարոսական արարքներով լեցուն հաւաքներու։