Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Շուրջ 6-7 ամիսներ առաջ երբ մամուլին մէջ սկսաւ խօսուիլ Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ ծագում առած նոր վարակի (թագաժահր, կամ ինչպէս աւելի ծանօթ է օտար անուանումով՝ քորոնա) մը մասին, գրեթէ մարդոց մեծամասնութիւնը ուշադրութիւն չդարձուց, կարդաց որպէս ամէնօրեայ սովորական նոր լուր մը մամուլին մէջ, ու շարունակեց իր բնականոն առօրեան:

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Սիրելի ընթերցող,
Ի հեճուկս համաճարակին՝ կեանքը կը շարունակուի…: Ու պիտի շարունակուի մինչեւ որ մարի, այնպէս, ինչպէս պատմութեան անցած բազում ու բազմատեսակ համաճարակներ:

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020

Պատրաստեց՝ ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ

Մարտ 2020-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը իր ժողովին պիտի անդրադառնար 1995-ին Պէյճինկի մէջ գումարուած Համաշխարհային կիներու վեհաժողովի հարթակի 25-ամեակին, եւ ուր պիտի բացայայտուէր իւրաքանչիւր երկրի մէջ իրականացուած հաւասարութեան օրէնքները՝ այրերուն եւ կիներուն միջեւ (gender equality):

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանը եղաւ այն քիչ երկիրներէն, որ հակառակ իր ունեցած մարդագրական ընդհանուր պատկերին, կարողացաւ արագ քայլեր առնելով դուրս գալ «վտանգաւոր գօտի»էն ու համարուիլ այս փուլին քորոնա համաճարակը գրեթէ յաղթահարած երկիր։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Համավարակի ներկայ նեղութեան օրերուն կը մտաբերենք եւ կը յիշենք յիշատակը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Քրիստոսատիպ չարչարանքներուն, որոնք Աստուծոյ անիմանալի ծրագրին մէջ սքանչելի լրումը եղան մեր Տիրոջ բժշկարար չարչարանքներուն, եւ հակադեղը մեր աշխարհի հոգեւոր բժշկութեան։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպայի հետ։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած քայլերու շուրջ։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի ալիքի սաստկութեան նուազեցման զուգահեռ՝ բնականոն առօրեայի վերադառնալու ուղղեալ քայլեր: Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայի գլխաւորութեամբ պատրաստութիւններ:
Պետական մարմիններն ու մասնագէտները աշխատանք կը տանին՝ հաշուի առելով բոլոր տուեալները:

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուած երէց սերունդէ հիւանդ մը առողջացաւ, ինչ որ համաճարակի առկայ տխուր մթնոլորտին մէջ ուրախութեամբ ընկալուեցաւ հանրային կարծիքին կողմէ։ Այսպէս, բուժման բարեյաջող աւարտէն վերջ հիւանդանոցէն դուրս եկաւ 94-ամեայ Հրանոյշ մայրիկը։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը կը սգայ իր բարերարուհիին մահը:
Հոգելոյս Արտեմիս Թոփճեան Նազարեան բիւր յարգանքի կ՚արժանանայ հրաժեշտի հանգրուանին:

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լուիճի տի Մայոյի հետ։ Յանուն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի կառավարութեան, Զօհրապ Մնացականեան զօրակցութիւն յայտնեց իտալացի բարեկամ ժողովուրդին՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները արդիւնաւէտօրէն դիմագրաւելու եւ շուտափոյթ յաղթահարելու համար։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան երէկ մասնակցեցաւ երկրի Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերով մշտական յանձնաժողովի նիստին։ News.am-ի հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին ան ըսաւ. «Մենք կը մեկնինք արտասահման եւ կ՚այցելենք հայկական սփիւռքի զանազան համայնքներ, սակայն հայրենադարձութեան աջակցումը մեր առաջնահերթութիւնը չենք համարեր։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկու հիմնական դէմքերը հանդիպում մը ունեցան:
Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մասիս Մայիլեան երէկ քննարկեցին տարածքաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները:

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

Բակօ Սահակեան երէկ արձագանգեց Սերկէյ Լաւրովի վերջին  յայտարարութիւններուն՝ Արցախի խորհրդարանի լիագումար նիստին ժամանակ:
«Հիմնախնդրին անդրադառնալու ժամանակ մենք կը խօսինք մեր ճակատագրի մասին։ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը սակարկութեան ենթակայ չեն»:

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի նոր դէպքերու ծաւալումը կանխատեսելի մակարդակի մը վրայ կ՚ընթանայ։ Ըստ նախարարին կողմէ փոխանցուած վիճակագրական վերջին տուեալներուն, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ 42 հազար 4 քննութիւն կատարուած է եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած՝ 2 հազար 615 նոր վարակեալ։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացաւ ընկերային ցանցերու «աստղ»երէն Մուրատ Էօվիւչի դէմ, որ նախընթաց օր ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ ատելութեան պատգամներ հրապարակած էր եւ տեղի տուած՝ համայնքային շրջանակներու հակազդեցութեան։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

ԵՐԱՄ

Ցնցում մը բացաւ աչքերը Զանային։
Բեռնակառքը կանգ առեր էր։
Ֆարզատ քեռին մեղմ ժպիտով մը նայեցաւ իրեն, եւ «բարիլոյս» մը հանեց շուրթերուն մէջէն.

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Կարպետը կամ գորգը աշխատած ատենդ, ուշադրութիւն պիտի դարձնես ամրակարերուն, եթէ անոնք պինդ ըլլան ձիգ հենքերուն վրայ, գորգդ կամ կարպետդ քակուելու եւ փճանալու հնարաւորութիւն չ՚ունենար:
Ըսած էր կարպետի ուսուցիչը երկու ամիս առաջ. դասընթացքը ընդհատեցաւ աշխարհի անկոչ հիւրին՝ քորոնային պատճառով: 

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անտարակոյս բոլորս ալ գիտենք, թէ ի՛նչպէս նիւթական աշխարհի մէջ՝ նոյնպէս ալ հոգեւոր աշխարհին մէջ ուժերը միշտ լուռ են. անոնք կ՚արտայայտուին միշտ լռութեան մէջ։ Քիչ անգամ ուժը աղմուկով կ՚արտայայտուի բնութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսի «Կառուցէ Հայաստան» նախագիծը, որ գործարար Սեւակ Արծրունիի նախաձեռնութիւնն է գործարար, բարերար Վարդան Սըրմաքէշի համագործակցութեամբ իրականացուելիք: Երկու գործարարները ունին ընդհանուր տեսլական մը, որուն արգասիքն է այս նախագիծը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Այս ընթացքին երբ սարկաւագը «Աստուծոյ երկրպագեսցուք» կ՚ըսէ, քահանան ու ժողովուրդը ի՞նչ կ՚ընեն:

Էջեր