Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երբեք պատահական չէ վերջերս Քուէյթի պատկան մարմիններուն կողմէ հնչած յորդորը՝ արագօրէն լքելու Լիբանանի տարածքը։ Այլ հարց, թէ ցարդ ինչո՞ւ միայն Քուէյթը նման կոչով մը հանդէս եկաւ՝ զգուշացնելով իր քաղաքացիները հեռու մնալ Լիբանան ճամբորդելէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յովհաննէսին եւ փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահէին։ Եկան եւ ըսին անոր.- Ինչո՞ւ Յովհաննէսին եւ փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահեն, բայց քու աշակերտներդ ծոմ չեն պահեր». (ՄԱՐԿ. Բ 18)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր մարդկային կեանքին մէջ որոշ արտայայտութիւններ ինչքան ալ անգիտակից ըսուած թուին, իրականութեան մէջ մեծ նշանակութիւն կ՚ընդգրկեն. մի քանի օրեր առաջ խօսակցութեան մը ընթացքին ականջս որսաց «եթէ տեղդ ըլլայի» արտայայտութիւնը, ինչ որ մարդկային տկարութիւններէն մէկն է. սեփական իրականութենէն փախչիլ եւ այլ գոյութիւն մը ընդունելու ձգտումը ունենալ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ երգիծաբան, լրագրող եւ արձակագիր Յարութիւն Ալփիարը ծնած է 12 յուլիս 1864-ին, Իզմիրի մէջ:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Արամեան եւ Շահնազարեան վարժարաններէն ներս:
Շիշլի մարզակումբը այս ամրան վերսկսած է կազմակերպել ճամբարներ։ Ամրան դասընթացքներուն զուգահեռ նախատեսուած է այս աշխատանքը։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մարզիկները Հէյպէլի կղզիի մէջ ամառնային ճամբարի մը մասնակցելու փորձառութիւնը ունեցան՝ հեղինակաւոր մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ։
Լիզպոնի մէջ կազմակերպուած շահեկան ցուցահանդէս մը՝ պատմական անգնահատելի հաստատումներով:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը վերահաստատէ սաղիմահայութեան խոր անցեալը:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան կրօնական ազատութիւններու տարեկան զեկոյցը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի վարչապետին քննադատական յայտարարութիւնները ուշադրութեան առարկայ:
Երեւան կը ձգտի փութով արդիւնքներու հասնիլ իր արտաքին քաղաքական օրակարգի խնդիրներու լուծման ճանապարհին՝ մասնաւորապէս հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առումով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Մասաչուսեց նահանգի Ուսթրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ծուխի ուխտաւորները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջին քայլափոխին ականատես դառնալէ վերջ վերադարձաւ քաղաքս:
Տիարպաքըրի բոլորովին խոնարհուած Սուրբ Սարգիս պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքը սկսաւ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իբրեւ կեանքի նոր դաշտանկար,
Ե՛ւ երիտասարդ, ե՛ւ անպարտելի,
Նոյնիսկ մեղքի զգացումը ապրելով,
Կարօտի բարեւ մը տուի շուրջիս… ու միացայ բոլորին…։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Շաբաթ մըն է, որ հեռու եմ դիմատետրէն… Պատճառը գրելու պէտք չունէի անշուշտ, սակայն այսօր այնպիսի բան եղաւ, որ մտածեցի լաւ կ՚ըլլայ միասին խնդանք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պսակը եկեղեցիի խորհուրդներէն մէկն է՝ որ կը կատարուի քահանայի օրհնութեամբ եւ եկեղեցիի սրբագործութեամբ, որու միջոցով երկու ամուսիններ՝ այր եւ կին օրինաւոր կերպով իրարու կապուելով՝ իրաւաբանական առումով որոշ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կը մտնեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գիտակցութեան ծնունդի սկզբնաւորութենէն ի վեր մարդ արարածը իր դիմաց ունեցած է հետեւեալ հարցը. «Ինչո՞ւ համար կ՚ապրիմ». հարց, որ կը գերազանցէ ժամանակը, մշակոյթն ու անհատական փորձը, իւրաքանչիւրին համար տարբեր արձագանգ մը գտնելով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի իմաստին եւ արժէքին մասին։
Մարդ բարիին եւ երջանկութեան կը տիրանայ մասամբ շրջապատի ազդեցութեամբ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աշնանացած շատ կանուխ առաւօտ մըն էր ու չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ես ու ազգակիցս, երկուքով, սենեակէս ներս կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք: Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ խորհրդակիցս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հինգշաբթի, 20 յունիս 2024-ի թերթիս մէջ լոյս տեսաւ թերթի աւագ գրիչներէն՝ Յարգարժան Գէորգ Պետիկեանի «Նամակն ու պատասխանը» գրութիւնը: Տրուած պատասխաններուն լիովին համամիտ ըլլալով, ուզեցի, աւելի ճիշդ համարձակութիւն ձեռք ձգեցի այս գրութեամբ պատասխանել աւագ գրչեղբօրս հարցումներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ծարաւ, բայց նաեւ՝ անօթի մարդու մը մասին պատմութիւնը մեր մեծերէն Ռուբէն Սեւակ գրած է իր արձակ էջերուն մէջ: Տարօրինակ պատմութիւն մըն է՝ պոլսահայ մարդու մը կեանքէն, որուն ան հանդիպած է իբրեւ բժիշկ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ միշտ կարօտը եւ պահանջքը ունի ապաւինելու եւ վստահելու մէկու մը՝ որ ինքզինք ապահով եւ անվտանգ զգայ։ Եւ մարդուն ամենավստահելի ապաւէնն է իր Արարիչը՝ Աստուած, քանի որ Ան է նաեւ Նախախնամը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարերու ընթացքին իր գոյութիւնը պահել յաջողած հայը հաւատաց, որ իր հայկական ինքնութեան էութիւնը երկու անբաժանելի արժէքներու՝ կրօնի եւ ազգասիրութեան միաձուլումն է: Երկու արժէքներ, որոնք միաձուլուած են «հայ» անուան տակ, կազմելով ազգային դիմագիծ մը: