Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վստահաբար ընթերցողներէն շատեր լսած ըլլան «չափաւոր հաւատացեալ եմ», «ծայրայեղականութենէ հեռու եմ, որովհետեւ ծայրայեղութիւն եւ հաւատք իրարու հակառակ են», «ես չեմ սիրեր չափազանցութիւններու երթալ հաւատքի կեանքիս մէջ», եւ այլն:
Շիշլի մարզակումբի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի խումբը վերջին շրջանին ապահոված է յաղթական ընթացք մը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձած է։
«Արաս» հրատարակչութիւնը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ ապահովելով, որ գրասէրները նորանոր հետաքրքրական գործեր ունենան իրենց տրամադրութեան տակ։
Հոլանտայէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան գործունէութեան առանցքները կը յստականան:
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ժողովներու ընթացքին շեշտը կը դնէ ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերուն վրայ:
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ բժիշկներու խումբի մը հետ:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց խրախուսել ծնելիութիւնը՝ ազգային կենսունակութեան ամրապնդման ու հզօրացման համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ներկայ մարդուն ամենէն տկար եւ զգայուն կէտը՝ իր նկարագիրն է: Այսօրուան մարդը կարծէք կորսնցուցած է իր կողմնացոյցը եւ մնայուն խարխափումներու եւ թափառումներու մէջ է, ինքզինք գտնելու, ինքզինք ըլլալու:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Յունուար 2025-ին լոյս տեսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան (ԱՀԾ) առաջին տարեկան զեկոյցը։ Սոյն ծառայութիւնը հիմնադրուած է 4 հոկտեմբեր 2023-ին. պետականաշինութեան էական անկիւնաքար մը, որու առաքելութիւնն է «պետութեան ու հասարակութեան սպառնացող արտաքին վտանգներու կանխատեսումը, կանխարգիլումը, հակազդումն ու պաշտպանութիւնը եւ քաղաքական որոշումներ կայացնողներուն վստահելի, արժանահաւատ եւ կիրարկելի հետախուզական տեղեկութիւններու տրամադրումը»։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերը կը համարուին՝ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցի լուծման համար գործողութիւն։
Իգդիր-Նախիջեւան բնական կազի խողովակաշարը շահագործման յանձնուեցաւ հանդիսաւորապէս:
«Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կողմ են խաղաղութեան, անդորրութեան ու բարգաւաճման. տարածաշրջանէն ներս կ՚ուզենք գործակցութիւն»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի կը լրանայ հայ մեծատաղանդ բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, գրական-հասարակական գործիչ եւ հրապարակախօս Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եթէ մօտիկ անցեալին գրիչ շարժելը, գրելը որոշներու տրուած էր, աւելի ճիշդ որոշներ միայն իրենց մէջ համարձակութիւն գտնելով գրիչ կը շարժէին, ապա մեր օրերուն գրիչ շարժելն ու գրելը վերածուած են սովորական երեւոյթի, ինչպէս, օրինակ, սովորական երեւոյթ է իւրաքանչիւր մարդու համար ամէն առաւօտ արթննալէն ետք երեսը լուալը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը». (ՅՈՎՀ. Զ 39)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկութիւնը երկիր մոլորակին վրայ քանի՞ հազարամեակներէ ի վեր կ՚ապրի՝ հարցական է, սակայն, յստակ է, որ մարդկային կեանքին մէջ պատիժի գոյութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի մարդուն Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կոչումին մէջ։ Այս հրաւէրը, զոր Աստուած կու տայ մարդուն երկխօսելու Իրեն հետ, կը սկսի մարդկային գոյութեան հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարածը իր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին փնտռած է շատ մը հարցերու պատասխաններ, որոնցմէ շատեր այնպէս ալ մնացած են անպատասխան եւ վստահաբար այդ պատասխան չունեցողներուն խումբին մաս կը կազմէ բախտը՝ որուն գոյութիւնն ու անգոյութիւնը անորոշ է ու վիճելի:
«Հայաստան պատրաստ է որոշում առնելու, եթէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ըլլայ հետաքրքրութիւն»:
Փաշինեան կը շեշտէ, որ Երեւան չունի որեւէ միակողմանի պարտաւորութիւն հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ:
Ի պաշտպանութիւն Պաքուի մէջ տեւական ժամանակէ ի վեր պահուած հայ պատանդներուն եւ գարիներուն:
Երեւանի կեդրոնին միշտ բազմամարդ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան, Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ արձագանգներ:
Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտարարեց, որ Երուսաղէմի հայ համայնքը լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։
«Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին Զարեհ Սինանեան անդրադարձաւ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Սամաթիոյ ընտանիքը անցեալ շաբթուան մէջ, Բարեկենդանի ընդառաջ կազմակերպուած խրախճանքով ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու յայտագիրը կեանքի կոչուեցաւ միջնակարգի սաներուն կողմէ։
Նորոգ հանգուցեալ Անի Ֆուլիանէ Ֆերահեանի վերջին հրաժեշտը՝ յուզումնախառն մթնոլորտով:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարքը Հայրը ներկայ էր՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ տխուր արարողութեան: