Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տէրը իմ հովիւս է…». (ՍԱՂՄ. ԻԳ)։ Եւ իրապէ՛ս Տէրը մեր հովիւն է. մեր բարի, մեզ սիրող եւ ամէն գնով հոգալու եւ խնամելու պատրաստ, այսինքն միշտ ներկա՛յ Հովիւն է։ Այս իմաստով «Աստուած» բառը կը նշանակէ այն՝ որ «աստ» է, այսինքն «հոս» է՝ ներկա՛յ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երազներն ու կանխատեսումները մոգական այս «արհեստ»ին համեմատած շատ աւելի մեղմ ու «անմեղ» կը թուին ըլլալ, որովհետեւ այս մէկը իր մէջ «ամենակարող» ըլլալու համոզումով կը լեցնէ մոգը՝ կարծելով, որ իրենց համար անհնարին բան գոյութիւն չունի:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկութիւնը հազարաւոր տարիներու ընթացքին միշտ ձգտած է հաղորդակցութեան՝ գաղափարները ուրիշի մը փոխանցելու, համոզելու եւ ոգեւորելու համար։ Այս ձգտումը երբեմն արտայայտուած է գիրով, երբեմն արուեստով, բայց ամենէն ազդեցիկ ձեւերէն մին միշտ մնացած է խօսքը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ սկսած է «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» խորագրեալ համահայկական ուխտագնացութիւնը, որ կազմակերպուած է Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կողմէ։
2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած հանդէսներու շարքը աւարտին հասաւ Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան երեկոյթով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Մալթայի դեսպան Տոմինկօ Արտուինին։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ նախընթաց օր պատարագեց եւ քարոզեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թել Աւիւ-Ուաշինկթըն-Թեհրան առանցքէն ցոլացած պատկերը տակաւին մշուշապատ է, դուռ կը բանայ հարցումներու:
Իսրայէլ-Իրան պատերազմը թէեւ կարճ տեւեց, սակայն, նոր իրավիճակի արժեւորումը կը տեւէ երկար՝ միջազգային բեմահարթակի վրայ:
Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութենէ վերադարձին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ ժամադրուած է պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։
Գումգաբուի մէջ արդէն ընթացքի մէջ է՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մամլոյ ասուլիսը։ Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութենէ վերադարձին, Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ մէկտեղուած է համայնքային մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ՝ ներառեալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որուն հետ է նաեւ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան։
«Եթէ մենք մեր նուիրականութիւնները մրցակցութեան մէջ պիտի դնենք, ապա մեզի համար առաջին նուիրականութիւնը մեր եկեղեցին է»:
«Եթէ մէկը Ամենայն Հայոց Հայրապետը կ՚որակէ սրբապիղծ, ապա հարցը այդ կէտէն սկսեալ զիս կը հետաքրքրէ»:
«Թաւշեայ յեղափոխութիւնները եկեղեցիները կը տեսնեն ընդդիմադիր եւ կը ջանան զանոնք տկարացնել։ Հայաստանի պարագային ալ այսպէս է եւ այս հանգամանքի ամենավառ ապացոյցներէն մին է հանրակրթական դպրոցներէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկայի դասաւանդութեան դադրեցումը»:
«Համայնքային կեանքէն ներս ընտրեալներու կողմէ այլ ընտրեալներու հաշիւ հարցուիլը շատ աւելի դիւրին է»:
«Յառաջիկային դպրոցներու միացումը անխուսափելի է։ Գիտութիւնը չի ստեր։ Ժողովրդագրութիւնը գիտութիւն մըն է եւ ցոյց կու տայ մեր վիճակը»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչ մատեանը՝ որ ընդհանրապէս ճանչցուած է «Սուրբ Գիրք» անունով, Սուրբ է, քանի որ կապ ունի Աստուծոյ, Յիսուսի եւ Սուրբ Հոգիին հետ, եւ գրուած է Սուրբ Հոգիին ներշնչումով։ Սուրբ Գիրքը «սուրբ» է, որովհետեւ ան կապ ունի Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ։
«Կը նախատեսեմ յառաջիկայ գարնան այցելութիւններ տալ շարք մը նախարարութիւններ եւ եթէ համայնքային հարցերու պարագային աշխարհական վարիչներու կողմէ պատրաստուին թղթածրարներ, ապա ես պատրաստ եմ զանոնք ներկայացնելու պատկան իշխանութիւններուն»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մոգերու եւ կախարդներու միւս «մասնագիտութիւն»ը ապագայի գուշակութիւնն է: Գուշակութիւնը՝ որ մինչեւ օրս կ՚առնչուի աստղագիտութեան եւ աստղագուշակութեան հետ գոյութիւն ունեցած է Ք.Ա. հազարաւոր տարիներ առաջ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Փլած տուներուն նմանող սրտերուն մէջ ոչինչ կը պահուի։ Այդպէս կը խորհէի, բայց սխալած եմ՝ չարաչար։
Քար չէին որ անոնք։
Լուսաւոր յոյս ու բաբախուն ոգիով լեցուն մեր սրտերը տարիներ առաջ շալկեցինք եւ գացինք հայրենիք։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 յունիս 2025-ը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան պատմութեան նորօրեայ պատմութեան որպէս ամենէն մութ, սեւ եւ ամօթալի օրը պիտի յիշուի: Այդ օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հրամանով, մեծ թիւով ոստիկաններ, ԱԱԾ-ի յատուկ ջոկատայիններ ներխուժեցին Մայր Աթոռ, ձերբակալելու համար Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն՝ Շիրակի թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը…: