Արխիւ
Թուրքիա եւ Գերմանիա կը շարունակեն անմիջական կապի մէջ մնալ՝ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։ Անգարա-Պերլին առանցքի համագործակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ տարածաշրջանային բնոյթով մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի քննարկումներու ամբողջին մէջ կարմիր թելի նման զգալի էր այն հարցումը, թէ ի՞նչ է հայ ըլլալը այսօր։ Սա հիմնական հարցում մըն է եւ զարմանալի չէ, որ ՀԲԸՄ-ի նման աւելի քան 100-ամեայ հաստատութեան մը օրակարգին վրայ ալ կը գտնուի՝ հակառակ անոր ձեւաւորուած աւանդութիւններուն եւ նախընթացներուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային էր։ Արդարեւ, ընդհանուր ժողովի մասնակիցները նոյնաժամանակ հաղորդ դարձան երկու նախագահի պատգամին։
Մինչ Պաղեստինի արիւնալի պատերազմը կը շարունակուի, Իսրայէլ երէկ Կազզէի մէջ սպաննեց «Համաս»ի առաջնորդ Եահիա Սինուարը։ Մօտաւոր անցեալին Թեհրանի մէջ սպաննուած էր «Համաս»ի նախկին առաջնորդը, որուն այդ պաշտօնին մէջ յաջորդած էր Եահիա Սինուար։
Լուսանկարչութեան անմոռանալի հանճարներէն, մեծանուն վարպետ երջանկայիշատակ Արա Կիւլէր երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան վեցերորդ տարելիցին առթիւ։ Արա Կիւլէրի գործերը ժամանակի մէջ որքան որ կ՚արժեւորուին՝ իրեն նկատմամբ կարօտն ալ այնքան բազմապատիկ կը մեծնայ եւ յետ պահու իրեն նկատմամբ յարգանքն ալ այնքան կ՚աւելնայ։
Այս առաւօտ տեղի ունեցաւ «3+3» հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը:
Ֆիտանի տանտիրութեամբ «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Միրզոյեան:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ներկայացուցիչները։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Շիշլի մարզակումբը 2024-2025 շրջանի աշխատանքներուն ձեռնարկած է ամբողջ թափով։ Ակումբը այս տարի ութ մարզաձեւերու մէջ, մօտաւորապէս 650 մարզիկով կը հետապնդէ իր յաւակնոտ նպատակները։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ծնող-զաւակ յարաբերութիւնները Արեւելքի մեր ընկերութեան, մեր մշակոյթին մէջ տակաւին կենսական են ու կարեւոր, որովհետեւ տակաւին ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող փոխկապակցութիւն մը գոյութիւն ունի, եւ երկու կողմերը զիրար սիրելու, զիրար յարգելու եւ իրարու պարտաւորութիւններու գիտակցութիւնն ու հակումը ունին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երբ կը հանդիպինք իրադարձութիւններու եւ փաստերու, որոնք տեղի կ՚ունենան մեր կամքէն անկախ եւ կը դժուարանանք ու չենք կրնար ընդունիլ, կը մտնենք անօգնական, անհանգիստ, ընկճուած տրամադրութիւն։ Միթէ կեանքի ամենամեծ հնարքներէն մէկը ընդունիլ սորվիլը չէ՞։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ, որը կարելի չէ՛ սահմանափակել մէկ օրով եւ կամ եօթնակով մը, եւ մինչեւ իսկ ամիսով մը, կը փափաքիմ գրականութեան մեծ վաստակ մը ունեցող բարձրաստիճան հոգեւորականի մը՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի «Փունջ մը քարոզներ. հատոր ԺԱ» գիրքէն՝ ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօրուան յօդուածը կարդալէ ետք շատ աւելիով իրաւունք պիտի տաք հայ ազգի մեծերէն Աւետիք Իսահակեանի ըսած «Շատ մի՛ տխրիր, շատ մի՛ խնդար, սիրելիս», որովհետեւ թէ՛ տխրութիւնը եւ թէ ուրախութիւնը ժամանակաւոր արժէքներ են, սակայն խնդալը տխրելէն շա՜տ շատ աւելի դառն է, մանաւանդ երբ մարդ ժամանակ մը ետք յայտնուի այն կացութեան մէջ՝ որ նախապէս ծաղրած ու խնդացած էր:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր ժամը 15.00-ին ընդունեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Գուրուչէշմէի «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկին մէջ, ուր այս առաւօտ տեղի ունեցաւ «3+3» հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն երրորդ հաւաքը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր ժամը 18.00-ին Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ «3+3» հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ծիրէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչայիններէն Սրբուհի Հաֆիտուն, Շնորհիկ Զօրվարեանը եւ Մատլէն Թորամանը։ Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը այս տարի եւս ձեռնարկած է՝ կրթական մշակներու աւանդական հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Ֆրանսայի Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ առնուեցաւ որոշում մը, ըստ որու՝ Փարիզի մերձակայ Շատնէ-Մալապրի արուարձանային քաղաքի կեդրոնական լիսէն վերանուանուեցաւ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու յիշատակին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն Վահագն Ալեքսանեան յայտարարեց, որ չի բացառուիր, թէ Ատրպէյճան գետին կը պատրաստէ երկրին վրայ յարձակելու համար։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպանները՝ գլխաւորութեամբ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոսի։
Էրտողան. «Երբ Իսրայէլի նախայարձակ գործողութիւնները տարածաշրջանէն ներս մեծ պատերազմի մը վտանգը կը ստեղծեն, Թուրքիա կարեւորութիւն կ՚ընծայէ անվտանգութեան ու կայունութեան, նաեւ վճռական է՝ ահաբեկչութեան սպառնալիքի մշտապէս վերացման համար համագործակցութեան ուղղութեամբ»:
Անգարա հիւրընկալեց Նեչիրվան Պարզանին: Երէկ գիշեր Սուրիայէն հրթիռ մը ինկաւ սահմանակից Քիլիսի մօտակայքին: