ՍԽԱԼ ՈՒ ԺԽՏԱԿԱՆ

Հայաստանի մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի դէմ օրակարգի վրայ բերուած անհիմն պահանջները ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս կը շարունակեն արձագանգ գտնել։ Թէեւ, սա շատ մեծ ազդեցութիւն մը չէ ունեցած, սակայն հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ ցաւալի կը համարուին նման ծայրայեղական մօտեցումները, որոնք կը սպառնան հոգեւոր կեանքի անդորրութեան։ Այս կապակցութեամբ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Նորին սրբազնութեան հետ այս առաւօտ ունեցանք հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին ան զօրակցութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին համար եւ ըսաւ.

«Ճիշդը ըսելու համար՝ ես շատ լուրջ չեմ ընկալեր այս բոլորը։ Ընդդիմադիր շարժումներ միշտ եղած են ու կրնան ըլլալ։ Այս վերջին իրադարձութիւնները աւելի տարբեր համայնապատկերի մը վրայ կ՚ընթանան։ Այս ընդդիմադիր շարժումը ի յայտ եկած է՝ ուժ առնելով Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարարձութիւններէն։ Որքան կը հետեւիմ, Վեհափառ Հայրապետի դէմ հանդէս եկողները համակիրներ գրեթէ չունին։ Յամենայնդէպս սա վտանգաւոր երեւոյթ մըն է, սխալ ու ժխտական։ Վտանգաւոր է, որովհետեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տեսակէտէ յաչս աշխարհի ու յաչս

համաքրիստոնէական ընտանիքին սա լաւ երեւոյթ մը չէ։ Ես կը զարմանամ, որ իրենց գլուխը կան քանի մը եկեղեցականներ։ Անհասկնալի է նաեւ, որ ինչու կամ ինչպէս հանդուրժողութիւն ցոյց կը տրուի իրենց նկատմամբ։ Ես կը փափաքիմ առաջին յարմար առիթով մեկնիլ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, տեղւոյն վրայ շնչել մթնոլորտը՝ աւելի խորաթափանց ընկալելու համար այս բոլորը։

«Մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին։ Կաթողիկոսներու կամ պատրիարքներու առանց մահու փոփոխութիւնը միայն քաղաքական դրդապատճառներով կ՚ըլլայ։ Աշխարհի ամէն տեղ պետութիւնը երկրի մը մէջ Աստուծոյ ստուերը կը համարուի։ Այս խնդրի պարագային ալ հիմնական նրբութիւնը հետեւեալին մէջ է. արդեօք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները նեցուկ պիտի կանգնի՞ն այս բոլորին, թէ՞ ոչ։ Եթէ պետական աջակցութիւն չըլլայ, արդէն այս փոքր խումբը ոչինչ կրնայ ընել»։

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018