ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ.  երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Պապական նուիրակ ու Աէմոնայի տիտղոսակիր արքեպիսկոպոս Խոսէ Աւելինօ Պեթթանկուրին։ Ողջունելով պապական նուիրակը Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց անոր նշանակումը եւ մաղթեց արդիւնաւոր գործունէութիւն։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ արձանագրեց, որ իր գահակալութեան շրջանին Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները առաւել ջերմացած ու զօրացած են։ Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ հոգելոյս Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Ֆրանսիսքոս Ա. սրբազան քահանայապետներու Հայաստան այցելութիւններուն, որոնք կը վկայեն քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն առաջին ընդունած ժողովուրդի նկամամբ ջերմ սիրոյ մասին։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ նորանշանակ պապական նուիրակը եւս աշխոյժ ջանքեր պիտի գործադրէ երկու եկեղեցիներու բարեկամական կապերը առաւել ամրապնդելու ուղղութեամբ։

Իր հերթին Խոսէ Արքեպիսկոպոս խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան նշեց, որ առաւելագոյն չափով ամէն ջանք ու ճիգ պիտի ներդնէ երկու աթոռներուն օգտակար ծառայութիւն բերելու համար։ Պապական նուիրակը նաեւ Սրբազան Քահանայապետի սէրն ու զօրակցութիւնը փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին ու անոր գահակալին։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ արդի մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղիներուն։ Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը պապական նուիրակին՝ մաղթելով Աստուծոյ օգնականութիւնը սրբազան առաքելութեան մէջ։

Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։

Հարկ է նշել, որ նորանշանակ պապական նուիրակը երէկ յանձնեց իր հաւատարմագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին։

Նախընթաց օր ալ ան հաւատարմագրին կրկնօրինակը յանձնած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018