ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը հա­մալ­րուե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ ու ար­ժէ­քա­ւոր նոր քա­հա­նա­յով մը։ Այս­պէս, ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Յըն­թացս Ս. Պա­տա­րա­գի Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը քա­հա­նայ օ­ծեց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ժա­ռան­գա­ւոր սա­նե­րէն Ար­ման Սրկ. Պուլ­տու­քեա­նը՝ զայն վե­րա­նուա­նե­լով Տ. Պետրոս Քա­հա­նայ։ Խար­տա­ւի­լակն էր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։ Թէ՛ մեր հո­գե­ւո­րա­նաց դա­սը եւ թէ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րե­ցաւ ձեռ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի ձե­ռամբ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գի ժա­մա­նակ սպա­սար­կե­ցին Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան, Խա­չիկ Սա­րը­լը, Գէորգ Ներ­կիզ եւ Տի­րան Ներ­կիզ սար­կա­ւագ­ներն ու այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան քա­հա­նա­յից դա­սու եւ դպիր­նե­րու կող­մէ՝ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նի մա­կա­նին ներ­քոյ։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց ներ­կայ էր Գու­գա­րաց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան, որ հիւ­րա­բար կը գտնուի քա­ղաքս, ինչ­պէս նաեւ իս­թան­պու­լա­հայ հո­գե­ւո­րա­կաց դա­սու ան­դամ­նե­րը։ Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի, ձեռ­նադ­րու­թե­նէն ետք խրա­տա­կան քա­րոզ մը խօ­սե­ցաւ ձեռ­նադ­րիչ Սրբա­զան Հայ­րը, որ իր խօսքն ուղ­ղե­լով ձեռ­նադ­րեա­լին մաղ­թեց, որ ան ըլ­լայ «մշակ ա­ռանց ա­մօ­թոյ»։ Սր­բա­զան Հայ­րը կա­րե­ւո­րեց ո­րա­կեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը եւ այս ուղ­ղու­թեամբ ընդգ­ծեց դպրե­վան­քի մը հիմ­նադ­րու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը քա­ղա­քիս մէջ։ Հարկ է նշել, որ ձեռ­նադ­րեա­լի կնքա­հայրն էր Ռազ­միկ Տուր­սուն։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ սար­քուե­ցաւ ճաշ մը,  ո­րու ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցան Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան եւ Գէորգ Սրկ. Ներ­կիզ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015