ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՔՐԻՍՏՈՍՆ Է

Մեծ պահոց 34-րդ օրն է:

Օր օրի կը մօտենայ այն պահը, երբ մենք մեր Տէրը պիտի դիմաւորենք: Երանի՜ անոնց, որոնք մաքուր սիրտով եւ անկեղծ հոգիով պիտի դիմաւորեն զԻնք, որովհետեւ Տէրը մաքուրներն ու անկեղծներն է, որ կը սիրէ:

Արդարեւ, պահեցողութեան մնացած այս քիչ օրերը պէտք է աւելիով զօրանանք մեր պահեցողութեան մէջ, որովհետեւ այս վերջին հանգրուանին չարը ինչքան ուժ ունի, կը փորձէ ատով զրկել մեզ Տիրոջ հետ հանդիպելէ: Այդ պատճառով, պէտք է ամուր մնանք եւ մեր հոգին զգաստ պահենք, որպէսզի կարենանք դիմակայել այդ փորձութիւններուն: Դիմակայելու համար սակայն, կարիքը ունինք Քրիստոսին հետեւելու եւ Անոր աշակերտ ըլլալու:

Լսենք՝ ի՛նչ կ՚ըսէ մեզի մեր Տէրը. «Եթէ մէկը ուզէ Ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ Ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն։ Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար» (Մտ 16.24-26): Շատ պարզ եւ յստակ է Քրիստոսին հետեւելու պայմանը, ուրանալ սեփական անձը եւ աշակերտիլ Քրիստոսին: Մեծ պահոց մնացած օրերը պէտք է օգտագործենք հասնելու համար այս երանութեան՝ ուրանալ սեփական անձը աշկերտելու համար Քրիստոսին, որովհետեւ Քրիստոսին աշակերտելով մեր կեանքն է, որ կը փրկենք, որով Ի՛նքն է Կեանքն իսկ ու կեանքի աղբիւրը, եւ եթէ Անոր կառչինք, նոյնիսկ եթէ ամբողջ աշխարհը կորսնցնենք, մեզի համար խնդիր չէ, որովհետեւ այս աշխարէն աւելի Մեծ Մէկը ունինք՝ մեր Կեա՛նքը, որ յաւիտենական կեանք կը խոստանայ մեզի:

Արդարեւ, այսօր ցաւալի է տեսնել մարդիկ՝ նոյնիսկ երբեմն հոգեւորականներ, որոնք իրենք զիրենք կ՚աստուածացնեն Աստուծոյ Սուրբ անունը օգտագործելով: Ո՛չ միայն իրենք կը մեղանչեն, այլեւ իրենց խաբած մարդիկն ալ իրենց հետ մեղանչումի կ՚առաջնորդեն: Այդպիսիները մոռցած են Քրիստոսի մասին, ուրացած են զՔրիստոս, որովհետեւ իրենց աստուածը իրենց եսն է միայն եւ ոչ աւելին: Իսկ մոռնալու պատճառներէն գլխաւորը այն է, որ այդպիսիները Աստուածաշունչ չեն կարդար, որովհետեւ եթէ Աստուածաշունչ կարդային, այնտեղ պիտի լսէին Պօղոս առաքեալին խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ ինծի համար կեանքը Քրիստոս է, եւ ուստի մեռնիլ` այդ կեանքը շահիլ կը նշանակէ» (Փլպ 1.21). հաւատքի ինչքա՜ն տարբերութիւն այն ժամանակուան քրիստոնեաներուն եւ մեր օրերու «քրիստոնեաներուն» միջեւ. մինչ անցեալին քրիստոնեաներուն համար մեռնիլ կը նշանակէր՝ Քրիստոս կեանքը շահիլ, այսօրուան քրիստոնեաներուն համար սակայն ապրիլ կը նշանակէ՝ զՔրիստոս ուրանալ եւ Քրիստոսի անունով կեղծիք ու ստութիւն տարածելով մարդոց գովասանքը շահիլ: Ո՞ր խումբին կը պատկանինք արդեօք:

Երեսունչորրորդ օրուան մարտահրաւէր. աշխատինք աշխարհին համար մեռնիլ, շահելու համար Քրիստոս կեանքը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022