ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար տքթ. Եոհան Սաքայի հետ։ Զրուցակիցները շօշափեցին ԵՀԽ-ի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձան յառաջիկայ տարի նախատեսուած համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը, որ ԵՀԽ-ի պարագային երկար տարիներու դիտարկումներ ունի, ընդհանուր քարտուղարին փոխանցեց իր տեսակէտները առկայ կարգ մը կարեւոր հարցերու եւ ծրագրերու կապակցութեամբ։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ժընեւի մէջ Անթիլիասի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021