Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԵՔՃԵԱՆ ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նէն ստա­ցանք հե­տե­ւեալ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, զոր կը հրատարակենք։

Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Ան­տիո­քի եւ Հա­մայն Ա­րե­ւել­քի Պատ­րիարք Նո­րին Սրբու­թիւն Մոր Իգ­նա­տիոս Եփ­րեմ Բ. այ­ցե­լեց Քէօլ­նի Ս. Պետ­րոս-Ս. Պօ­ղոս ա­սո­րի ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մայն­քը՝ ուղ­եկ­ցու­թեամբ Գեր­մա­նիոյ Ա­սո­րի-Ուղ­ղա­փառ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Ֆի­լիք­սի­նոս Մա­թիաս Ար­ք. Նա­յի­սի, մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Եու­լիուս Հան­նա Ար­ք. Այ­տի­նի եւ այլ եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած ա­սո­րի ե­պիս­կո­պոս­նե­րու: Ներ­կայ էին նաեւ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ բազ­մա­հա­րիւր հա­մայն­քա­յին­ներ:

Ա­սո­րի հա­մայն­քի հրա­ւէ­րով այ­ցե­լու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Ար­ք. Պեք­ճեա­ն, Քէօլ­նի հա­մայն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Հրաչ Քհնյ. Պի­լի­ճիեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:

Մոր Իգ­նա­տիոս Եփ­րեմ Բ. Պատ­րիարքի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ եւ ներ­կայ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւա­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ մաս­նա­ւոր ա­ղօթք, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ խա­ղա­ղու­թեան կրկին հաս­տատ­ման հա­մար:

Մոր Իգ­նա­տիոս Եփ­րեմ Բ. իր պատ­գա­մին մէջ յատ­կա­պէս շեշ­տեց Հայ եւ Ա­սո­րի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­զա­րա­մեայ եղ­բայ­րա­կան կա­պերն ու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ:

«Մենք ոչ թէ փոք­րա­մաս­նու­թիւն ենք այդ տա­րա­ծքաշր­ջա­նին մէջ, այլ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի ան­բա­ժա­նե­լի եւ ան­քակ­տե­լի մա­սը: Սա­կայն դժբախ­տա­բար ա­կա­նա­տես ենք պա­տե­րազ­մա­կան վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց զոհ կը դառ­նան հա­զա­րա­ւոր ան­մեղ մար­դիկ», շեշ­տեց ան:

Մոր Իգ­նա­տիոս Եփ­րեմ Բ. հո­վուա­պե­տը ա­պա իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց ներ­կայ հիւ­րե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն:

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2016