ՊԱՏԱՆԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Տաւուշի թեմէն պատանի ուխտաւորներ։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Տաւուշի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու աւարտական դասարաններու, ընկերակրթական կեդրոններու սաները, ինչպէս նաեւ Իջեւանի եւ Բերդի եկեղեցիներու մանկապատանեկան երգչախումբերու անդամները համախմբուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Պատանի ուխտաւորները գլխաւորեցին Տաւուշի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան եւ թեմի այլ հոգեւոր հայրեր։
Հանդիպման սկիզբին թեմակալ առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ հայրական խնամքին համար։
Իջեւանի եւ Բերդի եկեղեցիներու մանկապատանեկան երգչախումբերը հանդէս եկան շարականներու երգեցողութիւններով։ Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ հայրենասիրական երգեր։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց տաւուշցիներու դէպի Սուրբ Էջմիածին ուխտագնացութեան առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ քրիստոնէութեան ընդունումէն վերջ հայ ժողովուրդի զաւակները մշտապէս պահած են իրենց հաւատարմութիւնը Տիրոջ նկատմամբ՝ իրենց կեանքին մէջ կենսագործելով տէրունաւանդ պատուիրանները, կերտելով վանքեր, եկեղեցիներ եւ խաչքարեր։ «Աղօթեցինք մեր վանքերուն մէջ, մեր խաչքարերուն առջեւ։ Այդ աղօթքով զօրացանք, այդ աղօթքով կերտեցինք մեր յաղթանակները, դիմակայեցինք մեր կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ քալեցինք դարերու մէջ, քալեցինք միշտ յաղթական, ապաւինած մեր հայրերու Աստուծոյ՝ վստահութեան, որ պիտի կերտենք մեր երազներու երկիրը, պիտի կերտենք մեր կեանքի լուսաւոր օրը եւ պիտի ապրինք շէն ու խաղաղ մեր հայրենիքին մէջ»։
Նորին Սրբութիւնը ներկայ պատանիներուն յորդորեց լաւ ուսանիլ եւ գիտելիքներ ամբարել։ «Աստուծոյ հետ ըլլալ կը նշանակէ հզօր ըլլալ, Աստուծոյ հետ ըլլալ կը նշանակէ երջանիկ կեանքով ապրիլ, Աստուծոյ հետ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ ըլլալ», պատգամեց Վեհափառ Հայրապետը։