ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2022-2023 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած հանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցի տեսուչ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։ Այս առթիւ ան բարի եւ օրհնեալ ծառայութիւն մաղթեց Ճեմարանի շրջանաւարտ սարկաւագներուն՝ հայցելով, որ Աստուծոյ ամենախնամ Աջը միշտ ուղղորդէ եւ անոնց մէջ պահէ առաքելական քարոզութեան նախանձախնդրութիւնը, հոգեւոր մշակի աննահանջ աշխատասիրութիւնը եւ սէրը Աստուծոյ, Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ։

Հանդիսութեան տեւողութեան կատարուեցաւ նաեւ՝ գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած նուիրաբաշխութիւնը՝ ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։ Հանդէսի աւարտին Նորին սրբազնութիւնը արտասանեց նաեւ փակման խօսքը։

2022-2023 ուսումնական տարուան աւարտին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն վկայական ստացած է 19 սան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023