ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻ՛ ԱՆԱՐԳԷՔ

Մեծ պահոց 36-րդ օրն է:

Մերօրեայ աշխարհը եթէ փորձենք ժամանակահատուածի վերածել, կարելի է անվարան ըսել, թէ այլասերուածութեան ժամանակահատուածն է, որ կ՚ապրի մարդկութիւնը: Այլասերուածութիւն ամէն երեւոյթի, որ առընչութիւն ունի մարդ արարածին հետ: Իսկ այդ այլասերուածութիւններուն ամենէն վատն ու վտանգաւորը կրօնական-հոգեւոր այլասերուածութիւնն է, որ կապ ունի մարդուն ներքին աշխարհին հետ, այլ խօսքով՝ մարդուն հոգեւոր՝ հաւատքի աշխարհին հետ:

Արդարեւ, այսօր այնքա՜ն շատցած են Աստուծոյ անունով քարոզողներն ու Աստուծոյ անունով խօսողները: Այնքա՜ն շատցած են Տէր Յիսուսի «աշակերտներ»ն ու «առաքեալներ»ը: Այնքա՜ն շատցած են Սուրբ Հոգիէն «յայտնութիւն»ներ ու «պատգամ»ներ ստացողները: Այսօր, ոեւէ մէկ մարդ մեկնելով իր ներքին ապրումներէն կը սկսի յայտարարութիւններ ընել, թէ Աստուծոյ Հոգին իրեն այսինչ կամ այնինչ բանը յայտնած է, թէ Աստուած իրեն թելադրած է՝ որ այսինչ բանը խօսի, թէ Տէր Յիսուս պատուիրած է անոր այսինչ տեղը երթալ ու այսինչ բանը խօսիլ: Սակայն, երբ ուշադրութեամբ հետեւինք այդպիսիներուն՝ պիտի նկատենք, որ իրենց կատարած այդ յայտարարութիւններէն ընդամէնը մի քանի օրեր ետք եւ շատ յաճախ նոյնիսկ յաջորդող օրը կամ նոյն օրուան աւարտին, ամբողջութեամբ տարբեր բան է, որ կը խօսին, հակառակելով իրենց իսկ կատարած յայտարարութիւններուն, որ այսպէս ըսած կատարած էին Սուրբ Երրորդութեան թելադրութեամբ: Ա՛յ ողորմելիներ, դուք որ կը հպարտանաք, թէ Սուրբ Գիրք կը կարդաք եւ Աստուծմէ յայտնութիւններ կը ստանաք, չէ՞ք կարդացած երբեւէ, թէ Տէրը ինչ կ՚ըսէ. «Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն ու Իսրայէլի տանը բոլոր մնացորդը, որ ձեզ որովայնէ կը կրեմ եւ արգանդէ կը վերցնեմ. մինչեւ ձեր ծերութիւնը Ես նոյնն եմ, մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը Ես ձեզ պիտի կրեմ. Ե՛ս ստեղծեցի ու Ե՛ս պիտի ազատեմ» (Ես 46.3-4): Եւ տակաւին քանի՜-քանի այլ նմանատիպ տողեր կան արձանագրուած Աստուածաշունչին մէջ. ի՞նչ կը հասկնաք, երբ այս տողերը կը կարդաք, այն թէ Աստուած մարդու նման կրնայ փոփոխամիտ ըլլալ, քա՛ւ լիցի: Երբրայեցիներուն նամակին մէջ կը կարդանք. «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ - երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (13.8), շատ յստակ ու պարզ է, Տէրը միշտ նոյնն է եւ Անոր մէջ փոփոխութիւն չկայ, իսկ դուք ողորմելիներ ի՞նչ կ՚ընէք, ըստ ձեր կամքին ցանկացած ժամանակ ձեր խօսքերը կը փոխէք, զայն վերագրելով Սուրբ Երրորդութեան: Տակաւին, Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ խօսելով Սուրբ Հոգիին պարգեւներուն մասին՝ յստակօրէն կը բացատրէ, թէ Հոգին ունեցողը ինչպէս կ՚ըլլայ: Աւելին, ան կ՚ըսէ, «թէ ոեւէ մէկը, որ Աստուծոյ Հոգիէն մղուած կը խօսի՝ չի կրնար ըսել՝ "նզովեալ ըլլայ Յիսուս": Նոյնպէս ալ, ո՛չ ոք կրնայ խոստովանիլ թէ "Յիսուս Տէր է", եթէ Սուրբ Հոգին չունենայ»: Իսկ դուք ի՞նչ կ՚ընէք ողորմելիներ, ձեզի պատշաճեցնելով այս խօսքերը եւ մոռնալով ամբողջ Աստուածաշունչը դուք ձեզ Աստուծոյ առաքեալ ու աշակերտ կը ձեւացնէք, Աստուծոյ ու Անոր Սուրբ Հոգիով խօսողներ կը ձեւանաք մարդոց աչքին, ո՛չ միայն դուք մոլորելով, այլեւ՝ մոլորեցնելով նաեւ ձեզի հետ ձեր հետեւորդները:

Ճիշդ է, Սուրբ Հոգին բոլորին ալ կրնայ յայտնուիլ ու պարգեւներ տալ, ինչպէս կ՚ըսէ Սրբազան Առաքեալը. «Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը, հասարակաց օգուտին համար» (Ա. Կր 12.7). ուշադրի կարդացէք, կը յայտնուի՝ «հասարակաց օգուտին համար» եւ ոչ թէ հասարակաց կորուստին համար, ինչ բանի համար դուք կը ծառայէք: Արթուն պէտք է ըլլալ եթէ ոեւէ մէկը, որ Երրորդութեան անունով կը խօսի, պէտք է գիտակից ըլլանք, եթէ անոր խօսքերուն մէջ մէկ արտայայտութիւն իսկ կը հակասէ Աստուածաշունչին, կը նշանակէ, թէ այդպիսին ո՛չ թէ Երրորդութեան առաքեալ է, այլ՝ սատանային գործակից ու կամակատար է եւ այդպիսիներէն պէտք է զգուշանալ:

Երեսունվեցերորդ օրուան մարտահրաւէր. Աստուծմէ խնդրենք, որ մեզի պէտք եղած իմաստութիւնը տայ, որպէսզի հասկնանք ի՛նչը Սուրբ Երրորդութենէն է եւ ինչը՝ ոչ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022