ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հիւրընկալեց Լիբանանի պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիքա Եպիսկոպոսը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի վանքին մէջ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ նախատեսուած նախագահական ընտրութեան եւ Կիլիկեան Աթոռ-Վատիկան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր, միջեկեղեցական օրակարգի նիւթերով հանդերձ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս պապական նուիրակին ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ Արցախի տեւական պաշարման վրայ։

Կաթոլիկ եպիսկոպոսը, որ տեղեակ էր Արցախի հարցին, խոստացաւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին մօտեցումները փոխանցել Վատիկան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2023