ԱՆԿՈՂԻՆԸ, ՈՐ ԶԻՍ ՓՐԿԵՑ ԹԱԼԻՊԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԷՆ

Ճակատագրական եւ վտանգաւոր պահերու ոմանք կը պահեն իրենց հանդարտութիւնը, որ զանոնք կը փրկէ ստոյգ մահէ: Յոյն օդաչու Վ. Վասիլէու կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս պանդոկի անկողինը զինք քանի մը տարի առաջ փրկած է, երբ Աֆղանիստանի Թալիպան շարժումը 20 յունուար 2018-ին ահաբեկչական գործողութիւն իրականացուցած է Քապուլի «Ինթերքոնթինենթալ» պանդոկին մէջ:    

*

Այդ օրը որոշեցինք քիչ մը կանուխ՝ երեկոյեան ժամը վեցին ընթրել, ընկերոջս՝ օդաչու Միքայէլ Պուլիքաքոսի հետ: Երեք կամ չորս ամսուան մէջ առաջին անգամն էր, որ կու գայի «Ինթերքոնթինենթալ» պանդոկը, ուր ընդհանրապէս կ՚ընթրէի երեկոյեան 8.30-ին:

Մենք ընթրիքը աւարտեցինք 7.30-ին, որմէ ետք ես ամենէն վերի յարկին վրայ գտնուող իմ սենեակս բարձրացայ (թիւ 522) քանի մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարելու համար:

Ժամը 8.47-ին, երբ ես տակաւին կը զրուցէի, ուժգին պայթում մը լսեցի վարի նախասրահէն:

Վազեցի պատշգամ: Անձ մը արիւնլուայ գետին պառկած էր, եւ կրակոցներ կը լսուէին պանդոկին ներսէն ու դուրսէն: Որքա՜ն բախտաւոր էի, որ այդ պահուն ճաշարանին մէջ չէի: Ուրեմն, բան մը պէտք էր ընէի, որպէսզի փրկուէի:

Պատշգամին դուռը բաց ձգեցի եւ սենեակիս դուռը կղպեցի: Երկու մահճակալներ կային սենեակիս մէջ: Ատոնց վրայի վերմակներէն մէկը առի եւ դրան ամրացուցի ձեռնառումբերէ պաշտպանուելու համար: Ապա հաւաքեցի սաւաններ, անձեռոցներ, հագուստներ՝ պատրաստելու համար պարան մը, զոր կրնայի գործածել, եթէ անհրաժեշտ ըլլար չորրորդ յարկ իջնել:

Քանի որ ես օդաչու եւ մարզիչ եմ, տարիներ շարունակ սորված եմ արտակարգ իրավիճակներու կառավարում եւ որոշումներ տալ: Ուրեմն, նոյնիսկ երբ ճաշարան կամ թատրոն կ՚երթամ, կը մտածեմ դրան մօտ նստելու կամ արտակարգ իրավիճակի ելքին մօտ գտնուելու մասին: Այս գրեթէ բնազդային եղած է:

Ես սկսայ մտածել, թէ յետոյ ի՞նչ պիտի ընեմ: Ես չէի պատկերացներ, թէ քանի՞ յարձակողներ կան, կամ ո՞ւր են անոնք շէնքին մէջ, եւ հինգերորդ յարկէն նետուիլը խելամիտ չէր, ուրեմն որոշեցի ներսը մնալ եւ փորձել առաւելագոյնը ընել ինքնապաշտպանութեան համար:

Չեմ գիտեր՝ ինչո՞ւ, ես իսկապէս չեմ կրնար բացատրել, թէ ինչո՞ւ անսպասելիօրէն հանդարտ էի:

Մահճակալը վրան վերմակով քիչ մը տակնուվրայ ըրի, իսկ միւսը, որմէ հանած էի վերմակը, կոկիկ տեսք ունէր: Ես մարեցի լոյսը եւ որոշեցի մթութեան մէջ պահուըտիլ ծանր վարագոյրներու եւ կարասիներու ետին:

Աւելի քան ժամ մը անցած էր, եւ այն ատեն չէի գիտեր, որ յարձակողները մինչ այդ սպաննած էին գրեթէ բոլորը՝ նախասրահին, ճաշարանին եւ պանդոկի առաջին եւ երկրորդ յարկերուն մէջ: Անոնք երրորդ եւ չորրորդ յարկերուն մէջ վազելով հասած էին հինգերորդ յարկ, եւ ես կը լսէի, թէ ինչպէս անոնք կը վազվզէին իմ գլխուս գտնուող տանիքին վրայ, ուր անոնք կը յաջողէին հեռու պահել միջազգային ուժերուն պատկանող ուղղաթիռները:

Մօտակայ միջանցքին մէջ կրակոցներ լսեցի, եւ յանկարծ պանդոկին ելեկտրականութինը ընդհատուեցաւ:

Հինգերորդ յարկի առաջին սենեակը, ուր մտան յարձակողները, թիւ 521 սենեակն էր՝ իմ սենեակիս քովինը, որ դարձաւ անոնց գործողութիւնները կառավարող կեդրոն՝ գիշերային պաշարման ընթացքին:

Ես լսեցի, թէ ինչպէս կը կրակեն իմ սենեակիս դրան վրայ եւ մտածեցի. «Իմ դիրքս լաւ չէ»:

Մտայ մահճակալին տակ, որուն վրայ տակաւին վերմակ կար, փորձելով պաշտպանուիլ: Ես բռունցքներով եւ մատներուս ծայրով վեր կը պահէի այս մահճակալը՝ թեթեւցնելով ծանրութիւնը:

Այդ դիրքիս մէջ քիչ մը կը տեսնէի, քանի որ մահճակալը բարձրացուցած էի օդին մէջ շուրջ 10 սմ.: Անոնք կրակեցին կղպանքին վրայ, ծանր մուրճով հարուածեցին դրան, իսկ յետոյ չորս տղամարդ մտան իմ սենեակս: Մէկը անմիջապէս վազեց պատշգամ, երբ տեսաւ, որ դուռը բաց է:

Ատրճանակէ կրակոցներ լսեցի եւ մտածեցի, որ յաջորդ քանի մը երկվայրկեանին մէջ ես հաւանաբար կը մեռնիմ: Կը մտածէի ընտանիքիս, երեխաներուս դէմքերուն, կեանքիս լաւ ու վատ պահերուն մասին:

Դուռը բաց մնացած էր, իսկ զինեալները անընդհատ կը մտնէին ու կ՚ելլէին: Յետոյ սկսան հինգերորդ յարկի այլ դռներ բանալ: Միջանցքի միւս կողմին մէջ կային քանի մը այլ օդաչուներ, որոնց հետ ես աշխատած էի: Երբեմն ես կը լսէի անոնց լացը՝ նախքան իրենց վրայ կրակելը, երբեմն՝ ոչինչ:

Կարծեմ անոնք բացին հինգերորդ յարկի իւրաքանչիւր դուռը եւ սպաննեցին՝ ով որ գտան: Ես կը լսէի պոռչտուքը, կը լսէի փամփուշտի ձայն, միայն մէկ փամփուշտ, իսկ յետոյ անոնք կը զարնէին քովի դուռը: Ամէն անգամ անոնք յետոյ կը խնդային, կարծես անոնք պարզապէս կը խաղային, կամ կարծես մեծ խնջոյք էր կամ նման բան մը:

Նախքան լուսաբացը՝ հինգերորդ յարկին վրայ բռնկեցաւ մեծ հրդեհ, որմէ ետք զինեալները հեռացան, քանի որ ծուխը շատ ուժեղ էր: 20-25 վայրկեան կրակոց չկար: Որոշեցի դուրս գալ մահճակալին տակէն:

Երբ ես դուրս եկայ, հասկցայ, որ մինչ ես պահուըտած էի երկու մահճակալներէն մէկուն տակ, անոնք կրակած էին միւս մահճակալին վրայ, իսկ յետոյ բարձրացուցած էին այդ՝ փնտռելու մէկը, որ կրնար հոն պահուըտած ըլլալ:

Մտածեցի. «Այսօր երկրորդ անգամն է, որ փրկուած եմ»:

Շատ չանցած՝ ծուխը սկսաւ մտնել իմ սենեակս: Ես պէտք էր բան մը ընէի, ուրեմն պատշգամ ելայ: Տեսայ հսկայ հրդեհը ձախ կողմս, եւ հասկցայ, որ եթէ անիկա հասնի իմ սենեակս, ես չեմ փրկուիր:

Տեսայ պատկերասփիւռի պողպատեայ լարեր, որոնք կախուած էին տանիքէն, որոնք ուղղակի կ՚իջնէին գետին: Բռնեցի զանոնք՝ ստուգելու, թէ անոնք կը դիմանա՞ն իմ ծանրութեանս, եւ կրնայի… բայց այդ պահուն լսեցի, որ քովէս կ՚անցնին փամփուշտներ, որոնք պատուհանի ապակիին վրայ երկու անցք ձգեցին ճիշդ իմ ետեւս:

Հաւանաբար միջազգային ուժերուն պատկանող արձակազէն մըն էր, որ զիս տեսած էր գիշերային դիտակներու միջոցով եւ՝ ենթադրած, որ ես զինեալներէն մէկն եմ: Արձակազէնները երբեք չեն վրիպիր այդ հեռաւորութենէն, բայց այն երկվայրկեանին, երբ անոնք կը կրակէին, ես կը շարժէի, որպէսզի բռնեմ պարանները, իսկ փամփուշտները պարզապէս չէին դպած ինծի:

Որոշեցի ներս մտնել: Գացի բաղնիք, շա՜տ, շա՛տ դանդաղ, որպէսզի աղմուկ չհանեմ: Իմ իրերուս մէջ մկրատ մը ունէի, առի զայն, վերադարձայ մահճակալին տակ, մկրատով բաւարար չափով ճեղք մը բացի կերպընկալ նիւթին վրայ, որ կը ծածկէր մահճակալի փայտէ հիմքին տակի մասը, որպէսզի կարողանամ ներս սողալ:

Երկու շիշ ջուր եւ քիչ մը կաթ առի սենեակիս փոքր սառնարանէն, եւ պահարանէն՝ շապիկ մը: Կտրեցի շապիկը՝ փոքր կտորներու վերածելով եւ դրի քիթիս մէջ, որպէսզի ծուխը չշնչեմ: Շապիկի այլ կտոր մը դրի բերնիս շուրջը եւ վրան կաթ ու ջուր դրի, կրկնակի զտիչի (ֆիլթըր) նման, բան մը, որ սորված էի Աթէնքի միջազգային օդակայանի հրշէջ ծառայութեան հետ մարզուելու ատեն:

Հազիւ մահճակալին մէջ մտայ, անոնք վերադարձան:

Զինեալներէն մէկը եկաւ ու նստաւ այն մահճակալին վրայ, որուն մէջն էի: Ես կը տեսնէի անոր ոտքերը, իսկ ան կը շարունակէր թքել յատակին: Ան հրաման կու տար միւս տղաներուն, կ՚ըսէր՝ ի՛նչ ընեն, եւ ես դեռ կը յիշեմ անոր ձայնը: Յետոյ ան գնաց բաղնիք, իսկ ատկէ ետք ելաւ պատշգամ եւ կրակեց: Ես ընդհանրապէս չէի կրնար վտանգի դիմել՝ որեւէ աղմուկ բարձրացնելու, քանի որ երբ կրակոցները դադրեցան, լիակատար լռութիւն էր:

Այդ պահուն գլխուս մէջ բան մը կ՚ըսէր, որ ես այդ օրը պիտի չմեռնէի: Ես ողջ մնացած էի, երբ սովորական ժամուն չէի գացած ընթրելու: Ես ողջ մնացած էի, երբ այդ զինեալները առաջին անգամ մտան իմ սենեակս եւ կրակեցին միւս մահճակալին վրայ, ոչ թէ անոր, որուն տակն էի: Ես ողջ մնացած էի, երբ արձակազէնի փամփուշտները չէին դպած ինծի: Եւ ճիշդ հիմա ես լաւ պահուըտած էի:

Կը մտածէի, որ միջազգային ուժերը ձեւով մը իրենց հակակշիռին տակ կ՚առնեն պանդոկը, ուրեմն որոշեցի, որ եթէ մնամ հոն, ուր որ եմ, կամ ոչինչ ընեմ, լաւ կ՚ըլլայ:

Սակայն առաւօտեան կանուխ միջազգային ուժերը հրասայլէն սկսան կրակել սենեակներուն վրայ: Անոնք կեդրոնացան իմ քովս գտնուող թիւ 521 սենեակին վրայ, բայց նոյնպէս կրակեցին քանի մը սենեակներու վրայ, քանի որ զինեալներ կը շրջագայէին եւ կը կրակէին անոնց ուղղութեամբ այլ վայրերէ ալ:

Ամէն անգամ, երբ հրասայլի վրայի ծանր գնդացիրները կը կրակէին, ամբողջ պանդոկը կը ցնցուէր: Աւելի ուշ տեսայ, թէ ի՛նչ վնաս հասցուցած են. ամբողջ կահկարասին փոշի դարձած էր, իսկ առաստաղներուն վրայ ճեղքեր բացուած էին: Կրկին բախտաւոր կը զգայի, որ դեռ ողջ եմ:

Անոնք երկրորդ անգամ կրակեցին առաւօտեան ժամը վեցին, ճիշդ իմ սենեակիս դուրսի կողմը: Կը լսէի, թէ ինչպէ՛ս զինեալները պահարանէս հագուստներ կը հաւաքեն, յետոյ առին գորգերը եւ վառելանիւթ լեցուցին վրան: Անոնք նոյնպէս հրկիզած էին իրենց սենեակը՝ թիւ 521-ը:

Հրդեհը ինծի շատ մօտ էր, եւ ես գիտէի, որ սաստիկ ծուխի եւ տաքի մէջ ես կը կարողանամ գոյատեւել միայն 15-20 վայրկեան, թերեւս առաւելագոյնը՝ կէս ժամ: Ես կը շնչէի յատակէն, որպէսզի վերջին թթուածինը ստանայի պատշգամի բաց դռնէն իմ սենեակս եկող թանձր ցուրտ օդէն:

Քանի որ շրջապատիս մէջ ոչ ոքի ձայնը կը լսէի, որոշեցի դուրս գալ: Բայց երբ ես դուրս եկայ, պատուհաններու ապակիներ սկսան փշրուիլ: Ձայնը կու գար թիւ 521 սենեակէն, բայց յետոյ նոյնը սկսաւ իմ սենեակիս մէջ, եւ ես ստիպուած էի փորձել պաշտպանուիլ շատ արագ:

Դուրսը գտնուող միջազգային ուժերը ջրային ռումբեր կ՚արձակէին դէպի սենեակները՝ կրակը մարելու համար, եւ անոնք կը փշրէին պատուհաններուն ապակիները: Հրդեհը արագ մարեցաւ, բայց ես հիմա ամբողջ մարմնով սառած ջուրի մէջ թաթխուած էի սենեակի մը մէջ, առանց պատուհաններու կամ դռներու, Քապուլի ցուրտ գիշերը, երբ դուրսի ջերմաստիճանը շուրջ -3 աստիճան էր:

9.25-ին լսեցի կրակոց, որ կու գար միջանցքին միւս կողմէն՝ վերելակներու քովէն: Այդ տարբեր հնչեց: Ուրեմն ենթադրեցի, թէ միջազգային ուժերն են: Զինեալ մը թիւ 521 սենեակէն կը հակադարձէր քալաշնիքովով:

9.30-11.30-ի միջեւ միջազգային ուժերը նետեցին քանի մը ձեռնառումբեր, որոնք կ՚իյնային թիւ 521 սենեակին մէջ, իսկ երբեմն կը պայթէին միջանցքին մէջ, իմ սենեակիս բաց դռնէն դուրս:

11.30-ի ատեն այնպէս կը թուէր, թէ թիւ 521 սենեակին մէջ միայն զինեալ մը մնացած է, եւ ան ալ կը կրակէ ատրճանակով: Փամփուշտները սպառած էին: Ան քանի մը վայրկեան ետք անհետացաւ:

Ես շատ յոգնած էի, շուրջ 35 ժամ չէի քնացած:

Շատ չանցած՝ ես սկսայ լսել այլ ձայներ եւ մարդիկ, որոնք կը քալէին դէպի իմ սենեակս, բայց ես չէի կրնար տեսնել, թէ զինեալնե՞ր էին, թէ՞ միջազգային ուժերու անդամներ:

11.40-ին մէկը աֆղանական առոգանութեամբ պոռաց. «Ոստիկա՛ն, ոստիկա՛ն»: Բայց ես որոշեցի դուրս չգալ. կրնար զինեալ մը ըլլալ: Ապա 10-20 երկվայրկեան ետք ես լսեցի անգլիացիի առոգանութեամբ մարդիկ, որոնք նոյնպէս «Ոստիկա՛ն» կը պոռային: Այնքան ուրախացայ, որ սկսայ պոռալ եւ սողալով դուրս գալ մահճակալին տակէն: Դժուար կը շնչէի: Կուրծքս սաստիկ կը ցաւէր անկողինին մէջ նոյն դիրքի վրայ այդքան երկար մնալուս պատճառով: Ես ծուխէն այնքան սեւցած էի, որ անոնք դէմքս չէին տեսներ, եւ չորս զինուորները իրենց զէնքերը իմ վրաս ուղղած՝ կը պոռային. «Գետի՛ն պառկէ, գետի՛ն պառկէ»:

Անոնցմէ մէկը փսփսաց. «Ասիկա ոգի մը պէտք է ըլլայ»:

Ես կը սառէի, բայց կրցայ ըսել. «Ես օդաչու եմ «Քամ» ընկերութենէն: Հաճի՛ք, մի՛ կրակէք»:

Անոնք չէին հաւատար, թէ ի՛նչ կը տեսնէին: Անոնք ինծի հարցուցին, թէ քանի՞ ժամ հոն եղած եմ: Ես անոնց ըսի, որ միշտ հոն էի: Անոնք մահճակալին նայեցան եւ ինծի հարցուցին, թէ ինչպէ՞ս կարողացայ ողջ մնալ:

Անոնցմէ մէկը ինծի ըսաւ. «Լա՛ւ, ես քեզ վար կը տանիմ, բայց լսէ՛, ես պէտք է քեզի հետ նկարուիմ»:

Ես վերջինն էի, որ դուրս եկայ պանդոկէն: Անոնք բոլոր ողջ մնացածները տարին Քապուլի մէջ գտնուող բրիտանական խարիսխ, ուր տեսայ իմ պաշտօնակիցս՝ Միքայէլը, այնքան ուրախացայ, չէի կրնար հաւատալ: Չէի գիտեր՝ խնդա՞մ, թէ՞ լամ: Բայց կային խառն զգացողութիւններ. մենք այնքան շատ ընկերներ կորսնցուցած էինք, այնքան մարդիկ, որոնց հետ կ՚աշխատէինք՝ օդաչուներ, անձնակազմի անդամներ:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընտանիքիս ըսած էր, որ իրենք տարհանած են բոլոր փրկուածները, որոնց շարքին զիս չեն գտած: Ուրեմն իմ ընտանիքս մտածած է, որ ես…

Չէք կրնար երեւակայել անոնց ուրախութիւնը, երբ քանի մը ժամ ետք ես հեռաձայնեցի եւ ըսի, որ ողջ առողջ եմ:

Ես ընդհանրապէս դրական անձ մը եղած եմ: Այս օրերուն նոյնիսկ աւելի դրական եմ այն բոլորին հանդէպ, որ ունիմ:

Կեանքը նուէր մըն է, եւ մենք պէտք է անիկա վայելենք, որքան որ տեւէ:

Գիտէ՞ք, ընկերներու հետ Յունաստանի լողափին նստած՝ ես լսած եմ մարդոց բողոքը տնտեսական ճգնաժամի դէմ, որուն պատճառով զրկուած են իրենց ունեցած նախկին յարմարաւէտութենէն: Ես կ՚ըսեմ. «Եկէ՛ք, վայելեցէ՛ք ձեր կեանքն ու առողջութիւնը: Դուք ձուկ կ՚ուտէք եւ ծովափին ուզօ կը խմէք: Մենք ազատ ենք, մեր շրջապատին մէջ լաւ ընկերներ ունինք եւ կը ծիծաղինք. ահա՛ թէ ինչ պէտք է ընեն մարդիկ»:

Մի՛ կեդրոնանաք միայն աշխատանքի, ճնշուածութեան եւ ձեր կեանքին մէջ վատ բաներու վրայ: Փոխարէնը՝ կեդրոնացէ՛ք լաւ պահեր ստեղծելու եւ լաւ մարդոց շըր-ջապատին մէջ ըլլալու վրայ, քանի որ կեանքը շատ գեղեցիկ է:

Ես իսկապէս կը հասկնամ, որ Քապուլէն ետք կեանքը շատ գեղեցիկ է: Եւ, հաւատա-ցէ՛ք, ես կը վայելեմ իւրաքանչիւր պահը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022