ՇՐՋԱՓԱԿՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԻ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ

Լուսանկարի մը մէջ Արցախը, արցախցին:

Լուսանկարը ցոյց կու տայ աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր շրջափակումի մէջ յայտնուած Արցախն ու արցախցին: Այլեւս 193 օր: Արցախցին քաջ կը գիտակցի, թէ ե՛րբ պիտի բացուի կեանքի ճանապարհը: Աւա՜ղ, օրն ու ժամը յայտնի է: Պատրաստ է դիմակայելու բոլոր փորձութիւններուն, միայն թէ հողը իր ոտքերու տակէն չկորսնցնէ:

Իւրաքանչիւր լուսաբաց արցախցին կը դիմաւորէ օրհնենքով. «Փառքդ շատ Տէր Աստուած այսօր ալ լուսցուցինք: Փառք քեզ Տէր իմ՝ ողջ ու առողջ արթնցանք»: Այսպիսին են արցախցիներու լուսաբացերը: Ներկայիս զԱստուած ամենաշատը կը յիշեն, կը փառաբանեն Արցախի մէջ: Աւա՜ղ, մեղքն ու չարութիւնն ալ կը շարունակեն զբաղեցնել առաջին հորիզոնականները:

Լուսանկարի մէջ Սօսէն է՝ Արցախի դուստրը: Ան ու իր ընտանիքը օր մը չեն լքած Արցախը: Սօսէն պարտք ունի կատարելու: Խոստացած է իր մարտակից ընկերներուն ու պատերազմի թոհուբոհի մէջէն անցած, Շուշիի կարօտը սրտին մէջ աչքերը կեանքին փակած հօրը: Լուսանկարին մէջ պատկերուած է արցախցիի առօրեան: Աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր Արցախը զրկուած է բնական կազէն: Լոյսը, հոսանքը կը շարունակեն օրական վեց ժամ անջատել:

Աստուծոյ ողորմածութեամբ ձմեռը յաղթահարեցին: Դիւրին չէր: Մինչդեռ աշխարհը կը շարունակէ իր բնականոն կեանքը: Մինչդեռ մարդկութիւնը կը շարունակէ վայելել բաւական դիւրացած իր կեանքը՝ ընդամէնը սեղմելով այս կամ այն կոճակը, արցախցին կը մաքառի: Քրտինք թափելով կը հայթայթէ իր հանապազօրեայ հացը: Ընդամէնը կը կշտացնէ իր փորը, որպէսզի ուժ ունենայ, կարենայ ոտքի վրայ կենալ:

Խօսուն լուսանկարի մէջ, շրջափակուած Արցախի մէջ, աւանդական հայկական արցախեան ընտանիքը կը զբաղի իր գործերով: Փայտէ վառարանի օգնութեամբ լուծելով քանի մը հարց՝ տուն տաքցնել, ճաշ պատրաստել, ունենալ տաք ջուր... ընտանիքի մայրը՝ տիկին Զամիրան կը պատրաստէ ճաշ:

Յայտնի է, թէ լոյսը նոր բացուեցաւ: Տաք վառարանի շուրջ հաւաքուած են բոլորը: Սօսէն թերեւս կը կարկատէ Արցախի դրօշի վնասուած հատուածները: Մայրիկը կը պատրաստուի ընտանիքի պարագաներու քաղցը յագեցնելու: Իսկ հինգամեայ Հայկը պատուհանէն դուրս կարօտով կը դիտէ Շուշին: Պատուհանէն դուրս՝ բարձունքի վրայ գերեվարուած հայոց թագուհին է՝ Շուշին: Շուշիի բարձունքներն են: Լուսանկարը լաւագոյնս կ՚արտայայտէ երեխայի կարօտը: Ընդամէնը երեք տարի առաջ ան կը վազվզէր Շուշիի փողոցներուն մէջ: Հօրաքրոջ՝ Սօսէի ուղեկցութեամբ կը ծանօթանար ազատ Արցախի իւրաքանչիւր գողտրիկ անկիւնին հետ:

Լուսանկարի մէջ կայ ցաւ, թախիծ, հոգ, ծանր առօրեայ, կարօտ: Միւս կողմէ, այն լի է յոյսով, հաւատքով ու պայքարով: Այո՛, հենց այսպէս, ապրելով արցախեան հողի վրայ, մաքառելով՝ արցախցին կու տայ իր անհաւասար պայքարը: Վստահ է, թէ պիտի բացուի գարուն, տաք օրեր պիտի գան, տխրութիւնը պիտի փոխուի ուրախութեան, լացը՝ ծիծաղի, պարզապէս պէտք է համբերել ու շարունակել պայքարիլ յանուն ազատութեան ու անկախութեան:

Այսօր երբ արցախցին կ՚ուրախանայ, մենք՝ Արցախէն դուրս ապրողներս կ՚ուրախանանք բազմակի՝ տեսնելով անոնց ժպիտները, ուրախութիւնը: Այսօր մենք կ՚ապրինք Արցախով, առանց էական օգուտ տալով Արցախին:

Այսօր հայութիւնը, Հայաստանը ապրեցնողը պատառիկ Արցախն է: Մեր սիրտը կը շարունակէ բաբախել ու պիտի բաբախէ մինչեւ վերջ:

Թող Աստուած պահապան ու օգնական ըլլայ համայն հայոց աշխարհին: Թող Աստուած օրհնէ, պահէ ու պահպանէ Հայաստանն ու Արցախը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023