Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԱՂԸ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը երեկոյեան պիտի այցելէ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին։ Հիւրընկալուելով տեղւոյն թաղային խորհուրդին կողմէ՝ նորին սրբազնութիւնը երեկոյեան ժամերուն Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ մէջ պիտի մէկտեղուի հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։ Մեծ պահոց նուիրական շրջանին կազմակերպուած այս երեկոյթը առիթ պիտի ընձեռէ, որպէսզի ան անմիջական ձեւաչափի մը մէջ զրուցէ մեր համայնքի անդամներուն հետ։ Նորին սրբազնութիւնը պիտի պատասխանէ նաեւ ժողովուրդի հարցումներուն։

Այսպէսով, Պատրիարքական Աթոռի ղեկը վերստին ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուղիղ շփում մը պիտի ունենայ մեր համայնքի անդամներուն հետ՝ բաժնելով իր մօտեցումներն ու խոհերը, փոխանցելով նաեւ յորդորները։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018