ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցան խրախճանքներ։ Տղաքը նոյն ամբողջին մէջ տեղեկութիւններ քաղեցին Ս. Վարդանանց պատերազմի եւ նահատակներու մասին։

Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ բուն խրախճանքը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Մասնաւոր տարազներով տղաքը գնահատանքի արժանացան իրենց ելոյթներով։

Հանդէսը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի խօսքով, որով ան գնահատեց այս ծրագրին համար տարուած աշխատանքը։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019