ՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ երէկ նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնք անցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եղիշէ Վարդապետ Ուչքունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ այլ ուրարակիրներ։ Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կենաց արեւշատութեան համար։

Ի ժամ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ նաեւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան սարկաւագ ձեռնադրեց մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Սարօ Աքչելեանը, Արէտ Փեհլիվանօղլուն եւ Գրիգոր Սամուէլեանը։

Արարողութիւններուն ներկայ էին նաեւ Տ. Եղիա Ա. Քահանայ Քերվանճեան, Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան, Տ. Զաքար Քահանայ Քոփարեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։

Ձեռնադրութենէն վերջ հոգեւորականաց դասն ու հաւատացեալները ջերմօրէն շրջապատեցին նոր սարկաւագները, որոնց յղեցին շնորհաւորութիւններ եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրական ճանապարհին բազում տարիներ։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019