ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ. ՎԱՐԴԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանէն Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանը, որ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետն է։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացաւ անձնական բնոյթով այցելութիւնով մը, որու ընթացքին զրոյց ծաւալուեցաւ ջերմ ու եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ։

Անմիջական խօսակցութեան ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան նաեւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի առողջական վիճակը եւ վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ մտած հրաժարականի վերաբերեալ պնդումները։ Սփիւռքեան զանազան լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ լսումներ տարածուած էին, թէ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան հրաժարած է Մխիթարեան միաբանութեան պապական կառավարիչի եւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւորի պաշտօններէն։ Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրները երէկ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը հերքած էին՝ Զեքիեան Գերապայծառի վիճակաւորի պաշտօնէն հրաժարած ըլլալու վերաբերեալ լուրերը։ Այդ պաշտօնական յայտարարութեան մէջ որեւէ անդրադարձ չէր կատարուած Մխիթարեան միաբանութեան կառավարիչի պաշտօնէն հրաժարականի վերաբերեալ լուրերուն մասին։ Արդարեւ, սա եւս թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է, որովհետեւ ուղղակիօրէն կրնայ պայմանաւորել քաղաքիս Վիեննական վարժարանի ղեկավարման դրութիւնը։

Պատրիարքարանի աղբիւրներն ալ որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանի այցելութեան ժամանակ ծաւալուած խօսակցութեան բովանդակութեան շուրջ։ Պարզապէս այդ այցը որակուած է անձնական ու քաղաքավարական՝ առանց շարժառիթի մը նշման։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022