ՍԻՊԻԼ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՄԻԱՍԻՆ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ» ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ յառաջացած դժուարութիւնները հնարաւորինս յաղթահարելով՝ խումբ մը հայ արուեստագէտներ համախմբուեցան՝ սատարելու համար այն երեխաներուն, որոնք քաղցկեղէ կը տառապին։ Աշխարհի զանազան երկիրներու բնակիչ հայ արուեստագէտներ «Միասին երեխաներու համար» կարգախօսով բարեգործական ծրագիր մը կեանքի կոչեցին, ինչ որ այս պահու դրութեամբ ունի կենսական նշանակութիւն։ Այսպէս, յառաջիկայ շաբաթ՝ 4 յուլիսին Երեւանի ժամով 22.00-ին (Պոլսոյ ժամով 21.00-ին), Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ պիտի սփռուի այս ծրագրի ծիրէն ներս պատրաստուած համերգը։ Միեւնոյն ժամանակ «Together for children» YouTube-ի ալիքով ալ պիտի հեռարձակուի այս ծրագիրը, որու հասոյթը պիտի տրամադրուի «Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամին, որու գլուխը կը գտնուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան։

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ այս ծրագրին մասնակցութիւն պիտի բերէ մեր համայնքէն մեներգչուհի Սիպիլ, որ համակրանք կը վայելէ համահայկական գետնի վրայ։ Բացի Սիպիլէն, բարեգործական ծրագրի մասնակցութիւն կը բերեն շարք մը հռչակաւոր անուններ, որոնք հեղինակութիւն կը համարուին երաժշտութեան կամ այլ գեղարուեստներու զանազան ճիւղերու կամ ոճերու մէջ։ Այսպէս, այդ անուններն են Արա Մալիքեան (Սպանիա), Արա Գէորգեան (Հայաստան), Յարութ Փամպուքճեան (ԱՄՆ), Ռոզի Արմէն (Ֆրանսա), Վահէ Պէրպէրեան (ԱՄՆ), Սերժ Աւետիքեան (Ֆրանսա), Սեպուհ Սիմոնեան (ԱՄՆ), Լենա Շամամեան (Սուրիա), Սերուժ Քըրաճեան (Գանատա), Էլի Պէրպէրեան (Գանատա), Գեւ Օրգեան (Անգլիա), «Նիւ Տոքթա» խումբը (ԱՄՆ), Ալվարօ Յակոբեան (Ուրուկուայ) եւ Գուսան նուագախումբը (Արժանթին)։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020