ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Պատրիարքական Աթոռի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը այս շրջանին ծաւալուն որոնումներու մէջ է՝ իր նպատակները կեանքի կոչելու ճանապարհին։ Այս ծիրէն ներս յանձնախումբը բազմակողմանի շփումներ կը մշակէ այնպիսի կառոյցներու հետ, որոնք ընկերային օժանդակութիւններու մարզին մէջ աշխատանք կը տանին կամ ունին ներկայութիւն։ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ եւ իր գործակից ընկերները երէկ ընդունուեցան Ֆաթիհի քաղապետ Էրկիւն Թուրանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Խաչիկ Ճանէլին ընկերացան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Դաւիթ Տամլա, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Հերման Գաւաֆեան։ Ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Խաչիկ Ճանէլ եւ իր գործակից ընկերները առաջին հերթին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները փոխանցեցին Ֆաթիհի քաղաքապետին, որ անցեալ շաբաթ արդէն այցելութիւն մը տուած էր Գումգաբու։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք մանրամասն բացատրութիւններ տուին Պատրիարքական Աթոռի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ՝ մասնաւորապէս 2020 թուականի մարտ ամիսէն ի վեր անցած ժամանակահատուածին, որ կը բնորոշուի քորոնաժահրի համաճարակի ծանր հետեւանքներով։ Բաց աստի, անոնք դիտել տուին, որ Ֆաթիհի քաղաքապետութեան սահմաններէն ներս կը գտնուին բազում համայնքային կառոյցներ՝ յատկապէս Գումգաբուի եւ Սամաթիոյ թաղականները նշեցին, որ իրենց եկեղեցիներուն շուրջ համախմբուած է հոծ թիւով ժողովուրդ։ Այս հանգամանքի լոյսին տակ տուեալ եկեղեցիներու վերաբերեալ խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն շուրջ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Քաղաքապետը ուշադրութեամբ հետեւեցաւ իրեն ներկայացուած տեղեկութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ իրմէ կախեալ լուծումները անյապաղ ապահովելու նպատակով տնօրինել պարտն ու պատշաճը։

Գումգաբուի աղբիւրները կը յիշեցնեն, որ քաղաքապետ Էրկիւն Թուրան մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարան կատարած այցելութեան եւս այս ուղղութեամբ ընդգծած էր իր պատրաստակամութիւնը։ Բաց աստի, քաղաքապետը գնահատեց ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին կողմէ տարուած աշխատանքը։ Այս կտրուածքով եւս ան խոստացաւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ ցուցաբերել աջակցութիւն։

Հուսկ, Խաչիկ Ճանէլ եւ իր ընկերները ի յիշատակ այս այցելութեան գիրք մը նուիրեցին քաղաքապետին։ Քաղաքապետէն հրաժեշտ առնելէ վերջ անոնք այցելեցին նաեւ քաղաքապետարանի մեծ գրադարանը։ Էրկիւն Թուրան ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հրաժեշտ տալէ առաջ իր յարգանքներն ու ողջոյնները փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Խաչիկ Ճանէլին եւ գործակից ընկերներուն։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021