ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ԱՍՈՒԼԻՍ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժշկական-առողջապահական նիւթերու վերաբերեալ ասուլիս մը։ Իր նմաններու շարքին երկրորդ այս երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր։

Աւելի վերջ հանդէս եկան երեք մասնագէտ բժիշկներ, որոնցմէ Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու վարեց երեկոյթը։ Միւս ատենախօսներն էին Տքթ. Արամ Պաքըրճը եւ Փրոֆ. Սեպուհ Քուրուղօղլու։ Այս երեք մասնագէտները հետաքրքրական բացատրութիւններ տուին իրենց ճիւղին շուրջ, մանաւանդ անդրադարձան նորութիւններուն։

Ձեռնարկի ներկաներու շարքին էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեան, մեր համայնքէն բազմաթիւ բժիշկներ, առողջապահութեան մասնագէտներ եւ հետաքրքիրներ։

Երեք ատենախօսները սպառիչ պատասխաններ տուին իրենց ուղղուած հարցումներուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019