ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։ Ներկայ էր նաեւ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։
Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այցելութիւնը, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց թաղականները ու շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Իրենց կարգին, թաղային խորհուրդի նորընտիր անդամներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ փութացին Պատրիարքարան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու նպատակով։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի նորընտիր կազմին՝ յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց անոնց։